ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ԿԱՐԴԱՐ ԵՒ ՉԵՆՔ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆԵՐ

0 0
Read Time:5 Minute, 20 Second

 

Յ. Պալեան

            Ժողովուրդ մը աշխարհի բեմին վրայ մնալու համար պիտի գիտնայ, թէ ուրկէ՞ կու գայ, ինչպէս հիւսուած է իր կեանքը, ծնունդ տալով իր իւրայատուկ ինքնութեան:  Այս պատմութիւն է, թուականներով եւ անուններով: Կայ նաեւ միւս պատմութիւնը, որ յիշողութեամբ կու գայ, առասպելները՝ որոնք հոգեկան-ոգեկանի արձանագրութիւններն են ենթագիտակիցի մէջ: Իսկ մշակոյթը, իր բոլոր արտայայտութիւններով, մշակուած շարունակութիւնն է ժողովուրդի ենթագիտակիցի արձանագրութիւններուն, որոնցմով կը կերտուի ինքնութիւն:

            Պատմագիտութիւնը օգտակար է քաղաքականութեան եւ մեզմէ դուրս եղած աշխարհին հետ յարաբերելու համար: Պէտք է գիտնալ պատմութիւնը: Ան արմատներու գիտակցութիւն է, որ կ’ըսէ, թէ աշխարհի տուեալ շրջանին մէջ ապրած են նախահայրեր, եւ անոնց շարունակութիւնն ենք: Ան գիտութիւն է, օտարներ ալ կրնան գիտնալ այդ պատմութիւնը, ուսումնասիրել, բայց անոնք չեն կրնար սեփականացնել զայն եւ ոչ ալ սեփականացուիլ անոր կողմէ: Շուէտացիին համար Զուլուներու պատմութեան գիտութիւնը այդքան է, ծանօթութիւն, ան իրեն չի պատկանիր, իր անցեալի եւ ներկայի հայելին չէ:

            Ազգի մը պատմութիւնը նաեւ իր մշակութային ժառանգութիւնն է, որուն մէջ ան կը կարդայ եւ կը սորվի իր ինքնութիւնը: «Սասունցի Դաւիթը» օտարին համար  պատում է, հէքիաթ, հերոսական դրուագ, հայուն համար ան խորհրդանիշ է, իր ճակատագրին խտացումը: Պառաւը անհոգ ապրող Դաւիթին կը յիշեցնէ իր արմատները եւ ժառանգութեան տէր ըլլալու պարտականութիւնը: Պառաւը՝ ժողովուրդ: Եւ Դաւիթ կ’ըլլայ տէր իր ժողովուրդի եւ իր ճակատագրին: Նաեւ այսօր. ժողովրդական պարզ ողջախոհութիւնը մեծերուն, փոքրերուն, նորերուն, հայաստանաբնակին եւ գաղթականին, ան ըլլայ հայրենահանուած թէ արտագաղթած, ֆիզիքական եւ հոգեկան շարունակութեան շղթան չկտրելու յիշեցումը պէտք է ընէ: Մշակոյթը, իր բոլոր արտայայտութիւններով, ինքնութեան գիտակցութեան անշրջանցելի պատմութիւնն է:

            Այսօր ականատեսներն ենք շարունակութիւն ըլլալու շղթային անջատումներուն: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Այս զոյգ հարցումներուն երբ կը փորձենք պատասխանել, ազնիւ յանդգնութիւնը պիտի ունենանք, պէտք էր որ ունեցած ըլլայինք, չտարուելու համար կարկտաններով, փաչուըրքով, մարդորսութեամբ, prosélytisme, հաճոյախօսութեամբ: Պարտադրուած կամ կամաւոր գաղթականութիւնները, ինչ ալ ըլլան պատճառները, հայը կը զրկեն, զրկած են, ինքնուրոյն ազգի մաս կազմելու գոյութենական երկու հիմնական ազդակներէ. Հայրենիք-հողը եւ լեզու-պատմութիւն-մշակոյթը:

            Ապրողներու աշխարհին մէջ, անասուն եւ ասուն, կայ ինչ որ կը կոչենք հողային հրամայականը, որ մարդոց հաւաքականութեան պարագային կը դառնայ սեփական հայրենիք: Կենդանիները ունին իրենց կենսատարածքը, զոր իրենք կը սահմանեն բնազդաբար: Երբ կարգ մը կենդանիներ կը փոխադրուին իրենց բնավայրէն հեռու եւ տարբեր վայր, երկար ժամանակի կը կարօտին սերնդագործելու համար: Գազան, թռչուն, թէ միջատ, բոյն կը շինեն, իրենց որջը կ’ունենան, սերունդի շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ինչպէս մարդը՝ իր տունը, ընդարձակուելով՝ գիւղը, քաղաքը, երկիրը: Տարածք, բոյն կամ որջ, տուն, կը պաշտպանուին: Անոնց հարազատութիւնը շաղախ է խումբի միութեան ամրացման:

            Մեր պատմութեան եւ գրականութեան մէջ կան էջեր, որոնք հողի, տան, հարազատութեան մասին կը խօսին: Պարսիկներու թագաւորը Արշակ Բ.-ի հնազանդութիւնը փորձի ենթարկելու համար, Հայաստանէն հող բերել կու տայ, եւ այդ հողը կը փռեն ընդարձակ տեղ մը: Պարսից թագաւորը եւ Արշակ կը քալեն պարսից հողին վրայ եւ ապա կ’անցնին հայկական հողի վրայ: Արշակ Բ. իր հպարտութիւնը եւ յանդգնութիւնը կը վերագտնէ երբ կը քալէ հայկական հողի վրայ, կը դառնայ հեզ եւ խոնարհ երբ պարսկական հողին վրայ կը քալեն: Առասպե՞լ թէ իրականութիւն, դէպքը կը վկայէ սեփական հողի ուժի մասին:

            Անբնական չէ հողի ուժին առթած գիտակցութիւնը, քանի որ հողին վրայ է միայն որ մարդ կը հասկնայ, որ ինք շղթայի մը օղակն է, հոն են հայրերու եւ նախահայրերու գերեզմանները, անոնց անունները տրուած են տարածքներու եւ անտառներու, որոնց ծառերուն մէջ կ’ապրին անոնց հոգիները: Հողի, բնակավայրի եւ խումբի ըմբռնումը միաձուլուած է ՏԱՆ մէջ, կ’ըսենք նախարարական Տուները, ուրիշ ժողովուրդներ կը նոյնացնեն Տունը, խումբը եւ իշխանութիւնը: Կ’ըսեն Ֆրանսայի արքայատոհմի Քափեսիէններու Տունը, Աւստրօ-հունգարական իշխող Հապսպուրկներու Տունը, տոհմի կամ մեծ ընտանիքի իմաստով: Խանգարուած է եւ մենք ալ կը խանգարենք Հայոց Տունը, գաղթականութեան վիճակը ընդունելով որպէս մնայուն, անշրջանցելի, անվերադարձ: Հողէն զրկուելով, պարտադրուած եւ ինքնապարտադրուած ընտրանքով, Հայոց Տան համար շարունակութիւն ըլլալու ճանապարհը կը տանի անել, փակուղի, անխուսափելիօրէն պիտի ըլլայ անհարազատ նորի մը սկիզբ, ժամանակ մըն ալ յիշելով ծագում:

            Արշակ թագաւորին հողէն ստացած ուժէն կը զրկուին հայրենահանուածները, արտագաղթողները, հաւասարապէս գաղթականներ, որոնք իրենք զիրենք կը դատապարտեն շարունակութիւն չըլլալու մոլորումի:

            Այս մոլորումին անխուսափելիօրէն կը հետեւի բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի հոգեհարազատ միւս տան նկատմամբ մեր ունեցած մոլորումը: Ոչ թէ ամավերջի հանդէսներուն մանուկներու արտասանած «Հայ Լեզուն Տունն Է Հայուն աշխարհի չորս ծագերուն / ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ» բանաստեղծութիւնը ծափահարելու եւ յուզուելու, հարց պէտք է տանք մենք մեզի, եկեղեցիներուն մէջ, մեր հանդիսութիւններուն, ժողովներուն, մամուլին, հրատարակութիւններուն մէջ, թէ այդ Լեզուն հայո՞ւ տուն է, ինչով փոխարինուած է, ուր հասնելու համար: Չե՞նք տեսներ, որ այդ ձեւով գոհունակութեամբ նորի մը սկիզբ կ’որդեգրենք, դադրելով ըլլալէ «տանտէր հարազատ»: Ժամանակ մըն ալ մեծ հայրիկի եւ մեծ մայրիկի ձեռագործի եւ խոհանոցի յիշատակով պիտի ապրինք: Յետո՞յ: Երբեմն ալ յուշագրութիւն պիտի հրատարակենք կամ ապսպրենք, խիղճ հանդարտեցնելու կամ սնապարծութեան համար:

            Յետո՞յ: «Ծագումով հայ» ըլլալն ալ պիտի մոռցուի:

            Արցախցի մտաւորական մը հետեւալը պատմեց: Իր մեծ հայրը երբեք «ֆ» տառի հնչիւնը չէ գործածած: Այդ հնչիւնը հայերէնի մէջ մուտք գործած է միջնադարուն: Մեծ հայրը միշտ ըսած է «փուտբոլ», «փրանգ»: Հայը հողին վրայ պահած է իր լեզուի հարազատութիւնը: Հակառակ փոթորիկներու լեզուով մնացած է անխաթար շարունակութիւն:

            Պէտք է անդրադառնալ, որ սփիւռքեան կացութիւնը հայութեան յարաբերաբար կը հասկցուի հայ գիւղացիի պարզ եւ իմաստուն բացատրութեամբ: Օրինակը տարբեր առիթներով ալ յիշած եմ: Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական լարուածութեան օրերուն, սահմանի վրայ գտնուող հայկական Այնճար գիւղաքաղաքի հայ մարդուն հարց տուի թէ, ո՞ւր է սահմանը: Ան պատասխանեց. «Անձրեւ երբ գայ ջուրը այն կողմ երթայ կ’ըլլայ Սուրիա, այս կողմ գայ կ’ըլլայ Լիբանան»: Իրատեսական պահու մը հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ է ապագան սփիւռք(ներ)ի: Անսեթեւեթ պատասխանը պէտք է ըլլայ այն, որ հայկական հարազատ գոյութիւնը պիտի շարունակուի հայկական հողի վրայ: Սփիւռք(ներ)ի գոյութիւնը կը պայմանաւորուի ժամանակով եւ շրջապատի ուղղակի-անուղղակի ճնշումով: Մէկ բան որոշ պէտք է ըլլայ, որ սփիւռք-ազգ չի կրնար ըլլալ, այդ անհեթեթով օրօրուիլ ինքնախաբէութիւն է:

            Ուրեմն յետո՞յ

            Ազգի շարունակութիւնը ապահովելու եւ ինքնութիւն պահելու համար մեծ տեսութիւններու կարիք չկայ. վերադարձ հող-հայրենիքին եւ հայու իսկական տուն մշակոյթին եւ լեզուին:

            Ինչպէ՞ս: Բայց ի՞նչ բանի համար են գիտաժողովները, խորհրդաժողովները եւ ղեկավարութիւնները: Հաւաքականութիւնները կարելի չէ տեւաբար պահել սպասման սենեակներու մէջ:

            Որոշման եւ գործադրութեան օրակարգ պէտք է դարձնել շարունակութիւն ըլլալու պարզ-բարդ խնդիրը, ըմբռնած ըլլալով, որ նորի սկիզբի վախճանը անհարազատն է:

            Համազգային գաղափարախօսութենէ ներշնչուած հայրենադարձութիւնը եւ իւրաքանչիւր հայու համար հոգեհարազատ մշակոյթի եւ լեզուի վերականգնումը գոյատեւման անշպար քաղաքականութիւն է: Միջին ճամբայ չկայ:

            Ցուցադրականը եւ քարոզչականը հրավառութիւններ են, յարդի բոցի կեանքով: Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ժողովուրդին պէտք է խօսիլ այս պարզութեամբ եւ ղեկավարութիւնները, լսելի դառնալու համար իրենց անձին օրինակով պիտի խօսին:

            Մանր եւ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւնները, փառասիրութիւնները եւ մարդորսական ճապկումները հեռանկար չեն կրնար ըլլալ ազգին համար:

            Ողջախոհութիւն է ըսել, որ եթէ այս պարզ ճշմարտութիւնները այսօր չառաջնորդեն ազգը, վաղը ապահովաբար ուշ կ’ըլլայ:

            Կ’ըլլայ սկիզբ անդիմագիծ եւ անհարազատ նորի, բայց ոչ նախկինի շարունակութիւն:

            Եւ կ’ըլլանք ուրիշ:

            Սեփական ժողովուրդին հետ իրաւութեամբ չխօսիլ օգտակար չէ եղած եւ պիտի չըլլայ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles