
Յ. Պալեան
Որքա՜ն լաւ եղաւ, որ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ առանց արիւնահեղութեան: Աննախընթաց երեւոյթ մը: Օրինակելի: Բարենիշ պէտք է տալ իշխանութենէ հեռացածներուն եւ նոր պատասխանատուներուն:
Ֆրանսական ասութիւնը կ’ըսէ՝ pourvu que ça dure (քանի դեռ անիկա կը տեւէ): Հայերս հաւատացեալ ենք, կ’ըսենք՝ տա՛ր Աստուած որ տեւէր…
Անհատին եւ հաւաքականութեան համար խիստ կարեւոր է ինքզինք հարցականի ենթարկել, յանդգնիլ այդ ընել, եւ ընդգրկուիլ լաւի, բարիի եւ յառաջդիմութեան ուղիին վրայ, լսելով՝ որպէսզի լսուինք: Ինքզինք հարցականի ենթարկել հոգիի մեծութիւն կ’ենթարկէ, միւսին մէջ հաւասարը տեսնելու մարդկայնութիւն (humanisme): Այս վերաբերումը ապագայակերտ է առաջնորդող ուժերուն համար, նոյնքան կարեւոր՝ պարզ քաղաքացիին համար, որուն անունով եւ որուն համար (ենթադրաբար) կ’ըլլան յեղափոխութիւնները:
Հայաստան տեղի ունեցած Յեղափոխութիւնը եթէ ժողովուրդին համար չէ, ան փուչիկ է, եթէ անոր նեցուկը քաղաքացին չէ, իշխանատենչներու խաղ է: Այդ քաղաքացին հայաստանաբնակ ժողովուրդն է, որ Հայաստան կը պահէ, որ Հայաստանի զարգացման ներուժն է, որ յետ-խորհրդային շրջանը ապրեցաւ կուրծք տալով դժուարութիւններու: Ոմանք տկարացան եւ իրենք իրենց ստիպեցին հեռանալ երազուած անկախ հայրենիքէն: Բոլոր հեռացողները, որոնք խուճապի բանակ են, անպայման երկրին ամենէն դժբախտները չէին, շատերը մեկնեցան քաղքենիացածի պատճառներով, այսինքն՝ աւելի լաւ կեանքի մը հեռանկարով, գիտնալով կամ անգիտանալով, որ այդ արտագաղթ-մեկնումը հայրենալքում էր, որ իրաւ կամ կեղծ շղարշներով ներկայացող օտար աշխարհները հայրենիք չէին, դրախտ ալ չէին: Կը գիտակցէի՞ն թէ ոչ, որ օտար ափերու վրայ իրենց ազգային ըմբռնումներուն եւ արժէքներուն տեղ չկար:
Յեղափոխութիւնը, որուն ժամանակակիցներն ենք, առաջին հերթին, ստեղծումն է հայկական զանգուածային այն ուժին, որ տէր պիտի կանգնի հայրենիքին եւ տիրութիւն պիտի ընէ իր հարազատութեան: Ինչպէս իշխանութիւնները, այնպէս ալ յեղափոխութիւնը, պէտք է գնահատել հայրենատիրութեան յաջողութեամբ: Այսօր եւ վաղը, յեղափոխութիւնը պէտք է չափել զանգուածին բարօրութեամբ, արդար հասարակակարգի ստեղծումով, որպէսզի հայը ինքզինք զգայ տէր եւ ծառայ իր հայրենիքին, աչքերը չյառէ հեռուները, հեռաստանները, որոնք Հայաստան չեն, պիտի չըլլան, մեկնողները պիտի ըլլան հիւր եւ ծառայ սպառողական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, ինչ ալ ըլլան իրենց նուաճումները:
Հայրենատիրութիւն եւ հայրենասիրթիւն կարելի չէ խաղալ ըսելով՝ որ եթէ լաւ ըլլայ կը վերադառնանք:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը պիտի ըլլայ համազգային յեղափոխութիւն, եթէ հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներու դասական մէկդարեայ սփիւռք-օտարութեան վերջ տալու քաղաքականութիւն մշակուի եւ գործադրուի: Այսինքն հայրենադարձութիւնը դառնայ քաղաքական իսկական առաջադրանք եւ ոչ սոսկ երգիչներով յուզուելու պատրաստ սրահները ալեկոծող աղմկարարութիւն: Հայրենադարձութիւնը պէտք է զուգորդել Հայաստանի զարգացման, ստեղծել աշխատատեղեր, երաշխաւորելով ներդրումները՝ քաջալերելով նախաձեռնութիւնները: Զարգացնելու համար Հայաստանի տնտեսութիւնը, եւ ոչ միայն Երեւանի, դիւրութիւններ պէտք է ընծայել մարզերու մէջ կատարուելիք նախաձեռնութիւններու, արտադրական միաւորներու, տրամադրելով տեղ, փոխադրական եւ հարկային դիւրութիւններ, եթէ հնարաւոր ըլլայ՝ նիւթական միջոցներ:
Որպէս արեւմտահայ-սփիւռքահայ, խանդավառութեամբ շարունակուող յեղափոխութենէն ակնկալութիւններ ունիմ, որպէսզի հաւատարիմ մնամ ինքզինքիս, մշակոյթիս, ժառանգած լեզուիս, նաեւ ցարդ պահպանուած անունիս եւ ազգանունիս: Յեղափոխութիւնը դառնալու համար համազգային, պէտք է հետամտի մեզ իրարմէ բաժնած եւ բաժնող ազդակներու վերացման: Այդ վերացումը շպարային-կոսմեդիկ միջոցներով կարելի չէ իրականացնել: Իրարմէ հեռացած-հեռացուած արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը դարձնելու համար հասարակաց մշակութային-ազգային հաղորդակցութեան եւ հաղորդութեան լեզու, diktat–դեկրետով հաստատուած սխալագրութիւն-ուղղագրութիւնը, պէտք է վերադարձնել իր հարազատութեան, շարունակութիւն ըլլալու ազգային-քաղաքական իմաստութեան, այդ վերականգնումը ամբողջացնելով նաեւ լեզուական զտումով, ի հարկին նոր եզրերու ստեղծումով: Այս ալ ազգային հարազատութեան վերականգնումի հեռանկարային իմաստութիւն է:
Փակագիծ մը. ասկէ առաջ ալ գրած եմ յատուկ անուններու մասին: Անոնք ձեւազեղծուելէ ետք արդի կոչուած ուղղագրութեամբ, հիմա, համակարգչային միջոցներու կոյր գործածութեամբ, երկրորդ ձեւազեղծման կ’ենթարկուին: Իր ստացած նոր եւ օտար հպատակութեան անձնագրի, արեւմտահայ-սփիւռքահայ Յակոբը Հայաստանի քաղաքացի դառնալով, ըստ համակարգչային բազային, ինչպէս կ’ըսուի, կը դառնայ Հագոպ: Հայաստան ունեցած է Պալունեաց տոհմ (կարդացէ՛ք Եղիշէն), ինչո՞ւ Պալեանը պիտի դառնայ Բալյան… Եւ եթէ քաղաքապետական, սեփականատիրական կամ այլ պաշտօնաթուղթերու մէջ տարբերութիւններ տեսնուին, Հագոպը դատարան պիտի դիմէ: Հայրենադարձները այս կարգի անհեթեթ կացութիւններու դիմաց պիտի գտնեն իրենք զիրենք, կը գտնեն: Առաւել, դարերէ ի վեր լատինական լեզուներու պարագային մեր ազգանուններու վերջաւորութեան գտնուող ԵԱՆը կը գրուէր IAN, հիմա կը գրուի YAN: Փոխանակ խառնակութիւններով իրարմէ հեռացնելու հայերը, աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր վերականգնել լեզուն, ուղղագրութիւնը եւ գրելաձեւերը, որոնք կային պատմութեան ընթացքին, տասնըվեց դարերէ ի վեր:
Այս ալ կ’ըլլայ վերականգնումի յեղափոխութիւն:
Եթէ Հայաստանի մէջ ընթացք առած իշխանափոխութիւնը յեղափոխութիւն է, ան պէտք է ընդգրկէ ազգը հետաքրքրող բոլոր հարցերը. քաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը, մշակոյթը, ինքնութիւն-հարազատութիւնը, որպէսզի ամրանայ ներքին ճակատը եւ գօտեպնդուինք դէմ դնելու համար մեր գոյութեան հեռուէն կամ մօտէն սպառնացող ամէն տեսակի վտանգներուն, որպէսզի չդառնանք ասոր կամ անոր տնտեսական կամ հոգեբարոյական գաղութը:
Յեղափոխութիւնը միայն աւազակութիւնները վերացնելու եւ սուր անկիւնները կլորցնելու քաղաքականութիւն չէ, պէտք չէ ըլլայ, այլ վերականգնումի հզօր տեսիլքի եւ անոր հետեւող նախաձեռնութիւններու գումար:
Հանդիսութիւններէ եւ շողշողուն ընդունելութիւններէ առաջ եւ վերջ անհրաժեշտ է խօսիլ միացման եւ մէկութեան, շարունակութիւն ըլլալու եւ վերականգնումի մասին:
Այլապէս կը տնտեսուին նահանջները…
Միշտ պէտք է յուսալ որ շիշի մէջ դրուած եւ ծով նետուած ցանկութիւնները օր մը կը յայտնուին որոշում կայացնողներու սեղանին վրայ:
Յեղափոխութիւններու ըստ նպատակի յաջողութիւնը կ’ենթադրէ եսի, սեփական կացութեան յեղափոխութիւնը, ինչպէս կ’ըսէ մեծն Կանտին. «Սկսեցէ՛ք փոխել ձեր մէջ այն ինչ որ դուք կ’ուզէք փոխել ձեր շուրջ»:
Փոխանակ տեսակէտներ պաշտպանելու, ձգտելու յաւելեալ իրաւունքի, առանց կիսամիջոցներով բաւարարուելու, աւելի լաւ է իրականացնել ազգի միացումը եւ մէկութիւնը:
Շահախնդրութիւններու եւ նահանջներու դէմ՝ իսկական յեղափոխութիւն: