
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած եւ կրօնական ազատութեան հարցերու նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան շեշտեց կալուածատիրութեան իրաւունքին կարեւորութիւնը՝ կրօնական ազատութեան եւ ցեղասպանութիններու կանխարգիլման արշաւներու ծիրէն ներս։
Նահապետեան շեշտեց ցեղասպանութեանց եւ հալածանքներու զոհ գացած մարդոց կալուածներուն վերադարձը ապահովելու կարեւորութիւնը՝ մատնանշելով այն իրողութիւնը, որ այդ քայլով կարելի պիտի ըլլայ նման ոճրային արարքներու դրդապատճառներէն մէկը հանդիսացող շահի շարժառիթը վերացնել։ Ան նաեւ դրուատեց Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան պատկանող կալուածներուն մէկ մասին վերադարձը ապահոված Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ջանքերը։
Նահապետեանի խօսքը երկրորդելով՝ արտաքին գործոց նախարարութեան Ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատաւորական հարցերու գրասենեակի համաշխարհային հարցերու վարիչ Փեթ Տէյվիս ընդունեց, որ քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց կալուածներուն եւ ունեցուածքին վերադարձի ապահովումը պէտք է դառնայ կրօնական հալածանքի կանխարգիլման կարեւոր գործիքներէն մէկը։
Խորհրդաժողովի բացման նիստին, կրօնական ազատութեան հարցերով Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած (այժմ տնային կալանքի պայմաններու մէջ ապրող) ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի պարագան։
Նշենք, որ Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը նախաձեռնած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հայերէ բռնագրաւուած կալուածներուն առնչուող փաստաթուղթերու արխիւի մը պատրաստութեան, աւելի ամուր հիմքի վրայ դնելու համար վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքը: Արխիւին մէջ պիտի պահուին բռնագրաւուած եւ գողցուած բնակարաններու, այգիներու, հողատարածքներու եւ այլ կալուածներու, ինչպէս նաեւ դրամատնային հաշիւներու, ապահովագրութեանց եւ այլ հարստութեանց առնչուող փաստաթուղթեր:
Յուլիս 24-ին սկսած սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան կրօնական իրաւանց աւելի քան 300 պաշտպաններ, որոնք Ուաշինկթըն ժամանած էին մօտաւորապէս 80 երկիրներէ, ներառեալ՝ Հայաստանէն, վկայութիւններ տալու համար կրօնական փոքրամասնութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ։