
Յուլիս 11-ին, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ սրտաբան բժիշկ Յարութիւն Քէօշէեանի: Ուրբաթ, Յուլիս 6-ին, յետմիջօրէի ծովեզերեայ ընտանեկան հանգիստէ մը ետք, ան 66 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած էր, որուն պատճառը քանի մը օր առաջ հեծանիւէ իյնալու հետեւանքով ներքին արիւնահոսութիւնն էր: Հանգուցեալ բժիշկը դժբախտ պատահարէն ետք հիւանդանոց չէր դիմած, խորհելով որ լուրջ բարդոյթներ չկան:
Յարութիւն Քէօշէեան ծնած է Աղեքսանդրիա՝ Եգիպտոս: Զարմիկը՝ հանգուցեալ տիկին Սօնա Գազանճեանի (ծնեալ Քէօշէեան): Տասնըվեց տարեկան հասակին Վենետիկ հասնելով, տեղւոյն Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանն աւարտած էր ան, ապա կրթութիւնը շարունակած Փատովայի բժշկական համալսարանը եւ մասնագիտացած ընդհանուր բժշկութեան բնագաւառէն ներս։ Աւելի ուշ մասնագիտացած սրտաբանութեան մէջ:
Տեղական իտալական մամուլը, վկայակոչելով զինք ճանչցողները, կը յայտնէ, թէ ան շատ վեհանձն ու մարդասէր անձնաւորութիւն եղած է, ճամբուն հանդիպած կարիքաւորին օգնութեան փութացող: Բարեսիրական իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւններէն յիշատակելի է Սպիտակի 1988-ի երկրաշարժին հետեւանքով որբացած բազմաթիւ երախաներու ընձեռած օգնութիւնը: Իբրեւ հպարտ հայորդի, ան Վենետիկի եւ շրջակայքի հայ համայնքի գործօն անդամ էր, Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան հայրերու վստահելի բժիշկը: Խոր սէր ունեցած է երաժշտութեան, ինչպէս Վենետիկի հանդէպ, որուն նուիրուած երգ իսկ յօրինած է հանգուցեալը:
Ան անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Ամուսնացած էր եւ ունէր երկու զաւակ՝ Ազատ եւ Զապէլ։