ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ ՅՍՏԱԿ Է

0 0
Read Time:2 Minute, 34 Second

Ա. Ա.

Հայաստան- Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Ցիւրիխեան փաստաթուղթը չեղեալ հռչակուելէն ի վեր՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսքան անկեղծ եւ յստակ յայտարարութիւն չէր կատարած։Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Կովկասեան Իսլաամական Բանակին կողմէ Պաքուի «ազատագրման» հարիւր ամեակին, Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական պայման մըն է, որպէսզի Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ Երեւանի հետ։Ան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիա իր սահմանները բնաւ պիտի չբանայ՝ իր հարեւանին հետ, այնքան ատեն, որ հայկական ուժերը վերջ չեն տուած ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման։
Ատրպէյճանի մայրաքաղաքէն արձակուած այս կէս սպառնական ոճով հաստատումը անշուշտ նորութիւն մը չէ։Անոր էութիւնը գոյութիւն ունէր առաջին իսկ օրէն, այն վայրկեանէն, երբ չարաբաստիկ պահուն Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցաւ հայեւթուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման տխրահռչակ համաձայնագիրը։Ապա տարբեր առիթներով՝ թէեւ ոչ այսքան յստակութեամբ, ըլլայ Էրտողան, ըլլայ ուրիշներ նախապայման համարեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ի նպաստ Ատրպէյճանի լուծումը, այսպէս ըսուած ազրպէյճանական գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը, ատրպէյճանցի «գաղթական»ներու իրենց բնակարանները վերադարձը, որպէսզի պետական շրջափակման ենթակայ Հայաստանի հետ թրքական սահմանները բանային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սկսէին։
Էրտողան նաեւ Խոճալուի ողբերգական դէպքերը շահագործեց՝ ակնյայտօրէն ցեղասպանի մը իրաւայաջորդի ցայտուն հոգեբանական իրավիճակը առաւել ցոյց տալով, երբ խօսեցաւ այդ դէպքերուն մասին ու զանոնք որակեց ցեղասպանական ոճիր մը։
Խոճալու կը գտնուի Շուշիէն եւ Ստեփանակերտէն դէպի Աղտամ տանող ճամբուն վրայ եւ մինչ 1992ին Արցախեան գոյապայքարը վերածուած էր ամբողջական պատերազմի մը, արցախցիները որոշեցին Խոջալուն ազատագրել, որովհետեւ իրենց գոյատեւման համար կենսական էր շրջանին մէջ միակ օդակայանը ունեցող այս աւանին վրայ հակակշիռ ունենալ։Այդ ժամանակ Արցախ ցամաքային կապերէ զուրկ էր՝ Հայաստանի հետ, եւ ենթակայ էր ամբողջական շրջափակման մը, Ատրպէյճանի կողմէ։
Խոճալուն նաեւ վերածուած էր Ստեփանակերտը ռմբակոծելու կէտը եւ օրէ օր առաւել կը շեշտուէր այս փորձանքէն փրկուելու համար ազդու միջոցներու դիմելու հրամայականը։Խոճալուն ազատագրուեցաւ Փետրուար 1992-ին եւ տեղւոյն ատրպէյճանցի բնակչութեան առիթ տրուեցաւ մարդասիրական անցքէ մը դուրս գալ աւանէն։
Խոճալուի ողբերգական դէպքերուն մասին բաւական տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին եւ որոնք կը խօսին պատերազմական իրավիճակի մը մէջ քաոսին մասին, ուր ինչպէս այդ օրերու Ատրպէյճանի նախագահ Այազ Մութալիպով 2 Ապրիլ 1992ին ռուսական Նեզավիսիմայա Կազեթա օրաթերթին տուած իր հարցազրոյցին մէջ յստակօրէն կը շեշտէ, ատրպէյճանական ուժեր կուրօրէն կրակ բացին եւ սպաննեցին այն ատրպէյճանցիները, որոնք կը ջանային խոյս տալ։ Մութալիպով կ՛ամբաստանէ իր ընդդիմադիրները, որոնք կազմակերպեցին Խոջալուի ջարդերը, որպէսզի զինք տապալեն։
Կայ այլ կարեւոր հանգամանք մը։ Խոճալուի ազատագրումէն ետք, հայկական ուժերը արտօնեցին, որ ատրպէյճանական կողմը սպանեալներուն դիակները հաւաքէ։Եւրոպացի ականաւոր մասնագէտներ դիտել կու տան, որ ցեղասպանութիւն գործած կողմը, ինչ տրամաբանութեամբ թոյլ պիտի տար, որ իր զոհերուն դիակները հաւաքէին։Նման քայլ անշուշտ որ անվիճելի փաստերու եւ ապացոյցներու հաւաքագրումը պիտի ըլլար եւ հայկական կողմին համար բնաւ ձեռնտու չէր ասիկա։
Հիմա՝ Պաքուէն Խոճալուի ողբերգական դէպքերուն անդրադառնալով, Էրտողան կը յայտարարէր, թէ ան որ ցեղասպանութիւն գործած է, իրաւոնք չունի Թուրքիոյ պատմութեան դասեր տալու։Եւ տրամաբանութիւնը յստակ է։էրտողան՝ թէկուզ խոցելի վիճակով մը, կարիքը ունի մնայուն կերպով յիշեցնելու, թէ Թուրքիա ցեղասպանութիւն չէ գործած՝ ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն ու հայկական Կիլիկիան իր բնիկ հայ բնակչութենէն պարպելով եւ զանոնք Սուրիոյ ու Միջագետքի անապատները քշելով։
Ատրպէյճանի մայրաքաղաքէն նման կեցուածք յայտարարելով՝ Էրտողան երկու կէտ առաւել կը յստակացնէ։Առաջինը,թէ ցեղասպանութիւն ծրագրած ու գործադրած Երիտասարդ Թուրքերու համաթուրանական ախորժակները ունի։Երկրորդ՝ Խոճալուի ողբերգական դէպքերու շահագործմամբ, կը ջանայ ներկայանալ իբրեւ ատրպէյճանցիներու «դատ»ին պաշտպանը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ցեղասպանի իրաւական յաջորդ ըլլալու իրողութիւնը պարտկելու հոգեբանական խոց մը։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles