Նամակ Իմ Սիրելի Քոյրերուն եւ Եղբայներուն

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second


Սիրելի Քոյրեր եւ Եղբայրներ,
Հայ իրականութեան մէջ, եղած են, եւ տակաւին գոյութիւն ունին միութիւններ կամ հաստատութիւններ որոնք մեր պատմութեան էջերուն մէջ պատուաւոր տեղ կը գրաւեն մինչեւ օրս։
Սակայն 100-ամեայ սա երիտասարդ հաստաբուն կաղնին, որուն չորս սքանչելի տառերը անջնջելիօրէն դրոշմուած են, եւ պիտի մնան ամէն մէկ հայու մտքին եւ հոգիին մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ….Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն։
Այս հրաշալի միութիւնը, հաւատալով առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ սկզբունքին 100 տարի ՝՝Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր՝՝ նշանաբանով կը բարձրանայ, իր հետ բարձրացնելով իր հաւատաւոր քոյրերը եւ եղբայրները, լոյս եւ յոյս ներշնչելով ամէնուրէք։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մարզական պարզ միութիւն մը չէ, սուլիչ ու փողկապ չէ, ծրագիր ու կանոնագիր չէ, այլ բռունցք է, մնայուն պայքար է, ազգային արժէք է, հայ դպրոց է, հայ ակումբ է, աշխարհացրիւ հայրենազուրկ սերունդներուն մէջ ապրող հայրենիք է։ Այս բոլորն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ականը սիրտը տուած է հայրենիքին, միտքը Արարատին, սէրը հայ ժողովուրդին, իսկ լուսաւորութեամբ տոքորուած կը սլանայ դէպի լուսաշող ապագայ, փառապանծ 100 ամեակի սեմին։
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, մենք այս ամառ պիտի մասնակցինք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի, որ տեղի պիտի ունենայ Բիւրական Հայաստան։ Չորս տարի անգամ մը, մենք մաս կը կազմենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Միացեալ Նահանգներու, Արեւելեան Շրջանի դեսպաններու խումբին։ Բարութեամբ եւ հպարտօրէն պիտի նէրկայացնենք մեր շրջանը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն համար, բանակումները բնութեան մէջ չարքաշ կեանք վարելու եւ հայ սկաուտի դաւանանքը հաւաքական կեանքին մէջ իւրացնելու անմոռանալի օրեր են։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականը ունի ոգի մը, որ պատրաստ է ծառայելու հայ ազքին ու հայրենիքին առողջ եւ կորովի մարմնով, պայծառ եւ արթուն մտքով, ուղիղ եւ գաղափարապաշտ նկարագրով։
Իբր երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական, պէտք է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոցավառ ջահը լաւապէս փոխանցենք սերունդէ սերունդ։ Պէտք է խոստովանինք որ միշտ մեր մէջ այդ հաւատքն ու սէրը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հանդէպ վառ պիտի մնայ։
Մեր սիրելի միութեան կը մաղթեմ նորանոր յաղթանակներ եւ հազարամեակներ։
Այս առթիւ բարի ճանապարհ սիրելի քոյրեր եւ եղբայներ, յաջողութիւն մեր բոլոր աշխատանքներուն, եւ հպարտ վերադարձ։
Սիրով,
Քոյր Մեղրի Տէր Վարդանեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles