Լրահոս

Հ․Յ․Դ․- “Բարգաւաճ Հայաստան” Հանդիպում

ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 17-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ, “Բարգաւաճ Հայաստան” կուսակցութեան ղեկավարութեան հետ տեղի ունեցաւ միջկուսակցական հանդիպում, որուն Հ․Յ․Դաշնակցութեան կողմէ մասնակցեցան Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանը եւ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու համակարգող Արծուիկ Մինասեանը: “Բարգաւաճ Հայաստան” կուսակցութեան կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահէ Էնֆիաճեանը եւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գէորգ Պետրոսեանը:

Քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, յատկապէս անդրադարձ կատարուեցաւ ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքական ներկայ իրավիճակին եւ ընթացիկ զարգացումներուն: Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը շարունակէ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շարքը` հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ երկրի հասարակական ու քաղաքական կեանքին համար կարեւոր հարցերու պարունակին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button