Լրահոս
Քոլորատոյի Մէջ Ապրիլ 2019-ը Հռչակուած Է «Ցեղասպանութեան Իրազեկման Ամիս»

denver; colorado; denverite; kevinjbeaty; capitol building; gold dome;
ՏԵՆՎԸՐ․- Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի նահանգապետ Ճարետ Փոլիս ստորագրած է Ապրիլ 2019-ը «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս» յայտարարելու մասին հռչակագիրը:
Հռչակագիրին մէջ այլ ցեղասպանութիւններու շարքին յղում կը կատարուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հռչակագիրով կ՛ընդգծուի ցեղասպանութեան հարցերով կրթութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղուի ոճրագործներուն, որոնք մինչեւ հիմա կը հերքեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնը:

