Հ.Ե․Դ․ «Ահազանգ» Նախաձեռնութեան Անդամներու Նստացոյց
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 19-ին, Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան նստացոյցը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր: «Նստացոյցը պիտի շարունակենք մինչեւ քուէարկութիւն: Բոլոր փաստարկները, տեսակէտները ներկայացուած են բոլոր կարելի եղանակներով, կը մնայ, որ պատգամաւորները, որ կողմ պիտի քուէարկեն այս նախագիծին, հասկնան այս բոլորին հետեւանքները: Անոնք կը ներկայացնեն ամբողջ ժողովուրդը, այլ ոչ թէ միայն մէկ շերտը: Հիմա հասկցանք, որ այդ փորձը ձախողեցաւ: Եթէ պատգամաւորներէն ոեւէ մէկը կը միանայ, նոյնը անոնց կ՛ըսենք: Մեր բոլոր գործողութիւնները կախուած են միւս կողմի գործողութիւններէն», ըսաւ նախաձեռնող խումբին անդամներէն Քրիստինէ Վարդանեանը, որ նաեւ կոչ ուղղեց այս հարցով մտահոգներուն, կազմակերպութիւններուն, որ գործնական քայլերու դիմեն, որովհետեւ հիմա իսկական տեղն ու ժամանակն է պայքարելու եւ թոյլ չտալու, որ Հայաստան ընթանայ սխալ ուղիով: «Կոչ կ՛ուղղենք գալու այստեղ եւ այնպէս ընելու, որ օրէնքի նախագիծը օրէնքի ուժ չստանայ», շեշտեց ան եւ աւելցուց, թէ ունին մէկ ու հիմնական պահանջ` քուէարկութեան ատեն դէմ քուէարկել Հարկային օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին` հասկնալով անոր հետեւանքները, նաեւ այն, որ ատիկա ժողովուրդին մեծամասնութեան համար մեծ հարուած է:

