
Կիրակի, Հոկտեմբեր 21-ին, բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի երկրորդ՝ «Lights, Camera, Stories» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Բաշալեան» սրահին մէջ, Մայր Եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի անդամներուն՝ Տիանա Մխիթարեան, Գարմէն Կիւլպէնկեան, Թամար Լագիսեան եւ Մովսէս Մուսայէլեան։
Երգիչ-յօրինող՝ Յուշեր կոմիտասեան երկու երգեր մեկնաբանեց՝ երգահան Սերուժ Պաղտասարեանի մշակումով։ Այդ երգերը ներկայացուած են Պարէտ Մարոնեանի «1915ի կիներ» փաստանկարին մէջ, որ այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ։ Ապա տեղի ունեցաւ զրոյց մը ներկաներուն եւ բեմադրիչին միջեւ։

Յաջորդաբար, Մարոնեան ներկայացուց Cultural Impact Foundation ոչ-շահաբեր կազմակերպութեան եւ հայկական թեմաներով ժապաւէններ արտադրող Armenoid Productionsի նորակազմ գործընկերութիւնը։ Ան նաեւ ունկնդիրներուն տեղեկութիւններ տուաւ իր յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին. “Titanic Love” (Տիտանական Սէր) փաստանկար մը՝ «Թիթանիք» նաւը գտնուած վեց հայերու մասին, եւ “Bloodless” («Անարիւն»), այլ վաւերագրական մը որ Հայաստանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» նուիրուած պիտի ըլլայ։

Cultural Impact Foundation-ի հիմնադիր ու հոգաբարձութեան պատուոյ անդամ Էտ Կիւլպէնկեան նկարագրեց հիմնարկութեան առաքելութիւնը եւ հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի բերեն իրենց զօրակցութիւնը։ Լսարանին հակազդեցութիւնը ձեռնարկը վերածեց ինքնաբուխ հանգանակութեան։ Յիշատակելի նուիրատուութիւններ ու խոստումներ իրարու յաջորդեցին, եւ ձեռնարկի աւարտին բարձր տրամադրութիւն մը կը տիրէր բոլոր ներկաներուն մէջ։

