

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ
Արիւնահոսութեան մասին խօսելէ առաջ ամփոփ ձեւով անդրադառնալու ենք արեան ծննդոցին, կազմութեան եւ պարտականութիւններուն:
Արիւնը կարեւոր է մեր մարմնի բոլոր օրկաններու աշխատանքին եւ կեանքի գոյատեւման համար: Արիւնը կը փոխադրէ թթուածին եւ սննդանիւթեր, որոնք կը սնուցանեն մարմնին բոլոր օրկանները, հիւսկէնները եւ բջիջները: Այս բոլորին մէջ արտադրուած թափօնները (waste products) եւ ածխածնի երկթթուա-կը(CՕ2) կը փոխադրուի արեան միջոցաւ թոքեր, լեարդ եւ սիրտ:
Բնական պայմաններու մէջ միջին ծանրութեամբ անձ մը կ՚ունենայ 5-6 լիթր արիւն:
Արիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ՝
Ա. Արիւնահեղուկ (plasma), որ կը կազմէ արեան 55%-ը.
Բ. Երեք տեսակ բջիջներ՝
ա. Կարմիր գնդիկներ-բջիջներ
բ. Ճերմակ գնդիկներ-բջիջներ՝ հատիկաւոր եւ բազմակորիզ գնդիկ (նիւթրո-ֆիլ, neutrophil), ոչ հատիկաւոր գնդիկ (լիմֆոսայթ, lymphocyte), միակորիզ մեծ գնդիկ (մոնոսայթ, monocyte), հիմնասէր գդդիկ (պէսոֆիլ, basophil), հատիկաւոր գնդիկ (իյոսինոֆիլ, eosinophil).
գ. Խցաբջիջներ-թիթեղիկներ (platelets).
Այս երեք տեսակ բջիջները կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ եւ շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ հասնելու համար մարմնին բոլոր բջիջ-ներուն:


Կարմիր գնդիկները կը պարունակեն երկաթով հարուստ բնասպիտ
(protein) մը՝ արեան ներկանիւթը (hemoglobin), որ կը փոխադրէ թթուածինը մարմնի բոլոր բջիջներուն: Առողջ կարմիր գնդիկները կ՚ապրին մօտաւորապէս 120 օրեր: Մէկ կաթիլ արիւնը կը պարունակէ մօտաւորապէս 5 միլիոն կարմիր գնդիկներ:
Ճերմակ գնդիկները կը պաշտպանեն մարմինը զանազան տեսակի մանրէ-ներէ: Վարակի մը պարագային անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ կը պայքարին յարձակող մանրէներուն դէմ:
Խցաբջիջները աւելի պզտիկ են քան կարմիր գնդիկները: Անոնց պարտակա-նութիւնն է՝ արեան մէջ արիւնակոյտեր (blood clots) կազմել եւ արգելք հանդի-սանալ արիւնահոսութեան:


Արիւնահեղուկը բնասպիտներով հարուստ դեղնորակ հեղուկ մըն է: Այս բնասպիտներէն են՝ albumin-ը, immunoglobulin-ը եւ արիւնագունդ կազմող բնասպիտները:
Արիւնահոսութիւն ըսելով կը հասկնանք արեան կորուստ, որ տեղի կ՚ունենայ զանազան ձեւերով՝
- Ներքին արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ մարմնի ներքին օրկաններու զարկերակներէն, երակներէն, քաղցկեղային վէրքերէն եւ օրկաններու հիւսկէն-ներէն:
- Արտաքին արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ մորթի մակերեսային զարկերակներէն եւ երակներէն ինչպէս նաեւ մկաններէն ու մորթային հիւսկէններէն:
- Ենթամորթային արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ ենթամորթին մէջ գտնուող զարկերակներէն եւ երակներէն ինչպէս նաեւ ենթամորթային հիւսկէն-ներէն:
- Ենթա-ակնազօդային (subcunjunctival) արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՚ունե-նայ ենթա-ակնազօդային երակներէն:
Արտաքին եւ ակնազօդային արիւնահոսութիւնը բացայայտ (visible) կ՚ըլլայ, իսկ ներքին եւ ենթամորթային արիւնահոսութիւնը թաքուն (invisible) կ՚ըլլայ:
Արիւնահոսութիւն կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններէն եւ ախտա-բանական երեւոյթներէն՝
Ա. Հարուած-վիրաւորում, որ կրնայ ըլլալ ներքին եւ արտաքին: Ներքին վնաս-հարուածը հետեւանքն է արտաքին հարուածի եւ կամ վիրաբուժական գործո-ղութեան մը:
Բ. Արիւնային հիւանդութիւններ
ա. Արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ`
- K կենսանիւթի անբաւարարութիւն.
2 Արեան մակարդումի (coagulation) խանգարում.
- Արեան թիթեղիկներու նուազում.
- Որոշ դեղերու գործածութիւն՝, օրինակ՝ Aspirine, cortisone.
- C կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ լնդախտ (scurvy) եւ լինդի արիւնահոսութիւն.
- Մանգաղաձեւ կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութիւն (sickle cell anemia).
- Ծովարիւնութիւն (thalacemia), որ ժառանգական արիւնային հիւանդութիւն մըն է.
բ. Արիւնային քաղցկեղ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia) եւ Hemo-philia, որ ժառանգական արիւնահոսային հիւանդութիւն մըն է:
Գ. Անօթային (vascular) ախտաբանական փոփոխութիւններ՝ անօթներու պա-տերուն տկարութիւն եւ կարծրացում, անօթներու պատախաւերուն (wall layers) բաժանում-ճեղք (dissection), զարկերակներու լայնացում եւ նեղացում եւ անօ-թային բորբոքում (vasculitis).
Դ. Արեան յառաջացած գերճնշում, որուն պատճառով անօթապատերը կը տկարանան, կը բարակնան եւ ակամայ կը բացուին.
Ե. Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակ՝ ընդերային տենդ ժանտատենդ (typhoid fever), ստամոքսային խոց (ulcer), հաստ աղիքի մնայուն բորբոքում, բարակ աղիքներու սուր բորբոքում եւ ծոցաբորբ (diverticulitis), աղիքային ցցօններ (polyps), ակռայի արտահանում, լնդաբորբ (gingivitis), Dengue, որ արիւ-նահոսութեան ժահրային հիւանդութիւն մըն է եւ կը յառաջանայ մժեղի խայթուածքով.
Զ. Մարմնական զանազան տեսակի քաղցկեղ:
Արիւնահոսութիւն տեղի կ՚ունենայ մարմնի որեւէ մէկ օրկանին կամ բաժան-մունքին մէջ: Հետեւաբար արիւնահոսութիւնը կարելի է դասակարգել ըստ անոր սկզբնաղբիւրին՝
Ա. Ստամոքսա-աղիքային համակարգի արիւնահոսութիւն, որ սկիզբ կ՚առնէ բերնի խոռոչի խլնաթաղանթէն, լինդերէն, լեզուէն, ակռաներէն, նշիկներէն (tonsils), ըմբանէն (pharynx), ենթաըմբանէն (հypopharynx), որկորէն, ստամոքսէն, բարակ եւ հաստ աղիքներէն ու թութքէն (hemorrhoids).
Բ. Ուղեղային արիւնահոսութիւն, որ կրնայ ըլալ ներուղեղային եւ ենթա-ուղեղապատեանային (subarachnoid).
Գ. Շնչառական համակարգի արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՚ունենայ հետեւ-եալ վայրերու մէջ՝ քիթ եւ քթա-ըմբան (nasopharynx), խռչափող եւ շնչափող, թոքեր, ցնցուղներ (bronchi) եւ ցնցղիկներ (bronchioles).
Դ. Միզային համակարգի արիւնահոսութիւն, որ սկիզբ կ՚առնէ հետեւեալ մասերէն՝
ա. Երիկամներ, ուր կը պատահին երիկամային կծիկաբորբ. (glomeru-lonephritis), քարերու կազմութիւն եւ քաղցկեղ.
բ. Միզապարկ, ուր կը պատահին քաղցկեղ, բորբոքումներ, ցցօններու (polyps) եւ քարերու կազմութիւն.
գ. Շագանակագեղձ, ուր կը տեսնուին բորբոքում, ծաւալում, քաղցկեղ եւ քա-րեր.
դ. Զարկերակային անբնական երեւոյթներ:
Ե. Հեշտոցային արիւնահոսութիւն, որ կը զարգանայ հետեւեալ ախտերով եւ վիճակներու բերումով՝ բազմապարկ ձուարան (polycystic ovary), դաշտանային ներծորոյթներու (hormonal) խանգարումներ, վիժում, արտա-արգանդային յղու-թիւն (ectopic pregnancy), արգանդի բորբոքումներ, արգանդի եւ արգանդավիզի (cervix) քաղցկեղ եւ ծննդաբերութիւն ու յետծննդաբերութիւն:
Զ. Ակնային արիւնահոսութիւն
ա. Աչքի ցանցենիի (retinal) արիւնահոսութիւն, որ կը պատահի ծերութեամբ, շաքարախտի եւ արեան ճնշումի բարձրացումով.
բ. Ակնազօդային արիւնահոսութիւն.
Է. Արտաքին եւ միջին ականջի արիւնահոսութիւն.
Բացայայտ արիւնահոսութիւնը ունի զանազան անուանումներ եւ յատկու-թիւններ.
Ա. Բերանային արիւնահոսութիւն
ա. Որկորային եւ ստամոքսային արիւնահոսութիւն, ուր արիւնը դուրս կու գայ փսխելով: Ան կը կոչուի արնափսխունք (hematemesis): Իսկ փսխունքը կ՚ըլլայ կարմիր նոր-թարմ արիւն:
բ. Բերանախոռոչային արիւնահոսութիւն, ուր արիւնը կը յայտնուի կարմիր նոր-թարմ արիւնով.
Բ. Թոքային, շնչափողային եւ խռչափողային արիւնահոսութիւն, ուր արիւնը դուրս կու գայ ընդհանրապէս հազալով եւ երբեմն ինքնաբերաբար: Ան կը կոչուի (hemoptysis): Իսկ հոսած արիւնը կ՚ըլլայ ընդհանրապէս կարմիր նոր-թարմ արիւն:
Գ. Սրբանային արիւնահոսութիւն, որուն սկզբնաղբիւրներն (origins) են՝
ա. Հաստ եւ բարակ աղիքները: Արիւնահոսութիւնը կ՚արտահանուի կղկղան-ցումով: Ան կը յայտնուի երկու երեւոյթներով՝
- Կղկղանքին հետ որպէս նոր կարմիր արիւն, որ կը կոչուի hematochezia.
- Կղկղանքին հետ հին սեւ արիւն՝ կուպրային կղկղանք (melena).
բ.Արտաքին եւ ներքին թութք, ուր արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի կարմիր նոր-թարմ արիւնով.
Դ. Հեշտոցային (vaginal) արիւնահոսութիւն, որուն սկզբնաղբիւրներն են՝ հեշտոցը, արգանդավիզը, արգանդը եւ ձուարանները (ovary): Արտահանուած արիւնը ընդհանրապէս կ՚ըլլայ կարմիր եւ նոր-թարմ, շատ քիչ պարագաներուն մակարդուած եւ թուխ-կարմիր:
Ե. Միզային արիւնահոսութիւն (hematuria), որուն սկզբնաղբիւրներն են՝ երիկամները, միզապարկը (urinary bladder) եւ շագանակագեղձը (prostate gland): Արտահանուած արիւնը կ՚ըլլայ ընդհանրապէս տեսանելի՝ մէզին մէջ լուծուած: Երիկամային կծիկաբորբի պարագային արիւնահոսութիւնը անտեսանելի է եւ կը փաստուի միայն մէզի մանրադիտակային (microscopic) քննութեամբ:
Որեւէ մէկ տեսակ արիւնահոսութիւն կրնայ ըլլալ մեծածաւալ (massive) կամ փոքրածաւալ:
Առողջ անձ մը իր արեան 10 տոկոսը կորսնցնելով եւ կամ ուրիշի մը նուիրելով կրնայ բնականոն կեանք ունենալ առանց վատ հետեւանքներու:
Արեան մեծածաւալ կորուստով կը յառաջանան զանազան բարդութիւններ եւ ախտանշաններ:
Արեան 10-30 տոկոս կորուստով տեղի կ՚ունենան սրտի բաբախում, թեթեւ արեան ենթաճնշում (hypotension), սրտի արագ բաբախում, մորթի տժգունու-թիւն եւ ենթաջերմութիւն: Այս պարագային ենթական կրնայ պէտք ունենալ արեան փոխներարկման (blood transfusion):
Արեան 30-40 տոկոս կորուստով տեղի կ՚ունենան արեան զգալի ենթաճնշում, սրտի արագ զարկ, մարմնական ընդհանուր հեղուկի նուազում, մթագնութիւն- նուաղում (syncope) եւ մարմնի բոլոր օրկաններու փլուզում-փլանք (shock): Այս պարագային արեան փոխներարկումը կը դառնայ պարտաւորիչ:
Արեան 40 տոկոսէն աւելի կորուստով տեղի կ՚ունենան նուաղում, մթագնու-թիւն, մարմնական փլանք եւ գիտակցութեան կորուստ (coma): Այս պարագային շտապ օգնութիւնը պարտաւորիչ է: Արեան փոխներարկումին հետ կը կատարուին նաեւ շնչառական օժանդակ միջոցառումներ:
Արիւնահոսութեան ախտաճանաչման կարեւորագոյն քննութիւնը արեան կարմիր գնդիկներու եւ արեան ներկանիւթի քանակական քննութիւնն է: Ասոնց կողքին կը կատարուին արեան այլ քննութիւններ, մէզի եւ կղկղանքի քննութիւններ ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի նկարահանումներ եւ դիտա-կումներ (oscopy), օրինակ՝ ստամոքսի, որկորի, միզապարկի, շագանակագեղձի, հաստ եւ բարակ աղիքներու դիտումներ:
Արիւնահոսութիւնը կը դարմանուի անմիջական եւ ուշ-հիմնական դարմա-նամիջոցներով: Անմիջական դարմանամիջոցն է՝ կասեցնել արիւնահոսումը: Իսկ ուշ-հիմնական դարմանամիջոցները կը կիրարկուին համաձայն արիւնա-հոսութեան ախտաճանաչուած ախտապատճառներուն: