
Յ.Պ.
Համացանցային կայքի մը վրայ կարդացի «Վոլթէրեան նամակ նախագահ Ռեչեփ Էրտողանի. կը հասնի՛նք», ճշմարտութենէ չխւսափող եւ աչքի կապանքները քակող էջ մը: Ընթերցողը կը դատէ ճշմարտութիւնը եւ… յանդգնութիւնը: Ստորեւ՝ էջի թարգմանութիւնը.-
Պարոն նախագահ,
Հաւատացէ՛ք որ մեծ սպասումով եւ յարգանքով ձեզի կը գրեմ այս երկտողը: Քանի որ կը խոստովանիմոր նախասիրութիւն ունիմ ձեր երկրի ծովափնեայ կեդրոններուն համար, մասնաւորաբար Անթալիոյ, Քէմէրի եւ Պոտրումի: Ահա թէ ինչու կը խորհիմ գալ եւ Թուրքիա հաստատուիլ եւ հոն անցնել հանգստեան կոչուածի երջանիկ վիճակ: Արդարեւ, ինչո՞ւ երթալ կաթողիկէ երկիրներ, Փորթուգալ կամ Սպանիա, երբ կարելի է ունենալ արեւը եւ մուէզզինի քաղցր ձայնը ձեր լաւ հսկուած երկրին մէջ: Արդէն յաջողած եմ համոզել կինս, վեց զաւակներս եւ քսանչորս թոռներս, բարեկամներս եւ բազմաթիւ երրորդ տարիքի անձերու միութիւններ, որ գաղթեն ձեր մօտ եւ այդ ձեւով ձեզի տան պատկերը մեր բարքերուն եւ սովորութիւններուն: Կը տեսնէք, կրնաք ուրախ ըլլալ, մեծ թիւով պիտի գանք բնակելու Եգէական ծովի ափին:
Միայն պզտիկ խնդիր մը կայ, բոլորս ալ ըլլալոց կաթողիկէ, անհրաժեշտ է նախատեսել կառուցումը քանի մը յաւելեալ եկեղեցիներու: Հարկ է նաեւ մտածել (ո՜հ, տարին մէկ անգամ պարզապէս), Սուրբ Շաբթուան թափօրի անցքին մասին: Վստահ եմ, որ այդ առիթով, հարց պիտի չտեսնէք փակել մէկ կամ երկու փողոց դիւրացնելու համար թափօրի անցքը: Նոյն ձեւով, վստահ եմ, սպասելով մեր մատուռներու եւ անոնց զանգատունրու կառուցումը՝ հնչելով արարողութիւններու ընթացքին, ձեր իմամները պիտի գտնեն մզկիթ մը մեզ ընդունելու համար կիրակի: Մեր եկեղեցիներու վայրերուն համար կը վստահիմ ձեր քաղաքապետութիւններուն, որոնք մեզի համար յարմար տեղեր պիտի գտնեն խորհրդանշական մէկ թրքական ոսկիով: Քանի որ բազմաթիւ մանուկներ պիտի ըլլան, միաժամանակ կը ցանկանք որ անոնք դպրոց երթան իր վզին խաչով եւ խոզապուխտ-կարագով սանտուիչով դպրոցներու ճաշարանին մէջ:
Շատ սիրելով ձեր ծովափները, կը խնդրենք ձեզմէ կարենալ մոնոքինիով գալ, առանց խանգարուելու պիւրքինիովներէ: Կրնա՞ք նաեւ մեզի ճշդել մերկութեան վայրերը, ուր մենք պիտի չցնցենք լաւ միւսլիմանները: Կը խորհիմ որ այս վերջին կէտին համար համախոհութիւն պիտի գտնենք, այլապէս, եթէ այդ մեզի մերժուի, կրնա՞ք մեզի տալ հասցէն CCCTի, Թուրքիոյ մէջ հակաքրիստոնէական խորհուրդ, նաեւ հասցէները այն ոստիկանատուներուն ուր կրնանք խտրականութեան դէմ բողոքել: 2022ի ֆրանսական ընտրութեան, պիտի ուզէինք որ արտօնէիք եռագոյնը պարզել եւ մեր ինքնաշրաժներու ճչակներով ցոյց ընել փողոցներուն մէջ, ուրախ եւ լաւ տրամադրութեամբ, յայտնելու մեր գոհունակութիւնը տեսնելով ժողովրդական նախագահ ընտրութիւնը: Ձեզմէ պիտի խնդրեմ նաեւ որ ուշադիր ըլլաք որ ձեր ամսագրերը բուռն կերպով չքննադատեն մեզ կառավարողները, քանի որ, այդ պարագային, ստիպուած պիտի ըլլանք վերցնելու այդ հրատարակութիւնները գովող ազդերը: Ապա, պիտի կազմակերպէինք հանրաժողովներ, որպէս հատուցում, ծափահարելու համար մեր ղեկավարները, ֆրանսական հսկայ դրօշներով, հրաւիրելով պ. Տիւփոն-Էնիանը եւ տիկ. Լը Փէնը: Ինչպէս որ դուք մեզի համար ճամբայ բացիք, բացատրելով որ ֆրանսացիները 5 միլիոն ալճերիացի ջարդած են, անպատեհ պիտի չհամարէք, որ յիշեցնենք հայկական ցեղասպանութիւնը եւ անոր 1,2 զոհերը (այս ճշգրիտ թիւ է), երկու երրորդը այդ օրերու այդ քրիստոնեայ բնակչութեան:
Բայց մոռնանք այս հին վէճերը.համոզուած եմ որ Անատոլուի այդ կողմերը, մեր երկու համայնքները պիտի կարենան ըստ արժանւոյն գնահատել մեր տարբեր բարքերը: Պիտի հասկնաք նաե անհամբերութիւնս գալու եւ ձեր ազգը հարստացնելու՝ ֆէսը փոխարինելով պասքերու մեր հին պէրէով:
Բարեկամաբար: