
Վերջերս նշուեցաւ քառասունքը, Խոսրով Ատանալեանի (Ուինչեսթըր, Մասարուսէց) որ մահացած էր Օգոստոս 6-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
՛՛Հայրենիք՛՛-ի մօտիկ բարեկամ էր Խոսրով եւ հետեւողական բաժանորդ։
Ծնած Հոկտեմբեր 7, 1938-ին Հալէպի մէջ, ան զաւակն էր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Ուրֆայէն Սուրիա ապաստանած Լուսինէին եւ Կարապետին։
Իր ուսումը Հալէպի Մխիթարեան վարժարանէն ներս ստանալէն ետք, Խոսրով իր ծնողքին հետ կը հաստատուի Պէյրութ, եւ հազիւ քսան գարուններ բոլորած մուտք կը գործէ ոսկերչական եւ յարգի ժամացոյցներու ասպարէզէն ներս։
Այս պատճառով, ան բաւական մը ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի եւրոպա։ Կարճ ժամանակաշրջան մըն ալ, ան կ՛ապրի Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ։ Այս ծանօթութիւններն ու իր արհեստէն ներս մասնագիտանալը պատճառ կը դառնան որ ան հաստատուի Միացեալ Նահանգներ։
Առաջին հերթին Նիւ Ճըրզի, ապա Պոսթըն հաստատուելէն ետք,ն ընտանիք կը կազմէ Լինտա Ռուսեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակներով՝ Կարօ եւ Սեւան։
Ան յատուկ սէր ունէր գրականութեան, մշակոյթի եւ արուեստի հանդէպ։ Մալխասի ՛՛Զարթօնք՛՛-ը իր նախասիրած գործերէն մէկն էր։ Եօթանասունականներուն, ան Եղաւ Պոսթընի ՛՛Համազգային՛՛-ի հիմնադիրներէն մէկը։
Խոսրով Ատանալեան տարիներ շարունակ անդամակցած էր Հ․Յ․Դ․-ին։