

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Բերնի չորութիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ զանազան հիւանդութիւններու եւ ազդակներու հետեւանքով յառաջացած ախտանշան մը: Ան յաճախակի գանգատ մըն է մարդոց կողմէ: Ան կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի եւ երկու սեռերուն մօտ առանց խտրականութեան:
Բերնի չորութեան պատճառները հետեւեալներն են՝
- Մարմնի ընդհանուր ջրանուազում (dehydration), որ կը յառաջանայ քիչ քանակութեամբ ջուրի սպառումով ու երկարատեւ եւ ուժգին մարմնամարզանքով.
- Լորձունքի նուազ արտադրութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ լորձնագեղձերու ենթագործունէութեամբ եւ մարմնի ընդհանուր ջրանուազումով.
- Շաքարախտ.
- Չոր օդի ներշնչում, մթնոլորտի եւ միջավայրի օդի խոնաւութեան նուազում.
- Ակռաներու փտածութիւն (tooth decay) չափազանց շաքարեղէնի գործածութեան հետեւանքով.
- Մնայուն լինտաբորբ.
- Որոշ դեղեր՝ մասնաւորապէս՝ հակագերզգայնութեան ու հակաճնշուածութեան դեղեր.
- Քաղցկեղի քիմիադարմանման դեղեր եւ Ք ճառագայթային դարմանում.
- Մարմնական որոշ հիւանդութիւններ, օրինակ՝ յուշաթափութիւն- Ալցհեյմերի հիւանդութիւն (Alzheimer’s disease), ուղեղային կաթուած, ձեռքբերովի ախտամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (Aids) եւ մարդկային ախտամերժողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV):
- Վիզի ջիղերու վնաս եւ տկարութիւն, որոնք պատճառ կը դառնան լորձնաբեր գեղձերու ենթագործունէութեան:
- Ալքոլի եւ ծխախոտի երկարատեւ գործածութիւն ու սուրճի առատ սպառում.
- Բերանային շնչառութիւն, որ տեղի կ՚ունեայ քիթի զանազան տեսակի խցումներով, օրինակ՝ քիթի խորշապատի ծռութիւն, քիթի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր, քիթի ընդոծին խցում եւ քիթի երկարատեւ գերզգայնութիւն: Քիթի շնչառութեան ընթացքին ներշնչուած օդը քիթին մէջ կը խոնաւնայ եւ այդպէս կ՚ուղղուի դէպի քթաըմբան, բերանաըմբան եւ ապա թոքեր: Քիթի խցումով անհատը բերնէն կը շնչէ շարունակ ստիպողաբար, ներշնչուած օդը բերնին մէջ չի խոնաւնար եւ հետեւաբար չոր օդը բերանը կը մատնէ չորութեան:

Վերոյիշեալ պատճառներէն առաւելաբար լորձունքի նուազ արտադրութիւնն է որ կ՚առաջացնէ բերնի չորութիւնը: Լորձունքը կակուղ, լպրծուն եւ սահուն կը պահէ ամբողջ բերնի լորձնաթաղանթը (mucous membrane) եւ արգելք կը հանդիսանայ բերնի չորութեան: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի դիւրաւ խօսինք, ծամենք եւ կլլենք:
Լորձունքը կ՛արտադրուի լորձնագեղձերու մէջ: Բնական պայմաններու մէջ ան շարունակ կ՚արտադրուի եւ ապա կը հոսի բերնին մէջ: Մենք տեւաբար եւ անգիտակցաբար կը կլլենք բերնին մէջ գտնուած լորձունքը:
Լորձնագեղձերը կը գտնուին բերնին մէջ: Այս գեղձերը երկու տեսակ են՝ հիմնական եւ երկրորդական լորձնագեղձեր: Հիմնական լորձնագեղձերը մեծ են չափով: Այս խմբաւորումին մաս կը կազմեն ունկնա-լորձնագեղձերը/ունկնագեղձերը (parotid glands), ենթածնօտային լորձնագեղձերը (submaxillary glands) եւ ենթալեզուային լորձնագեղձերը (sublingual glands): Երկրորդական մանր լորձնագեղձերը բազմաթիւ են եւ կը գտնուին քիմքի ամբողջ տարածքին։
Բերնի չորութիւնը կրնայ ըլլալ պարզ, անցողակի, երկարատեւ-մնայուն, յոգնեցուցիչ եւ մտահոգիչ: Ան կրնայ ըլլալ լուրջ հիւանդութեան մը առաջին ախտանշանը:
Բերնի չորութիւն ըսելով կը հասկնանք՝ լեզուի, շրթունքներու եւ կոկորդի չորութիւն:
Բերնի չորութեան որպէս հետեւանք կը պատահին հետեւեալ բարդութիւնները՝ բերնի զանազան տեսակի վէրքեր, լեզուաբորբ, լեզուամաշկ, ծամելու, կլլելու եւ խօսելու դժուարութիւն, բերնի գարշահոտութիւն, համի զգայնութեան փոփոխութիւն եւ տկարացում, ակռաներու փտում, լինտերու գրգռութիւն եւ բորբոքում, շրթնանկիւններու ճեղքրտուք եւ շրթնաբորբ:
Բերնի երկարատեւ չորութեան պատճառով կրնայ յառաջանալ յոռի սննդառութիւն եւ մարմնական ընդհանուր տկարութիւն:

Բերնի չորութիւնը բացայայտ երեւոյթ է: Սակայն շատ մը ախտաճանաչման միջոցներ պէտք է ձեռք առնուին գիտնալու համար ճշգրիտ պատճառը: Լորձնագեղձերու նկարումը խիստ կարեւոր է:
Բերնի չորութիւնը կ՚անհետանայ դարմանելով անոր պատճառները: Յատուկ հեղուկներով բերանը պէտք է սորսորդել (gargle) յաճախ: Մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ենք մեր ակռաներու եւ լինտերու առողջութեան: Խմելու ենք առատ ջուր: Ննջասենեակին մէջ զետեղելու ենք խոնաւացուցիչ սարք: Շրթունքները կակուղ պահելու համար գործածելու ենք յատուկ օծաններ: Նուազագոյն քանակութեամբ ալքոլ եւ սիկարէթ սպառելու ենք եւ կամ բնաւ պէտք չէ սպառենք: Հակագերզգայնութեան եւ հակաճնշուածութեան դեղերը գործածելու ենք ի պահանջեալ յարկին եւ նուազագոյն քանակութեամբ: