ԳլխաւորԼրահոս

Հանդիպում` Ա․ Մ․ Ն․-ի Դեսպան Թրէյսի – Հ․Հ․ Վարչապետ Փաշինեան


ԵՐԵՒԱՆ․- Մարտ 23-ին, Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:
Հանդիպումի ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լին Թրէյսի միտքեր փոխանակեցին նաեւ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման եւ շրջանային նշանակութեան այլ նիւթերու շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Թրէյսին, շնորհաւորեց զայն նոր պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւններ դիւանագիտական առաքելութեան մէջ: Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, այդ կարգին` քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ: Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն կը շարժի ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման, փտածութեան, մենաշնորհներու դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խօսքի ազատութեան ուղղութեամբ ու կարեւոր նկատեց նշուած մարզերուն մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութիւնն ու միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Լին Թրէյսի նշեց, որ իրեն համար պատիւ է հանդիպիլ վարչապետ Փաշինեանին եւ վերահաստատել Միացեալ Նահանգներու ամուր աջակցութեան յանձնառութիւնը ինքնիշխան Հայաստանին` ժողովրդավարական օրակարգի, հակափտածութեան ջանքերու, տնտեսական ու շրջանային, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ շարունակական համագործակցութեան հարցերուն մէջ: Թրէյսի վստահեցուց, որ պաշտօնավարման ընթացքին, ամէն ճիգ պիտի թափէ
անհրաժեշտ բոլոր ջանքերը` նպաստելու նաեւ երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button