ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ (POLIOMYELITIS)
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Poliomyelitis բառացիօրէն կը նշանակէ ողնուղեղային լուծանք: Սակայն ան ընդհանրապէս անուանուած է «մանկական ողնուղեղային լուծանք» կամ «մանկական անդամալուծութիւն»:
Մանկական անդամալուծութիւնը վարակիչ բորբոքումային հիւանդութիւն մըն է, որուն յարուցիչը Փօլիօ ժահրն է, որ գտնուած է 1908-ին:
Այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր տարիներ առաջ: 19րդ եւ 20րդ դարերուն ան համաճարակի վերածուած է:
Փօլիօ ժահրը կը հարուածէ միայն մարդ արարածը առանց տարիքի եւ սեռի խտրութեան: Հիւանդութիւնը կը տեսնուի առաւելաբար մանուկներու մօտ: Փօլիօ ժահրը ունի երեք ենթաբաժանումներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի ախտանշաններ: Առաջին տեսակը ամենէն յաճախակին է եւ ամենէն աւելի վարակիչը:
Փօլիօ ժահրը կը կեդրոնանայ եւ կ՚ապրի կոկորդին, ըմբանին եւ աղիքներուն մէջ: Անոր թխսաւորումը (incubation) կրնայ տեւել 7 – 15 օր: Թխսաւորումի ժամանակամիջոցին ժահրը կեդրոնացած կ՚ըլլայ կոկորդին եւ կղկղանքին մէջ: Ախտանշաններու սկսելէն ետք ան կը մնայ կոկորդին մէջ 1-2 շաբաթ եւ կղկղանքին մէջ 3 – 6 շաբաթ: Հետեւաբար ենթական այս 6 շաբաթներու ընթացքին իր մէջ կուտակուած ժահրերը կրնայ տարածել իր շրջապատին մէջ:
Վարակումէն ետք անհատը կ՚ունենայ վարակամերժութիւն (immunity), որուն պատճառով վարակուած անհատին արեան մէջ կը զարգանան որոշ հակամարմիններ (antibodies): Այս հակամարմինները կը կեդրոնանան նշիկներուն եւ աղիքներուն մէջ ու կը պայքարին Փօլիօ ժահրերուն դէմ: Անոնք կը կասեցնեն ժահրերուն բազմացումը եւ տարածումը դէպի կեդրոնական նեարդային համակարգ: Փօլիօ ժահրի երեք ենթաբաժանումներուն դէմ մարմնին մէջ կը զարգանան երեք տարբեր տեսակ վարակամերժութիւն:
Այս հիւանդութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով՝
- Թեթեւ անցողակի հարբուխի նման հիւանդութիւն.
- Ծանր հիմնական հիւանդութիւն, ուր նեարդային կեդրոնական համակարգը կը վնասուի եւ զանազան տեսակի ախտանշաններ կը յայտնուին անդամալուծութեամբ եւ կամ առանց անդամալուծութեան:
Ընդհանուր առմամբ վարակուողներուն 90 – 95 տոկոսը ախտանշաններ չեն ունենար: 5 – 10 տոկոսը կ՚ունենան անցողակի հարբուխի եւ կռիփի նման թեթեւ ախտանշաններ, օրինակի համար՝ ջերմ, գլխու ցաւ, փսխունք, փորհարութիւն եւ մկանային ցաւեր: Այս ախտանշանները վարակումէն 15 օր ետք կ՚անհետանան եւ ենթական կ՚ունենայ բնական կեանքի ընթացք: Իսկ վարակուողներուն մէկ տոկոսը կ՚ունենան նեարդային կեդրոնական համակարգի վնաս, որ կը յայտնուի երկու ձեւերով
- Առանց անդամալուծութեան ապանեխական (aseptic) ուղեպատեանատապ (meningitis), որ կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով՝ գլխացաւ, վիզի, սրունքներու եւ բազուկներու ցաւ, ջերմ, փսխունք եւ յոգնածութիւն:
- Միակողմանի կամ երկկողմանի անդամալուծութեամբ, որ կրնայ ըլլալ ողնածուծային (spinal), կոճղիզային (bulbar), կոճղիզա-ողնածուծային, (bulbospinal) եւ կամ ուղեղային (cerebral), համաձայն կեդրոնական նեարդային համակարգի ախտահարուած բաժնին: Ուղեղայինը ընդհանրապէս կը պատահի մանուկներու, որոնք կ՚ունենան՝ շուարած վիճակ, ցնցումներ եւ պրկուածութիւն: Ողնածուծայինը ամենէն յաճախակի տեսակն է, որ կրնայ ըլլալ՝ պարանոցային (cervical), լանջային (thoracic) եւ կամ գօտկային (lumbar) համաձայն ողնածուծի ախտահարուած բաժնին:
Անդամալուծութեան յատկանշական ախտանշաններն են՝
- Մկանային տկարութին, թուլութիւն, պրկում.
- Բազուկներու, ձեռքերու, սրունքներու եւ ոտքերու անշարժութիւն.
- Մորթի գերզգայութիւն (hyper-esthesia) կամ տարզգայութիւն (paresthesia).
- Անմիզութիւն.
- Կլլելու դժուարութիւն.
- Քթային ետհոսք եւ ռնգաձայն (rhinolalia).
- Շնչառական-թոքային դժուարութիւն
Փօլիօ ժահրի փոխանցումը անձէ անձ տեղի կ՚ունենայ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն: Քանի որ ժահրը կ՚ապրի կոկորդին եւ լորձունքին մէջ հետեւաբար ան անձէ անձ կը փոխանցուի բերանէ-բերան,
յատկապէս համբուրելով: Իսկ անուղղակի փոխանցումը տեղի կ՚ունենայ ժահրով հարուստ կղկղանքի գոյութեամբ: Ըմպելի ջուրը եւ սննդեղէնները կրնան վարակուիլ այս ժահրով, երբ անոնք ուղղակի հանդիպում ունենան ժահրոտ կղկղանքին հետ: Ճանճերը կը գործեն որպէս փոխադրամիջոց: Անոնք նստելէ ետք ժահրոտ կղկղանքին վրայ կը փոխադրեն ժահրը ըմպելի ջուրերուն եւ կերակուրներու վրայ: Ուստի մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ Փօլիօ ժահրով վարակուիլ, երբ խմէ վարակուած ջուրը եւ կամ ուտէ վարակուած կերակուրները:
Փօլիօ ժահրը հասնելէ ետք կոկորդ կը կեդրոնանայ մօտակայ աւշագեղձերու մէջ, ուր կը բազմապատկուի ապա կը մտնէ արեան շրջագայութեան մէջ, այսինքն տեղի կ՚ունենայ ժահրա-արիւնութիւն (viremia): Այս հանգրուանին կը յաջորդէ հակամարմիններու յառաջացումը եւ ախտանշաններու յայտնութիւնը: Ժահրը արեան ճամբով կը հասնի մարմնի ծայրամասային ջիղերուն (peripheral nerves) եւ նեարդային կեդրոնական համակարգին:
Իսկ ծայրամասային ջիղերու ժահրերը կրնան ուղղուիլ դէպի ուղեղ եւ վարակել ուղեղը:
Այս հիւանդութեամբ վարակուող անձերու կղկղանքը 2-3 ամիս կը դառնայ Փօլիօ ժահրի շտեմարանը: Անոնք կը դառնան կրողներ (carriers) եւ հետեւաբար այս ժամանակամիջոցին անոնք կրնան տարածել ժահրը եւ հիւանդութիւնը իրենց շրջապատին: Փօլիօ ժահրով վարակուած անձը դիւրաւ կը տարածէ այս ժահրը իր շրջապատին մէջ իր ախտանշանները սկսելէ 7 – 10 օր առաջ եւ վերջ:
Յղութեան ընթացքին մօր հակամարմինները կ՚անցնին արգանդի փառէն (placenta) դէպի սաղմ (fetus) եւ հետեւաբար նորածինը առաջին 3 ամիսներուն պաշտպանուած կ՚ըլլայ այս ժահրին դէմ:
Մանկական անդամալուծութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի երկու միջոցներով՝
- Կղկղանքի եւ կոկորդի-լորձունքի քննութեամբ, ուր կը փաստուի Փօլիօ ժահրի գոյութիւնը.
- Արեան քննութեամբ, ուր կը փաստուի Փօլիօ ժահրին դէմ հակամարմիններու գոյութիւնը.
Մանկական անդամալուծութեամբ վարակուած հիւանդներ, անկախ վերոյիշեալ ախտանշաններէն, կրնան ունենալ նաեւ հետեւեալ բարդութիւնները՝
- Մարմնական ձեւափոխութիւններ (deformation), մասնաւորապէս՝ սրունքներու, բազուկներու, ձեռքերու եւ ոտքերու, որոնք հետեւանքն են անշարժութեան.
- Ոսկրափխրում (osteoporosis) եւ ոսկրային կոտրուածքներ.
- Թոքային բորբոքումներ, թոքատապ, թոքի ջրուռեցք (pleurisy) եւ շնչառական դժուարութիւն.
- Սրտաբորբ (carditis).
- Աղիքներու ծուլութիւն եւ փորի պնդութիւն.
- Սրունքներու երակախցում (vein thrombosis).
- Մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock).
Փօլիօ ժահրի վարակումով անդամալուծութեան մատնուող հիւանդներուն երկու երրորդը կ՚ունենայ մնայուն-յարատեւ որոշ մարմնական տձեւութիւններ, ձեւափոխութիւններ եւ տկարութիւններ: Իսկ բարդութիւններու մահացութեան տոկոսը (mortality rate) կրնայ հասնիլ 20-ի չդարմանուելու պարագային:
Մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանամիջոց չկայ, սակայն կը գործածուին կողմնակի օժանդակ (supportive) միջոցներ, օրինակ՝ ցաւազերծ դեղեր, մարզանք եւ վերականգնումի (rehabilitation) միջոցառումներ: Երիկամներու կամ թոքերու բորբոքումներու պարագային կը գործածուին հակամանրէական դեղեր: Իսկ ստոծանիի եւ կրծքավանդակի մկաններու անդամալուծութեան պարագային շնչառութեան օգնական սարքի (respirator) գործածութիւնը կը դառնայ պարտաւորիչ:
Հակառակ որ մանկական անդամալուծութեան դէմ յատուկ դարմանումի միջոց չկայ, բարեբախտաբար գոյութիւն ունի անոր դէմ յատուկ պատուաստ մը որ շատ ազդու եւ արդիւնաւոր է: Բոլոր մանուկները ստանալու են այս պատուաստը: Առողջապահական միջազգային կազմակերպութիւնը (ԱՄԿ) մեծ ճիգ կը թափէ հիմնովին արմատախիլ ընելու այս հիւանդութիւնը՝ գործածելով Փօլիօ ժահրին դէմ այս պատուաստը: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ այս պատուաստի գործածութիւնը պարտադիր է: Մանկական անդամալուծութիւնը կանխարգիլելի է անոր գործածութեամբ: Պատուաստը գտնուեցաւ 1950-ին Jonas Salk-ի կողմէ: ԱՄԿ-ը կը յուսայ որ մինչեւ 2018 մանկական անդամալուծութիւնը բոլորովին պիտի անհետանայ:


