
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է՝ ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, Հայ Նահապետէն սկսեալ բռնապետներուն դէմ մղուած հերոսական մարտնչումներով:
Շուտով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին, պետական չափանիշով, եւ համազգային առումով, հրապարակային հանդիսութիւններով ու ձեռնարկներով պիտի տօնակատաարենք Մայիս 28, 1918¬ի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100¬ամեակը: Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան մէջ, դժուար է հանդիպիլ Մայիս 28 տարողութեամբ՝ ազգի ու հայրենիքի, պետականութեան վերականգնումի, քաղաքական արժէքներով ինքհաստատում մը:
1045-ին, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան անփառունակ վախճանումով, հայրենիքի մէջ կորսնցուցինք ազգային պետականութիւնը, Հայաստան ու հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ Բիւզանդիոնի իշխանութեան հպատակ: Սակայն, ազատատենչ հայութեան մէկ փոքր հատուածը, Բագրատունեաց տան շառաւիղ՝ Ռուբէն իշխանի գլխաւորութեամբ՝ 1079-ին, անցնելով Տաւրոսեան լեռները, կայք հաստատեցին Կիլիկիոյ լեռնային շրջանին մէջ: Ռուբէն՝ շուտով իր շուրջ հաւաքեց մօտակայ շրջաններու մէջ ապրող հայեր, եւ կազմեց բանակ ու յարձակեցաւ Արաբներու եւ Բիւզանդացիներու վրայ, գրաւեց բերդեր եւ գաւառներ եւ հռչակեց Լեռնային կիլիկիոյ Ռուբինեաց իշխանութիւնը: Հետագային՝ 1198-ին, Լեւոն Բ. մեծագործ իշխանի ջանքերով, իշխանութիւնը վերածուեցաւ Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան: Սակայն, 1375-ին, Եգիպտոսի Մեմլուքները, Սուլթան Ալ Աշրաֆի գլխաւորութեամբ մեծ բանակով մը արշաւեց Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան վրայ, եւ յաջողեցան գրաւել մայրաքաղաք Սիսը՝ գերեվարեց Լեւոն Զ-րդ, Լուսինեան թագաւորը եւ ընտանիքը ու տարաւ Եգիպտոս: Արեւմուտքի միջնորդութեամբ ազատ արձակուեցաւ, ապա՝ անցաւ Եւրոպա Ֆրանսա: Ան մահացաւ 1393-ին, ու թաղուեցաւ Փարիզի մէջ: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, լեռնային Կիլիկիոյ որոշ շրջաններու մէջ, իշխանական տուներ պահեցին իրենց ինքնավարութիւնը, սակայն, 1515-ին, երբ Կիլիկեան վերջնականապէս նուաճուեցաւ Օսման թուրքերու կողմէ, եւ այդպիսով նաեւ վերջ գտաւ իշխանական տուներու ինքնավարութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ գրաւումէն ետք, թուրքը հինգ դար կեղեքեց, կոտորեց, հալածեց եւ որոշ շրջաններու մէջ բռնիաբար կրօնափոխեցին հայութիւնը, իրմէ խլեց մարդկային ամենատարրական իրաւունքները ու առնական մարտնջումի ոգին, եւ զայն վերածեց հլու հնազանդ ստրուկի մը: 1914-1918¬ին, երբ պայթեցաւ Համաշխարհային առաջին պատերազմը, Օսմանեան կայսրութիւնը ժառանգած Երիտթուրք Իթթիհատական կառավարութիւնը, դաշնակցելով Գերման-Աւստրիոյ կայսրութեան, Գերմանիոյ կողքին պատերազմ յայտարարեց դաշնակիցներու դէմ: Անոնք յոյս ունէին իրականացնել Ռուսիան հեռացնել Կովկասէն, մերձաւոր արեւելքի, կովկասի ու միջին ասիոյ մահմետական թրքացեղերը միաւորելու ,Մեծ Թուրանե ստեղծելու իրենց գաղափարը: Այդ նպատակին հասնելու ճանապարհին խոչնդոտ կը հանդիսանար ոչ միայն Ռուսիան, այլեւ նաեւ հայ ժողովուրդը: Երիտթուրք Իթթիհատական կառավարութեան պարագլուխները կանխաւ ծրագրած էին առաջին հերթին պէտք է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միւս շրջաններուն մէջ ապրող հայերը ոչնչացնել, եւ այդ ձեւով ,Հայկական Հարցըե լուծել: Օգտուելով պատերազմի ընդձեռնած հնարաւորութիւններէն, եւ յատկապէս պատրուակելով ու հայոց վրայ բեռցնելով Սարիղամիշի մէջ իրենց կրած ջախջախիչ պարտութիւնը, առաջին հերթին՝ Կովկասեան ճակատի մերձակայ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ տարածքին ապրող հայութիւնը անվստահելի տարր համարելով, ապահովութեան լօզանքով, տեղահանեցին ու աքսորեցին դէպի արաբական անապատները, եւ ճամբու ընթացքին կազմակերպեց եւ անխնայ կոտորեցին 1,5 միլիոնէ աւելի հայոց կոտորածը (Հայոց Ցեղասպանութիւնը), անշուշտ՝ Գերման-Աւստրիոյ կայսրութեան լուռ համաձայնութեան եւ Եւրոպական հզօր պետութիւններու անտարբերութեան պատճառով:
Կացինահարեցին Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիոյ հսկայ դարաւոր Կաղնին ու հայաթափեցին բնիկ՝ հայ բնակչութիւնը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը լայն իմաստով կը ներգրաւէ Օսմանեան կայսրութեան հինգ դարերու Սուլթաններու, եւ յատկապէս 1894-1923, Օսմանեան կայսրութեան եւ կայսրութիւնը ժառանգած թուրք տարբեր վարչակարգերու կողմէ ի գործ դրուած կոտորածները: Ռուսական բանակի Կովկասեան ճակատին յաջող գործողութիւններու շնորհիւ, ռուսական զօրքը եւ հայկական կամաւորական ջոկատները, 1916-ը գրաւած էին Արեւմտեան Հայաստանի զգալի մասը: Ցարական կառավարութեան կողմէ պատերազմի իրաւունքով Թուրքիայէն գրաւուած հայկական նահանգները նկատուեցան ռուսական կայսրութեան ծայրամասերու նահանգներ՝ ապա՝ լուծեցին կամաւորական ջոկատները, եւ գործնականին մէջ զրկեցին հայ բնակչութիւնը իր քաղաքական իրաւունքներէն:
Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէ յետոյ, ստեղծուած ժամանակաւոր կառավարութիւնը, Ապրիլ 25-ին, որոշումով՝ իր իրաւասութեան տակ առաւ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած նահանգներու կառավարումը: Տեղահանուած եւ աքսորուած հայերուն թոյլ տրուեցաւ վերադառնալու իրենց տուները: Մայիսի 1917-ին ռուս-թրքական ճակատին վրայ ստեղծուեցաւ ոչ պաշտօնական զինադադարի դրութիւն: Ճակատին գտնուող ռուս զինուորները համակրած էր ճակատը լքելով տուն վերադառնալ: Այս տրամադրութիւնները աւելի զգալի դարձան 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղաշրջումէն ետք, Կովկասի ճակատը շուտով դատարկուեցաւ ռուս զինուորներէն, եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելով թրքական արշաւանքին դէպի Անդրկովկաս:
Դեկտեմբեր 25, 1917-ին, Ռուսիոյ Խորհրդային կառավարութիւնը, հրամանագրով մը ընդունեց ,Արեւմտեան Հայաստանիե մասին փաստաթուղթը, որ կը ճանչնար հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, եւ պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ կը պաշտպանէ Արեւմտեան Հայաստանի ազատ ինքնաորոշման իրաւունքը մինչեւ լիակատար անկախութիւնը, եւ պետականութեան վերականգնումը: 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղաշրջումը նոր իրավիճակ մը ստեղծեց Ռուսական կայսրութեան ու անոր ենթակայութեան տակ գտնուող Անդրկովկասի մէջ: Ռուսիան պատերազմէն դուրս բերելու եւ հաշտութիւն կնքելու նպատակով, Մարտ 3, 1918-ին, խորհրդային կառավարութիւնը Պրեստ-Լիթովսքիի մէջ Գերմանիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն հետ կնքեց զինադադար, եւ սկսաւ անջատ հաշտութեան բանակցութիւններու: Խորհրդային Ռուսիոյ կառավարութիւնը փաստօրէն կը հրաժարէր կնքուած պայմագիրներէն: Խախտելով՝ Դեկտեմբեր 18, 1917-ին, թուրք բանակի հրամանատար Վեհիպ Փաշայի առաջարկով Երզնկայի մէջ կնքուած Ռուս-Թրքական հաշտութեան զինադադարէն, ինչպէս նաեւ կը հրաժարէր արեւմտեան Ուքրանիայէն, Պելառուսիայէն եւ Մերձպալթիքիայէն՝ ի օգուտ Գերմանիոյ, իսկ Արեւմտեան Հայաստանը, Կարսը, Արտահանը, իսկ Վրաստանէն՝ Պաթումը կը յանձնուէր Թուրքիոյ: Որուն հետեւանքով, Կովկասեան ճակատը պաշտպանող Ռուս զօրքը զանգուածաբար լքելով իրենց դիրքերը, մեծ քանակութեամբ զէնք ու ռազմամթերք իրենց ետին ձգելով կը վերադառնան տուն: Այսպիսով՝ կը քայքայուի ու կը դատարկուի 750 քմ. երկարութեամբ կովկասեան ռազմաճակատը: Հայ ժողովուրդը կրկին կը կանգնի թուրք բանակի ներխուժման սպառնալիքին առջեւ:
Կովկասեան ռազմաճակատի քայքայումէն ետք, անհրաժեշտ կը դառնայ ինքնապաշտպանութեան նպատակով ազգային զօրաբաժիններու ստեղծումը: Հայոց ազգային խորհուրդը, Արեմտահայութեան ապահովութեան մարմինը, Երեւանի եւ Պաքուի ազգային խորհուրդները մեծ ներդրում կը կատարեն ռուսական բանակի մէջ ծառայած հայ զինուորներէ ու կամաւորական խումբերէ զօրամասեր ստեղծելու գործին մէջ: Երեւան ազգային խորհուրդի ղեկավար՝ Արամ Մանուկեան, աւելի ուշ կը ստանձնէ Երեւանի թիկդատորի պարտականութիւնները: Հայկական զօրամասեր կազմակերպելու համար կը ներգրաւեն Ցարական բանակի հայազգի զօրավարներ եւ բարձրաստիճան սպաներ՝ Թովմաս Նազարբէկեանը, Մովսէս Սիլիկեանը, Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը Դրօ (Դրաստամատ Կանայեան) եւ ուրիշներ: Մարտ 1918-ին, զօրամասերէն կը կազմուի առանձին բանակային ջոկատներ որուն հրամանատար կը նշանակուի Թովմաս Նազարբէկեան, իսկ պատգամաւոր՝ ազգային ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ՝ Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ):
Թուրքերու ապագայ յառաջախաղացքը դէպի Անդրկովկաս կեցնելու եւ գոնէ 1914-ի նախապատերազմեան սահմանները պահպանելու նպատակով Անդրկովկասի կամիսարիատը եւ Սէյմը Մարտ 1918¬ին Տրապիզոնի մէջ Թուրքիոյ հետ հաշտութեան բանակցութիւններու կը սկսին: Թուրք պատուիրակութիւնը գօտեպնդուած իրենց ռազմական յաջողութիւններէն, եւ հենուելով Պրեստ-Լիթովսքիի պայմանագրի ընդձեռնած տուեալներէն, ինչպէս նաեւ նեցուկ ունենալով դաշնակից Գերմանիան, կը պահանջեն Կարսը, Արտահանը եւ Պաթումը յանձնել Թուրքիոյ, եւ աւելին՝ կը ստիպեն որ Անդրկովկասը անջատուի Ռուսիայէն, եւ ինքզինք անկախ հռչակէ: Տրապիզոնի բանակցութիւնները կը մնան անարդիւնք, Անդրկովկասի պատուիրակութիւնը կը վերադառնայ Թիֆլիս:
Տրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, Թրքական զօրքերը կ’արշաւեն Արեւմտեան Հայաստան, առաջին հերթին կը գրաւեն Երզնկան, Փետրուար 3-ին, Բաբերդը, որմէ ետք կ’ուղղուին Կարին, ուր փոքրաթիւ հայկական բանակը Անդրանիկի հրամանատարութեամբ կը ցուցաբերէ հերոսական դիմադրութիւն, սակայն՝ թրքական գերակշիռ ուժերու ճնշումներուն չդիմանալով Կարինը կ’իյնայ, եւ հայութիւնը կը սկսի նահանջել դէպի Անդրկովկաս: Ապա թուրքերը կը գրաւեն Տրապիոզնը, Տարօնն ու Էրզրումը: 1918-ի, Մարտի վերջերը կ’իյնայ նաեւ Սարիղամիշը: Կովկասեան ճակատի հրամանատար վրացի զօր. Իլիա Օտիշելիձէ, Անդրկովկասի նախագահ՝ Ակակի Չեխենկելիիի հրամանով, Ապրիլ 11-12, 1918-ին, գրեթէ առանց կռիւի, թշնամիին կը յանձնէ լաւ ամրացած Կարսի բերդերը, որուն հրամանատարն էր զօր. Թովմաս Նազարբէկեան: Իսկ Ապրիլի կէսերուն թուրքերը կը գրաւեն Վանը:
Տրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններուն, թուրքերու ճնշումով Անդրկովկասի Սէյմը Ապրիլ 9, 2018-ին, վրացի մենշեւիկներու եւ ազերի մահմետականներու ջանքերով եւ որոշումով, Անդրկովկասը կ’անջատեն Ռուսիայէն: Սէյմի հայ պատուիրակութիւնը որ դէմ է առնուած որոշումին, կը մնայ փոքրամասնութեան մէջ: Անդրկովկասի Սէյմը կը հռչակէ Անդրկովկասի Դաշնային Դեմոկրատական Հանրապետութիւն անկախութիւնը, կը կազմուի նոր կառավարութիւն մը վրացի Ակակի Չեխենկելիի նախագահութեամբ: Այս վերջինս՝ կը վարէ թրքամէտ քաղաքականութիւն:
1918-ի, գարնան, Թուրք-Անդրկովկասեան պատերազմը կը վերածուի Թուրք-Հայկական պատերազմի: Գարնան, երեք զօրախումբերէ կազմուած, 50 հազարնոց թուրք բանակը, հրաման կը ստանայ Արեւելեան Հայաստանը գրաւելու հասնելու համար Պաքու, Տաղստան եւ հիւսիսային Պարսկաստան: Մայիս 15, 1918-ին, թուրքերը անցնելով Ախուրեան գետը կը գրաւեն Ալեքսանտրապոլը (Կիւմրին), կը ջարդեն ու կը կողոպտեն անզէն ու անպաշտպան հայութիւնը: Թրքական բանակի 3-րդ եւ 4-րդ, զօրաբաժինները հրաման կը ստանան մտնել Արարատեան դաշտ եւ գրաւել Երեւանը:
Հայաստանի իրավիճակը օրէ օր կը վատթարանայ: Երեւան լեցուած է 300,000 հազար գաղթականներով ու որբերով, սովը կը սպառնար երկրին, համաճարակ հիւանդութիւն, կտրուած արտաքին աշխարհէն, պարենաւորման տագնապ, լքուած ու մերժուած բոլոր բարեկամներէն, հիւծուած ու անօգնական, դէպի Թիֆլիս ու Պաքու տանող ճամբաները փակուած, Պարսկաստան տանող երկա-թուղագիծը աշխատանքէ դադրած, Շարուր-Նախիջեւան անցած է մահմետականներու ձեռքը, իսկ թուրք բանակը կանգնած է Արեւելեան Հայաստանի սեմին, սպառնալու հոն եւս սարքել արեան զար-հուրելի նախաոճիրը, որով հայաթափ դարձած էր ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը ու Կիլիկիան: 1918-ին, գարնան թուրքերը շատ մօտ էին իրենց փայփայած ծրագրի իրագործման: Փախուստի պայմանները հաւասար են մահուան, ելք չկայ, ելքը կռիւ է, միայն հրաշքը կրնայ փրկել զինք, եւ ինք պատրաստուեցաւ այդ հրաշքին:
Մայիս 21-ին, թուրք բանակը երեք ուղղութեամբ կը շարժի դէպի Արեւելեան Հայաստան, գրաւելու համար Անդրկովկասը: Առաջինը զօրաբաժինը՝ 15 հազարէ զինուորներէ բաղկացած, Եագուպ Շէֆքեթ փաշայի հրամանատարութեամբ, կը գրաւեն Արմաւիր գիւղը, Սարդարապատը եւ Արագած կայարանը, եւ իրենց հայեացքը կ’ուղղեն դէպի Էջմիածին ու Երեւան, պէտք է գրաւեն Պաքու տանող երկաթուղագիծը, մահ ու աւեր տարածեն Արարատեան դաշտէն մինչեւ Զանգեզուր, Արցախ ու Գանձակ, հասնելու համար Պաքու՝ միանալու իրենց ցեղակիցներուն, կազմելու համար Թուրանական կայսրութիւնը: Երկրորդ զօրաբաժինը՝ կ’ուղղուի դէպի Ղարաքիլիսէ, Լոռին ու շրջակայ գիւղերը գրաւելէ ետք, ուղղուելու դէպի Թիֆլիս: Իսկ երրորդ զօրաբաժինը՝ կ’ուղղուի դէպի Բաշ-Ապարան, զայն գրաւելէ ետք, պէտք էր շարժի Երեւանի վրայ՝ դէպի Պաքու արշաւանքը դիւրացնելու նպատակով: Այսինքն, Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի գիծին վրայ պիտի լուծուէր ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ եւ նաեւ Թիֆլիսի ու Պաքուի հայցը: Թրքական բանակի Արեւելեան Հայաստան ներթափանցումը կեցնելու համար, հարկ է երեք ճակատներու վրայ կազմակերպել դիմադրութիւն: Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ընդհանուր հրամանատար կը նշանակուի Զօր. Մովսէս Սիլիկեան, Բաշ-Ապարանի հրամանատար, Զօր. Դրաստամատ Կանայեան (Դրօ), իսկ Ղարաքիլիսէի հրամանատար Զօր, Դանիէլ-Բէկ Փիրումեան:
ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ
Մայիս 21-22ին, Սարդարապատի մօտ դիրքա-ւորուած հայոց բանակը, քաջաբար եւ առանց ընկրկումի կը դիմադրէ երկու ճակատներէ յարձակող 15 հազար հաշուող թուրք բանակը, որոնք կը փորձէ վճռական հարուած տալ հայոց 10 հազարէ կազմուած բանակին, որուն՝ մաս կը կազմեն 5 հազար փորձառու ֆետայիներ: Զարմանալիօրէն կը կրկնուի Աւարայրի հոգեբանութիւնը: Հայոց փոքրաթիւ զօրագունդը Աւարայրի ոգիով թրծուած ու վճռակամութեամբ զինուած, հակայարձակումի կ’անցնի գերահզօր թուրք բանակին վրայ: Աւարայրի հայոց զօրքը հայրենասիրական խօսքերով քաջալերող Յովսէփ Վայոց ձորեցի կաթողիկոսի, եւ Ղեւոնդ երեցի արժանաւոր հետեւորդները կը հանդիսանան Գէորգ 5-րդ, Սուրէնեանց կաթողիկոս, Էջմիածինի ճեմարանի տեսուչ Գարեգին եպս. Յովսէփեան (յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս), Էրզրումի առաջնորդ Զաւէն Արք. Բաբայեան, Եզնիկ եւ Թադեւոս եպիսկոպոսները եւ ուրիշներ, որոնց հայրենասիրական յորդորներուն ու ջանքերուն շնորհիւ հայ զինուորին, մտաւորականին ու շինականին, քաղաքացիին ու գիւղացիին, արհեստաւորին ու բանուորին, ծերունիին ու պատանիին, կինին ու աղջիկին համոզեցին թէ այլեւս նահանջի տեղ չկայ: Մայիս 22-ի գիշերը, գնդապետ Դանիէլ Բէկ Բիրունեան հրետանային նախապատրաստութենէ ետք, յաջորդ առաւօտ ժամը 6-ին, Էջմիածնի եւ շրջակայ վանքերու, ինչպէս նաեւ Արարատեան դաշտի եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջներուն առընթեր կու տայ յարձակման հրաման, հայկական բանակի թնդանօթները կը գոռան, որոնց շեշտակի հարուածներուն ու հայոց բանակի ուժգին հակայարձակումով կը փշրեն թուրք բանակի ողնաշարը ու կը վերագրաւեն մէկ օր առաջ թշնամիին կողմէ գրաւուած Սարդարապատ գիւղը եւ կայարանը: Մայիս 23¬ի գիշերը, երբ Դրօ կը տեսնէ Հայոց բանակի յաղթանակը, անմիջապէս կը հեռաձայնէ Զօր. Սիլիկեանին ըսելով.- ,Մերոնք ջարդեր են, մերոնք յաղթել ենե: Հայոց բանակի հարուածներուն տակ յուսալքուած թշնամին փախուստի կը դիմէ, որոնք, պատերազմի դաշտին վրայ, 3500 ստատակ ու վիրաւոր, ահագին քանակութեամբ զէնք, ռազմամթերք եւ պաշար իրենց ետին թողելով կը նահանջեն 15-20 քիլոմեթր: Սակայն երբ հայերը կը դադրեցնեն հետապնդումը, թուրք հրամանատարը կը փորձէ կարգի բերել իր ուժերը Արաքս կայարանի հիւսիւս¬արեւմտեան կողմը գտնուող Չիմնի եւ Թուլիքի բարձունքներուն վրայ: Թշնամին հետապնդող հայոց բանակի ջոկատները, թիկունքէն կը հարուածեն յուսալքուած թշնամին, որոնք անակնկալի գալով զիրար կոխկռտելով կը փախչին դէպի Ալեքսանտրապոլ (Կիւմրի): Մայիս 28-ին, Սարդարապատի Ճակատամարտը կաւարտի հայերու լիակատար յաղթանակով:
ԲԱՇ-ԱՊԱՐԱՆԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ
Մայս 23-ին, Սիլիկեան ջոկատ մը կը ղրկէ Բաշ-Ապարանի ճակատ՝ Դրոյի ղեկավարութեամբ, Սարդարապատի մէջ կը մնայ Պօղոս Բէկ Բիրումեանի՝ կամաւորներէ կազմուած 5-րդ, մահապարտերու գունդը, երկու հեծեալ 1000 ձիաւորներէ կազմուած թռուցիկ գունդը՝ Յովսէփի եւ Պանդուխտի (Միքայէլ Սերեան), եւ ժողովրդային նորակազմ վաշտը (աւելի քան 1000 կռուողներէ) եւ այլ զօրագունդեր: Մայիս 20-ին, թուրքերը արդէն իսկ գրաւած էին Համամլուն (ներկայիս Սպիտակ): Թրքական 39-րդ, զօրաբաժինը (9-10 հազար), կ’ուղղուին դէպի Բաշ-Ապարան, Աշտարակ-Եղուարդ, Կոտայք, այդ ուղղութենէն դուրս գալով կը փորձեն գրաւել Քանաքերը, Երեւանը շրջափակելու նպատակով: Մայիս 24-ին, Դրոյի հրամանատարութեամբ (շուրջ 5 հազար հոգի) կը մտնեն Ալի Քուչակ՝ Էսադ Փաշայի հրամանատարութեամբ դէպի Բաշ¬Ապարան արշաւող թուրք բանակը դիմադրելու համար: Մայիս 26¬ին, թուրքերը կ’անցնին ընդհանուր յարձակումի, կատաղի կռիւները կը տեւեն մինչեւ Մայիս 29-ը, Զօր.Դրոյի հմուտ ղեկավարութեամբ թրքական բանակի երկու ջոկատներ կը ջախջախուին ու կ’ոչնչանայ նաեւ անոնց ծանր հրետանին: Թշնամին մարտադաշտին վրայ 200 աւելի սատակ, եւ մեծ քանակութեամբ ռազմամթերք ձգելով կը նահանջէ: Դրոյի զօարաբաժինին մէջ, թուրքերու դէմ կը կռուին նաեւ եզիտիներ (1500 ձիաւորներէ կազմուած), Ջահանգիր աղայի ղեկավարութեամբ: Ճակատամարտին կը զոհուի յայտնի հարիւրապետ՝ Չեմալեակը՝ (Յարութիւն Նանումեան):
ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԷԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ
Մայիսեան հայ-թրքական պատերազմի վճռական ճակատամարտերէն մէկն էր նաեւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտը: Ալեքսանտրապոլի (Կիւմրի) անկումէն ետք, թուրք բանակը Ջավաթ Պէյի հրամանատարութեամբ կը շարժին դէպի Ղարաքիլիսէ: Մայիս 20-ին, թուրքեը կը գրաւեն Ջաջուռը, Աղբուլաղը, Ղալաթաղչին, իսկ Մայիս 21-ին, Վորոնցով-կան: Մայիս 22-ին, Հայոց ջոկատի հրամանատար Զօր. Թովմաս Նազարբէկեան եւ բարձրագոյն հրամանատարութիւնը կը փոխադրուին Դիլիջան: Մայիս 21-22ի Ջալալօղլիի մօտ մարտերէն ետք, Անդրանիկ իր ջոկատով կը կեդրոնանայ Դսեղ գիւղին մէջ եւ հետագայ մարտերուն չի մասնակցիր: Զօր. Նազարբէկեանի հրամանով հայկական բանակի առաջին զօրամասը երկու լեռնային մարտ-կոցներով կը դիրքաւորուին Շահալի (Վահագնի), իսկ մնացեալները կը դիրքաւորուին Դիլիջանի մօտ: Հայոց բանակը շեշտակի հարուածներով մեծ կորուստներու կը մատնէ Ղշլաղ գիւղին մօտ եւ Մամեխի լերան լանջերուն դիրքաւորուած թուրք բանակի շարքերուն: Այս ահաւոր մարտերուն կը զոհուին Ղորղանեանի ջոկատի հրամանատար՝ Գուրգէն Մովսիսեան եւ ուրիշներ: Սակայն, թուրքերը նոր ուժեր ստանալով կ’անցնին հակայարձակողականի, կը ներխուժեն Ղարաքիլիսէ կը կոտորեն ու կը կողոպտեն հայ բնակչութիւնը: Հայոց բանակի ռազմամթերքը սպառելու վրայ է, հետեւաբար հայ զինուորները իրենց սուրերով կը խուժեն թուրք բանակին մէջ, եւ մեծ կորուստներ կը պատճառեն գերակշիռ թուրք բանակի շարքերէն ներս, եւ կը կասեցնեն անոնց յառաջխաղացքը դէպի Դիլիջան ու Թիֆլիս: Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի յաղթանակներուն լուրը կը հասնի, թուրքերը պարտուած ու յուսալքուած զինադադար կը յայտարարեն: Կռիւները կը դադրին Մայիս 28-ին:
Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի վճռական գոյամարտերու յաղթանակով, կ’երաշխաւորուի հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը: Հինգ դարերու ստրկութենէ ետք, 12,000 քիլոմեթր տարածութեամբ Հայաստան անկախացաւ: Հայաստանի անկախութեան յայտարարութիւնը իսկապէս պէտք է համարուի Մայիս 30-ը: Հակառակ անոր, Մայիս 28-ին, ազգային խորհուրդը հաշտութեան պատուիրակութիւն մը Պաթում կը ղրկէ: Անուղղակի կերպով Մայիս 28-ը, կարելի է համարել անկախութեան սկիզբը, որովհետեւ հաշտութեան բանակցութիւնները վարելու համար նախապայման է անկախութեան յայտարարութիւնը: Այդպիսով Հայաստան անկախութեան ծագման օրը եղաւ Մայիս 28-ը: Այդ օրը նուիրական դարձաւ հայ ժողովուրդին համար, եւ մտաւ ազգային տօնացոյցին մէջ, որպէս սրբազան տօներէն մէկը: Մայիս 30-ին, Պաթումի մէջ կը սկսի բանակցութիւնները Օսմանեան Թուրքիոյ եւ հայկական պատուիրակութեան միջեւ, որ կը տեւէ 4 օր: Յունիս 4-ին, Օսմանեան եւ հայկական պատուիրակութիւններու հանդիսաւոր նիստին, կը ստորագրուի հաշտութեան դաշնագիրը Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ: Առաջին միջազգային վաւերաթուղթն էր այս, որ կը ստորագրեն անկախ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչները:
Անկախ Հայաստանի կառավարութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան՝ ,Հայաստանի Հանրապետութիւնե հսկայածաւալ իր հատորին մէջ կ’ըսէ.- ,Այսպէս ուրեմն, ընդհանուր եւ ընդ սուր անցնելով՝ Հայաստան կոչուեց անկախ կեանքի: Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չնդունուեց հանրապետութեան ծնունդը: Ընդհակառակը շատերի համար նա նկատւում էր անժամանակ ծնունդ: Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր՝ շշնջալով.- ,Դու իմ ուրախութիւնն ես, դու՝ դժբախտութիւնը իմե: Այո, արցունքի ու տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան, անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ, իւրօք որ, զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններուն թւում էր հեգնանք: Փաստօրէն հայերու ձեռքը մնացած է շատ փոքր հողաշերտ մը՝ հազիւ 12,000 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ, աղքատ կիսակործան երկիր մը՝ կցկուած չոր լեռներուն մէջ, ծանրաբեռնուած գաղթականներով ու որբերով, շրջապատուած թշնամիներով, եւ անօգնական:
Անկախ Հայաստանը իր երկու ու կէս տարուայ կեանքի ընթացքին, հազիւ թէ սկսած էր դարմանել իր վէրքերը ու ընդլայնել փոքրացած Հայաստանի տարածութիւնը, պատահեցաւ անսպասելին, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետը Սիմոն Վրացեան կ’ըսէ.¬ ,Հայաստան Պոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւե: Հայաստանի խորհրդարանական կառավարութիւնը մեկնելով ազգին ու հայրենիքին ընդհանուր ու գերագոյն շահերը, եւ աչքի առաջ ունենալով հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող ահաւոր վտանգը, խաղաղ պայմաններու տակ, Դեկտեմբեր 2, 1920-ին, կառավարութիւնը կը յանձնէ Հայաստանի յեղկոմին: Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը վերածուեցաւ՝ Հայաստանի Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութեան: Սակայն եւ այնպէս, 70 տարիներ, համայնավար կարգերու բռնութեան լուծին տակ, հայրենաբնակ ժողովուրդի մտքին ու հոգիին մէջ, միշտ վառ մնաց Մայիս 28, 1918-ին, արիւն ու քրտինքով եւ մեծ զոհողութեամբ ձեռք բերուած անկախ Հայաստանի երազանքը: Համայնավար կարգերու փլուզումով հայրենաբնակ հայութիւնը Սեպտեմբեր 21, 1991-ին, անգամ մը եւս հռչակեց ազատ ապրելու իր իրաւունքը, եւ պաշտպանելու հայրենիքը բոլոր տեսակ թշնամիներու ոտնձգութիւններէն: Առանց Մայիս 28, 1918-ի, կերտուած առաջին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան, գոյութիւն պիտի չունենար ո՛չ Հայաստանի Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը, եւ ո՛չ ալ ներկայ Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը:
Այս օրերուն, երբ Հայաստանի, Արցախի եւ Ափիւռքի տարածքին, պետական չափանիշով եւ համազգային առումով կը պատրաստուինք տօնակատարել Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100¬ամեակը, պահ մը՝ եկէ՛ք ազգովին ուխտե՛նք հաւատարիմ մնալ ու գուրգուրալ կերտուած հայրենիքի անկախութեան ու զայն պաշտպանել ամէն գնով: Հետեւաբար, կը խոնարհինք Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի վճռական գոյամարտերուն Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ստեղծնան պայքարի ծառայած ու իրենց կեանքը զոհաբերած մեր բոլոր յայտնի եւ անյայտ հերոսներու անմեռ յիշատակին առջեւ: