ԳլխաւորԼրահոս

ԱՂՕԹՔՆԵՐ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ


Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի ծուխերը գոհաբանութեան մաղթանք կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւ օրհնեցին հայկական ու ամերիկեան դրօշակները վերջին երկու շաբաթավերջերուն։
Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը կատարեց դրօշակի օրհնութիւն՝ Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։
Իսկ Ուաթըրթաունի (Պոսթըն – Մասաչուսէց) Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան օրհնեց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտներուն կողմէ ներկայացուած դրօշակները Ուոթըրթաունի (Մասաչուսէց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Երկու հայկական դրօշակներ օրհնուեցան, որոնցմէ մէկը եկեղեցւոյ դրօշաձողին համար էր, իսկ միւսը յանձնուեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Պոսթընի մասնաճիւղին՝ ի գնահատութիւն դրօշակի օրհնութեան անոր մասնակցութեան եւ համայնքի ծառայութեան։

Գոհաբանութեան մաղթանքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առաջին հանրապետութեան 101ամեակին առիթով, ինչպէս եւ դրօշակներու օրհնութիւնը տեղի ունեցան Կիրակի, Մայիս 26-ին, Փրովիտենսի (Ռոտ Այլընտ) Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Փրովիտենսի մասնաճիւղի անդամներ՝ Յարութ Թաշեան եւ Թալին Տօնոյեան դրօշակները տեղադրեցին խորան։ Հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ նաեւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն ինկած հերոսներուն, ինչպէս եւ Արցախի պայքարի նահատակներուն համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button