Յօդուածներ

Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայաստանի Ազատագրութեան Յանդուգն Կամքը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

17 յուլիս 1994-ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին վախճանեցաւ, 24 դեկտեմբերին դագաղով Հայաստան տարուեցաւ, 26 դեկտեմբերին պաշտօնական շուքով յուղարկաւորութեան արժանացաւ եւ իր պաշտած հայրենի հողին գիրկը վերջնական հանգիստը գտաւ բառին ամբողջական իմաստով ՄԵԾ ՀԱՅ մը` ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ-ի ճառագայթող դէմքով, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան:

Ամէն բանէ առաջ եւ վեր` հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «Անկեղծ զինուոր»-ն է ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ համայն պահանջատէր հայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան:

Իր ոգեղէն անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ նկարագրին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անվեհեր յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի արժանաւորութեամբ ընդունեց եւ վստահեցաւ տարաբախտ մեր ընկերոջ:

Հայրենի հայութիւնը գրկաբաց ընդունեց «տուն դարձ»-ը իր գաղափարապաշտ զաւակին եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող աւանդը պայծառակերպած նուիրեալներէն Հրայր Մարուխեանի:

Advertisement Subscribe Today

24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան բարձրաձայն վկան դարձան հայոց ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն անարդարութիւններէն ու անիրաւութիւններէն մէկը սրբագրելու մեր ժողովուրդին հաւաքական վճռակամութեան:

Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ազգի եւ հայրենիքի արժանաւոր նուիրեալը դիմաւորելու եւ իր յաւիտենական հանգիստին արժանացնելու համար: Այդպիսո՛վ Հրայր Մարուխեանը արժանացնելով պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տուն դարձ»-ի փառքին` հայրենի հայութիւնը իր հատու պատասխանը տուաւ եւ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեանը իր պաշտած հայրենիքէն վտարելու անարժան հրամանագրին:

Ընկեր Հրայր Մարուխեանի գաղափարական դիմանկարի ուրուագծման դիտանկիւնէն, յատկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունի անոր անձին եւ անոր սերնդակից ու պաշտօնակից ընկերներուն հաւաքական արժեւորումը` իբրեւ ՀՅԴ հաւաքական ղեկավարութեան մեծ աւանդին մարմնաւորում տուած նուիրեալներու, որովհետեւ անոնք միասնաբար հանդիսացան տարագիր Դաշնակցութեան կեանքին մէջ սերնդափոխութիւն յառաջացնելու շարժումին ղեկավարները` հաւաքական մտածողութիւն զարգացնելով եւ հաւաքական ղեկավարութեամբ առաջնորդելով արդէն սփիւռքեան դիմագիծ առած ՀՅԴ կազմակերպութիւնը: Անոնց գաղափարական ներդրումին ու կազմակերպական ղեկավարման ոճին արգասիքը եղաւ ՀՅԴ Բիւրօ անուն դաշնակցական մարմինին բարոյական հեղինակութեան բարձրացումը:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեան անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի կեանքին վրայ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button