
ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց).- Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր 13-ին Նիւ Եորքի «Կրանտ Հայաթ» պանդոկին մէջ, պիտի կատարէ տարեկան մեծարանքի հանդիսութիւնը։
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սթիւ Մեսրոպեան կը յայտնէ, թէ յատուկ յանձնախումբ մը գործի լծուած է կազմակերպելու համար այս տարուայ հանդիսութիւնը, որ առիթ մը պիտի ստեղծէ է քննելու Հայ Դատի վերջին տարեշրջանի գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, քաղաքագէտներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ:
Այս տարուան պարգեւատրուող անձնաւորութիւններն են՝ Քէն Սարաճեան, Թերի Ճորճ եւ Էրիք Եսրայէլեան։


«Վահան Քարտաշեան» շքանշանով պիտի պարգեւատրուի տարիներ շարունակ անաչաօրէն գաղութէն ներս ծառայած Քէն Սարաճեան, իսկ «Ազատութիւն» շքանշանով պիտի պարգեւատրուին «Խոստումը» (“The Promise”) ժապաւէնի բեմադրիչ՝ Թերի Ճորճ եւ արտադրող՝ Էրիք Եսրայէլեան։
Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար հեռաձայնել 201-788-5425 թիւին կամ այցելել https://ancaef.org/gala կայքէջ։