Բարերար Լուիզ Սիմոն-Մանուկեանի Մահը
85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախկին նախագահուհի, ծանօթ հայ բարերար Ալեք Մանուկեանի աղջիկը՝ Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան։
Ծնած է 1933-ին Տիթրոյթի մէջ։ Ամուսնանալէ ետք Արման Սիմոնի հետ՝ ապրած է Նիւ Եորք։ Իր հօր նախագահութենէն ետք, 1989-ին դարձած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նախագահուհի եւ բերած է մեծ նպաստ աղէտեալներուն: Անոր ծնողները հիմնած էին «Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան» հիմնադրամը, որ յետագային պիտի վերանուանուէր «Մանուկեան-Սիմոն» հիմնադրամ, 2007-ին 1,2 միլիոն տոլար կրթաթոշակ յատկացուցած է Միշիկընի համալսարանի հայ ուսանողներուն։ 1979 թուականին Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան ծառայութեան անցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Արեւմտեան թեմին մէջ, եղած է առաջին կին ծառայողը։ 2000-ին Լուիզ Սիմոն-Մանուկեան եւ իր եղբայրը՝ Ռիչըրտ Մանուկեան 2 միլիոն տոլար նուիրած են Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան։

