ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 103-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 22 Second


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, Շերիտըն Սըրքըլի շրջանին մէջ, տեղի ունեցաւ ցոյց մասնակցութեամբ տեղւոյն գաղութին: Կազմակերպութեամբ Հայ Դատի գրասենեակին եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ՛՛Անի՛՛ մասնաճիւղին, այս հաւաքին նաեւ մասնակցեցան Քալիֆորնիայէն ժամանած ՛՛Ֆերահեան՛՛ վարժարանի աշակերտները:
Հ. Ե. Դաշնակցութեան ՛՛Անի՛՛ մասնաճիւղի անունով, խօսք առաւ Ալեքս Մանուկեանը, որ յայտնեց թէ.- ՛՛Դեռ տարի մը առաջ, Թուրքիոյ բռնատէր Էրտողանի թիկնապահները վայրագօրէն յարձակեցան ցուցարարներու վրայ եւ դժբախտաբար, hակառակ կատարուած հետապնդումներուն, պատշաճօրէն չպատժուեցան: Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան երկրի մը մէջ կը պատահեցաւ այս դէպքը եւ հակառակ ասոր, կարելի չեղաւ յանգիլ արդար վճիռի՛՛, ըսաւ Մանուկեան աւելցնելով թէ, նախագահ Թրամփն ալ, իր անտարբեր մօտեցումով, յաւելեալ յուսախափութիւն կը պատճառէ:
Նշենք թէ, խումբ մը թուրք եւ ազերի ցուցարարներ հաւաքուած էին եւ հակահայ խօսքերով եւ լոզուnքներով, կը փորձէին արգելք հանդիսանալ այս հաւաքին:
Սպիտակ Տան դիմաց ալ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, Ապրիլ 21-ին, ուր անգամ մը եւս Հ.Ե.Դ.-ի անդամները պահանջեցին Հայոց Ցեղասպանութեան պատշաճ ճանաչում: ՛՛Տարիներ շարունակ, Թուրքիա կը փորձէ մոռցնել տալ իր կատարած ահաւոր ոճիրը՛՛, յայտնեց երիտասարդականի անդամ Մարի Թիքոյեան:
Իսկ Դաւիթ Պուրնազեան խօսք առնելով, յայտնեց.- ՛՛Կը պահանջենք նախագահ Թրամփէն որպէսզի ճնշում բանեցնէ դաշնակից Թուրքիոյ վրայ, յաչս արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն՛՛:
Ապրիլ 22-ին, շաբաթօրեայ ՛՛Համաստեղ՛՛ վարժարանի աշակերտները, յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպեցին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ՛՛Արապեան՛՛ սրահին մէջ:
Յայտագիրը ներկայացուց Շողիկ Ակիլեանը: Երաժշտութեան դասատու Թամար Գոլէճեանի ցուցմունքներով, աշակերտները երգեցին փունջ մը ազգային-ազատագրական երգեր, որոնց կարգին ՛՛Հայեր Միացէ՛ք՛՛, ՛՛Սարդարապատ՝՝, ՛՛Ծիծեռնակ՝՝, եւայլն:
Այլ աշակերտներ արտասանեցին բանաստեղծութիւններ, որոնց կարգին ՛՛Հայու Հոգին՛՛ (Համաստեղ), ՛՛Հայ Լեզուն՛՛ (Մուշեղ Իշխան), ՛՛Ամենայն Սրտով՛՛ ( Յովհաննէս Շիրազ), ՛՛Հայերէն՛՛ (Խաչիկ Դաշտենց) եւայլն:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները խմբուելով կազմեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, իսկ աւարտին շրջանի հովիւ Սարգիս Ագթաւուքեան կատարեց աղօթք: Շնորհիւ դոկտ. Զարեհ Սողոմոնեանի, կարելի եղաւ այս ձեռնարկը ուղղակիօրէն սփռել դիմատետրի միջոցաւ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles