Պոյամեան Ընտանիքի Երկրորդ Հաւաք

0 0
Read Time:1 Minute, 5 Second

ՊՈՍԹԸՆ (Մասաչուսէց). – Յուլիս 20-22 ին Պոյամեան Ընտանիքէն աւելի քան յիսուն անդամներ հաւաքուեցան Պոսթընի մէ, նշելու համար իրենց երկրորդ ընտանեկան հաւաքը: Առաջինը տեղի ունեցաւ 2016-ին, Սան Տիէկսյի մէջ:
Այս երկրորդ հաւաքին մասնակցողները ժամանեցին Գանատայէն, Քալիֆորնիայէն, Փէնսիլվանիայէն, Նիւ Եորքէն։ Անոնք միացան ընտանիքի մնացեալ անդամներուն, որոնք կ՛ապրին Մեծն Պոսթընի շրջանին մէջ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Աւետիս Պոյամեանի ծրագրած էր եռօրուայ յայտագիր մը, ներառեալ այցելութիւն մը՝ Պոսթընի Եղեռնի յուշարձանը, ուր առնուեցաւ ընտանեկան խմբանկարը: Այդ օր բոլոր մասնակցողները հագուեցան ճերմակ շապիկ մը, որուն վրայ տպուած էր Զէյթունի քարտէսը, որովհետեւ բոլորին ալ նախահայրերը կու գան Կիլիկիոյ հիւսիսը գտնուող այս պատմական քաղաքէն: Արփի Եուսուֆեանը, որ իր եղբօր Արմէնի հետ տեսաներիզ մը պատրաստած էր ընտանիքի հին եւ նոր պատկերներով, յայտնեց թէ․- ՛՛Այս շաբաթավերջը իր մէջ ամրապնդեց իր գնահատանքը իր ընտանիքի ցուցաբերած սիրոյ եւ յարգանքին՝ հանդէպ մեր մշակոյթի եւ ժառանգութեան՞:
103 տարի առաջ էր որ, Մեծ Եղեռնի պատճառով Պոյամեան Ընտանիքը բաժան բաժան եղաւ: Հերոսական դիմադրութենէ ետք, անոնցմէ ոմանք զոհ գացին, իսկ վերապրողները տարածուեցան աշխարհի չորս կողմը: Պոյամեաններու ներկայ սերունդի անդամները յաջողած են, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան մէջ, միեւնոյն ատեն գործունեայ դեր վերցուցած՝ Ամերիկայի եւ Գանատայի հայկական կեանքէն ներս:
՝՝Այս հաւաքը լաւ առիթ մը եղաւ զօրաւոր կապեր ստեղծելու ընտանիքի երիտասարդ անդամներուն միջեւ եւ անոնց աւելի մօտեցնելու իրենց արմատներուն՝՝, յայտնեց Տոքթ. Յակոբ Եուսուֆեան:
՛՛Մաղթենք որ այս հաւաքը ուրիշներու ալ լաւ օրինակ դառնայ՛՛, աւելցուց Յակոբ Պոյամեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles