
Արմենակ աներեւութացեր էր: Հեռաձայնեց: Ժամադրուեցանք Օփերայի սրճարանը:
Շոգին դարմանը սառնորակ ջերմուկն է: Շիշերը եւ սուրճը բերին: Էլպիս եւ Մակարուհին կը խօսէին լոլիկի, սմբուկի, դդումի, պղպեղի եւ ձմերուկի առատութեան մասին: Արմենակ բաժակ մը ջուր կուլ տալէ եւ ումպ մըն ալ սուրճով հանգստանալէ ետք, հեռատեսիլի պէս պատմեց:
– Երեք օր, Արման բարեկամիս տղուն՝ Հայրոյի հետ Երեւանի շուրջի թաղերը գացինք, ապա քիչ մը հեռու գիւղերը: Խօսեցայ մարդոց հետ: Հիւրասէր են եւ իրենց տան առջեւի որթատունկի խաղողով եւ այգիի պտուղներով պատուեցին մեզ:
– Կը տեսնես, երկրին մէջ լաւ բաներ ալ կան,- ըսի:
– Կան: Երբ մօտենաս, զարմացնող բաներ կ’ըսեն:
– Արմենա՛կ, դեռ զարմանալու յատկութիւն ունի՞ս:
– Եթէ պեղես, կը զարմանաս: Քիչ մը հեռու գիւղ մը գացինք: Դպրոց կար, մշակոյթի տուն, եւ ճամբու եզրին խանութներ: Ճաշարան մըն ալ կար, կանգ առինք զովանալու եւ պատառ մը հաց ուտելու: Ուրիշներ ալ կային: Երբ հասկցան, որ սփիւռքահայ եմ, հետաքրքրուեցան: Սեղանները միացուցինք:
– Ժողովուրդը մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցար:
– Ես ալ հետաքրքրուեցայ իրենցմով, հարցումներ ուղղեցի: Եւ չլսուելիք բաներ լսեցի:
– Ուրեմն թերթերու, հեռատեսիլի եւ ղեկավարներու չըսածը լսեցիր:
– Ճի՛շդ: Երիտասարդ կին մը կ’ուզէր իր տունը վաճառել եւ Մոսկուայէն բնակարան գնել, հոն գրանցելու համար պատանի զաւակը, որպէսզի հոն ուսում ստանար եւ զինուոր չ’ըլլար, քանի որ զինակոչիկները կը ղրկուէին ճակատ եւ շատեր կը մեռնէին:
– Այդպէս կ’ըլլան մայրերը:
– Հապա ի՞նչ են հերոսներու մայրերու վկայութիւնները: Ինչե՜ր կ’երգուին: Ի՞նչ բանի համար են ծովածաւալ հանրահաւաքները, եթէ հայ մայրերը Մոսկուա պիտի փախցնեն իրենց զաւակները: Ըսաւ, որ շատեր այդպէս կ’ընեն, ուրիշներ ալ մեղսակցութիւններով բանակ չեն երթար:
– Միշտ ալ այդպիսիներ եղած են, Արմենա՛կ, բայց չե՞ս տեսներ խանդավառ երիտասարդները: Մէկ պարագայ կանոն չէ:
– Կը մտածե՞ս, Մակա՛ր, որ եթէ այդ հոգեբանութիւնը կայ, ի՞նչ կ’ըլլան բանակը եւ ազգը: Սեղանին շուրջ միջին տարիքի թիկնեղ մարդ մըն ալ կար: Հպարտութեամբ ըսաւ, որ ինք յաճախ Ամերիկա կ’երթար: Հարցուցի, որ շատերու պէս ինք ալ Լոսի մէջ տուն ունէ՞ր: Ըսաւ ո՛չ, ես տուն ունիմ Մայամի… Լեզուս խածի եւ չխօսեցայ: Հարոյին ըսի՝ երթանք: Սիրտ չունէի ոչ գիւղ ոչ վանք տեսնելու:
– Ինչո՞ւ կը զարմանաս եւ կը յուզուիս:
– Զիս ձեռք մի՛ առներ: Սփիւռքի թոշակառուն կ’օժանդակէ հիմնադրամին: Հայաստանի քաղաքացին Մայամի տուն կը գնէ, կը քանդէ եւ սփիւռքի եւ Հայաստանի հայուն ոգին: Մին պատանի զաւակը հայրենիքի զինուոր չընելու համար զայն կը փախցնէ երկրէն, միւսը տեսնելով հանդերձ իր հայրենիքի դժուարութիւնները Մայամիէն տուն կը գնէ: Ո՞ր հայրենասիրութեան մասին կարելի է խօսիլ:
Պահ մը լռելէ եւ երկար շունչ մը քաշելէ ետք, ըսաւ.
– Դուն գրոց-բրոց ես, գրէ՛ թերթերուն, նամակ գրէ՛ կուսակցութիւններուն եւ անոնց պետերուն, հարցո՛ւր, թէ ի՞նչ կ’ընեն այս աղէտին դիմաց: Հարցո՛ւր, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս տէր պիտի կանգնի երազուած եւ երգուող Հայաստանին:
Ինչո՞ւ Ազգային Ժողովը լսումի չի հրաւիրեր Կեդրոնականցին, որ հայ է, եւ հայրենասէր…
Մակար, 1 սեպտեմբեր 2018, Երեւան