
Ճիշդ պիտի չըլլայ ըսել թէ Ֆրանսան ըլլար պիտի ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանը, եղաւ, ոչ ﬕայն ան, ﬔնք ալ եղանք։ Բոլոր ֆրանսացիները ախոյեան եղան. ﬔծով պզտիկով խենթեցան, խենթեցանք։
Օդերը ցատկեցինք, ինկանք, ելանք, ﬕնչեւ որ դատաւորին սուլիչը խաղին աւարտը փչեց, ուրախութենէն ﬔր ինչ ընելը չգիտցանք, ան յաղթեց գոչեցինք, մէկը յաղթեց. մէկը՝ ﬔնք ենք, ֆրանսան է ես եմ ու դուն, ամէնքս ենք, յաղթական ենք ախոյեան ենք, “օն ա կանիէ՛՛ կը գոչենք աշխարհով մէկ, դրօշներով ու կառքերով փողոցներէն կը տողանցենք ինքնաշարժով։
Անցած ամսուն խելք ու ﬕտքէս մաս մը ֆութպոլի ախոյեանական խաղերուն մասնակցող խումբերուն հետ էր։ Աշխարհէն զտուած երեսուն երկու երկիրները կը մրցէին ռուսիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ։ Ամէն տեղէ հազարաւոր մարզասէրներ հոն են, ﬔնք ալ հեռատեսիլին դիմացը կը յուզուինք, խումբերը կը յաղթեն ու կը պարտուին։
Ֆութպոլի աշխարհին մէջ հռչակի տիրացած հարաւ աﬔրիկեան երկիրներէն, Պրազիլիան,Արժանթինը, Ուրուկուaյը, եւ Եւրոպայէն՝ Սպանիան, Փորթուկալը, Գերմանիան, Անգլիան, Պելճիքան, կազմակերպիչ երկիր Ռուսաստանը չհասան աւարտականի, ﬓացինք ﬔնք ﬔր ուժը փորձելու աշխարհի փոքրաքոյն երկիր բայց ֆութպոլի հսկայ երկիր Խրուաթիային դէմ, ու յաղթեցինք։
Հեռատեսիլի ﬔկնաբան երկու հայերէն Եուրի Ճորքաէֆը Պի. Ին․-էն եւ Առաջին կայանէն մարզագէտներու հետ ﬔկնաբանեց մրցուﬓերը։ Եուրին իր եղբօրը Տընիին հետ 1976ի ամրան Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի Պէլֆոնթենի բանակուﬕն մէջի ﬔր խաղերուն փոքր տարիքին, իր ճարտար խաղարկութեամբ կը զարմացնէր ﬔզ, բոլորս։ Ան մէկէ աւելի անգաﬓեր յիշեց թէ իր մօրը կողմէն հիայ է, եւ ան ֆութպոլի նախկին աստղերէն գումարուած խումբի մը հետ վերջերս Հայաստան գնաց մասնակցելու վեթերաններուն մրցուﬕն։ Տեսակցեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ ֆութպոլի վերելքին նպաստելու։
Հեռատեսիլէն ﬔզի հպարտութիւն եւ ուրախութիւն պատճառող երկրորդ աստղը Անի Պաշարն էր ծանօթ Անի Պազար անուամբ, դուստրն է Նիսի ﬔր հայրենակից Տէր եւ Տիկին Հայրապետ եւ Սեդա Պաշարներուն։ Անիին լրագրական կարողութիւնները Պէ, Էֆ, Էմ, Թէ, Վէ,-ի վրայ աչքի զարկին եւ ան դարձաւ Ֆրանսայի առաջին Ալիքի յատուկ լրագրող թղթակիցը ՛՛Անվուայէ սփեսիալ՛՛ ու ամէն օր ﬔկնաբանեց ֆրանսայի ազգային խումբին շուրջ կատարուող ելոյթները, եւ արժանացաւ յատուկ գնահատանքի եղաւ բարձրացող լրագրող աստղ մը Ֆրանսայի։ Գալով Աստղին յիշեմ երեւանի Արարատը որ 1973-ին Խորհրդային Միութեան ախոյեան դարձաւ, յետոյ Պէյրութ հրաւիրուեցաւ մրցելու Լիբանանի ախոյեան Նըժմէ (աստղ) խումբին դէմ, եւ Աստուած իմ, ինչպէս եղաւ չեղաւ, Արարատը պարտուեցաւ, մէկը պէտք էր ﬔր վիճակը տեսնէր. գլխիկոր տուն վերադարձանք… ﬕնչ Նըժմէին համակիրները ցնծութեան մէջ գինովցած կը գոչէին ՛՛Պրազիլը ﬓաց՛՛յաղթելիք, այդ ալ չէր բաւեր, օր մը հեռատեսիլի մրցոյթի հաղորդավար Ռիատ Շարարան հարցուց ո՞ր խումբն է Խորհրդային Միութեան ախոյեանը, պատասխանեց՝ Արարատը, հաղորդավարը ՛՛ճշդեց՛՛ Նըժմէն, աստղը Արարատէն բարձր է եւ իր սրամտութիւն հայոց զայրոյթը գրգռեց լրագրողին դէմ։
Ֆութպոլը մարզասէրներուն եւ անկէ բան չհասկցողներուն ալ զգացուﬓերը կը հրահրէ ու տակն ու վրայ կ՛ընէ, հրճուանքի ու տրտմութեան ալիքներով կը համակէ։ Մենք ալ երբ Ֆրանսան 4-2 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիային տեսանք ﬔնք ﬔզ, հպարտացանք։
Մեր համակրանքը Խրուաթիային հանդէպ աճեցաւ երբ իմացանք որ իր շատ գեղեցիկ քաղաքներէն՝ Տիւպրոﬖիքի պաշտպան սուրբը հայ Վլասն է, Սէն Պլէզը։ Մեր Վիգէնին լաւագոյն ընկեր Մարին Իվանքովիչն ալ Տիւպրոﬖիքէն եկած էր Նիւ Ճըրզիի եւ դպրոցին լաւագոյն ֆութպոլիսթն էր։ Տղան իր դիմատետրի էջին վրան գրած էր՝ ՛՛Պարտեալ թէ յաղթական ﬔնք քեզ կը սիրենք (Խրուաթիա)։
Եւ Ֆրանսան սեւով ճերմակով, ﬔծով պզտիկով խնդութեան մէջը գինովցաւ իր յաղթանակ կերտած նորայայտ աստղերով, մարզիչով, նախագահով, իսկ խրուաթիայի նախագահուհին ﬔզի սիրահարուեցաւ. համով հոտով համբուրեց ﬔզ, այսինքն՝ ﬔր նախագահը, ﬔնք յաղթական մարզիկներն ենք, կոլ խբողներն ու յաղթանակ կերտողները, ﬔնք աշխարհի ախոյաններն ենք։
Հարիւր հազարաւորներով խռնուեցանք Յաղթականի Կամար՝ Շանզ Էլիզէի պողոտային վրան, եւ, ասեղ նետելիք տեղ չկար։ Ախոյեաններուն գրկած ձոյլ ոսկեայ բաժակը բաց հանրակառքին վրան համբուրեցինք, բարձրացուցինք, նկարուեցանք ու անյայտացանք։
Շշուկէ մը իմացած էին որ ﬔնք Քրիյոն պանդոկը պիտի երթանք, ﬔր անցեալի աստղերէն Ճորքաէֆն ալ ըսաւ թէ աﬕս մը առաջ իրենք 1998ի ախոյեանները այդ պանդոկին մէջը տօնեցին իրենց աշխարհի ախոյեանի քսանաﬔակը։
Սուտ էր ﬔնք հոն չէինք։Հազարաւոր ﬔծ ու պզտիկ հաւաքուած էին Էնվալիտի հրապարակը եւ ﬔզի կը սպասէին որ տողանցէիք, բայց կծիկը դրինք եւ ﬔր համակիրները յուսախաբ ըրինք։
Չար լեզուները ճերմակը կը սեւցնեն. կ՛ըսեն թէ սեւերը կերտեցին Ֆրանսայի յաղթանակը, բայց ﬔնք, սեւ թէ ճերմակ երջանիկ ենք, եւ հպարտօրէն կը գողնանք ﬔր մարզիկներուն արժանի իրաւունքըը, կ՛ըսենք ﬔնք աշխարհի ախոյեանն ենք։
Կատակ չէ՛, Ֆրանսան, ﬔնք ենք աշխարհի ախոյեանը։
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիս