Յակոբ Եափուճեանի Յիշատակին

0 0
Read Time:2 Minute, 57 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, Ապրիլ 8, 2018

Երկու ամիս առաջ կորսնցուցինք Յակոբ Եափուճեանը: Մեծ կորուստ մը:
Ինչո՞ւ այս կայծակնային արագութեամբ հարուածեց մահը Յակոբին:
Ինչո՞ւ այս սուռ եւ անակնկալ յաւիտենական ճամբորդութիւնը:
Կարելի՞ է չափսոսալ կեանքի խաւարման այս իրականութենէն:
Յաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս՝ երբ դէմ հանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը:
Ան մեկնեցաւ շատ կանուխ խոր սուգի մէջ ձգելով ամբողջ իր շրջապատը:
Անողոք հիւանդութիւնը գաղտնօրէն կատարեց իր որոշումը:
Իմ ծանօթութիւնս իր հետ սկսաւ 1972-էն, երբ ինծի դիմած էր որոշ առողջական հարցով մը: Վիրաբուժական գործողութին մը պարտադիր էր: Կատարեցի այդ գործողութիւնը եւ Յակոբ վերագտաւ իր առողջութիւնը: Այդ եղաւ մեր բարեկամութեան եւ ընկերութեան սկզբնաւորութիւնը: Յաճախ կը տեսնուէինք եւ կը զրուցէինք ընդհանրական հարցերու, կացութիւններու եւ երեւոյթներու ու մանաւանդ հայութիւնը յուզող հարցերու մասին: Մեր մտերմութիւնը աւելի զարգացաւ Համազգայինի շրջագիծէն ներս: Ես որպէս Անթիլիասի Համազգայնական, որպէս Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Լիբանանի շրջանային վարչութեան ատենապետ կը հանդիպէինք եւ կը փոխանակէինք շինիչ խօսակցութիւններ: Մեր բարեկամութիւնը աւելի խորացաւ երբ միասին գործեցինք Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան մէջ չորս տարիներ: Այս չորս տարիներուն ես իրապէս ճանչցայ Յակոբը իր ամբողջութեանը մէջ:
Յակոբ ունէր յատկանշելի յատկութիւններ՝ բծախնդրութիւն, լրջութիւն, նախանձախնդրութիւն, շրջահայեացութիւն, անկեղծութիւն, համարձակութիւն, անշահախնդրութիւն, անկողմնակալութիւն:
Ան բացառիկ ժողովական մըն էր, ունէր յատուկ ժողով վարելու կարողութիւն: Ան կենսունակ ժողովական էր, արթուն ղեկավար էր: Իր կեցուածքներուն, դատողութիւններուն եւ որոշումներուն մէջ արդար էր: Յարգալից էր բոլոր ժողովականներու հանդէպ, կը լսէր մտիկ կ՚ընէր բոլորին կածիքները: Որպէս ատենապետ գիտակից էր իր պարտականութիւններուն: Կու գար յստակ բանաձեւումներով եւ իր առաջարկները կը ներկայացնէր առարկայական տուեալներով:
Ան կարգ ու կանոնի մարդ էր: Կը հաւատար գործի եւ ոչ թէ խօսքի, կը հաւատար հաւաքական աշխատանքի եւ գործի կարեւորութեան:
Իր մտասեւեռումն էր Համազգայինի ճեմարանի նիւթական առողջ տնտեսումը, կրթական մակարդակի բարելաւումը ինչպէս նաեւ Համազգայինի ֆոնտերու վերաշխուժացումն ու ամրապնդումը:
Մեծ ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը կարդայի դաշնակցական ղեկավարներու իր գրած յօդուածները: Յաճախ կը հարցնէր՝ սիրելի տոքթէոր կ՚ուզեմ կարծիքդ առնել այս ինչ յօդուածիս մասին:
Վերջին տարիներուն Մոնրէալի մէջ մեր մտերմութիւնը գագաթնակէտին հասաւ: Մեր յաճախակի ընկերային եւ ընտանեկան հաւաքները առիթ կ՚ըլլային, որպէսզի սրտբաց խօսեէինք եւ անդրադառնայինք համահայկական հարցերու, մտահոգութիւններու, առողջ եւ վատառողջ երեւոյթներու, յաջողութիւններու ու ձախողութիւններու:
Այսպէս ճանչցայ Յակոբը:
Սիրելի եւ անմոռանալի Յակոբ՝ որպէս մէկ ընկեր եւ բարեկամ, յետ մահու կ՚ուզեմ զրոյց մը ունենալ քեզի հետ.-
Քեզ ճանչցայ որպէս մտերիմ ընկեր, խոհեմ բարեկամ, ազնուական հոգի եւ միտք, որպէս պայծառամիտ եւ հանդարտաբարոյ հայ մարդ.:
Առ յաւէտ պիտի յիշեմ քու մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ:
Մահուանդ փոթը շուտով դարձաւ տխրութեան եւ վիշտի հէքիաթ ու դաժան իրականութիւն: Քու մահովդ հոգիս եղաւ թախծոտ ու մռայլ:
Շատ շուտ մեկնեցար սիրելի Յակոբ, արդէն կարօտցած եմ ընկերութիւնդ, անկեղծութիւնդ, յաճելի խօսքերդ, ու մանաւանդ մտածումներուդ եւ կեցուածքներուդ թափանցիկութիւնը:
Սիրելի Յակոբ՝ վստահ եմ դամբարանիդ մէջ հանգիստ ու խաղաղ կը ննջես եւ բանաստեղծին նման սրտիդ խօսքը կ՚ուղղես մեզի եւ կ՚ըսես՝
Մնաք բարով, ասում եմ ես, բոլոր մարդկանց՝ չար ու բարի,
Տանջուող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով, ասում եմ ես , ընկերներիս՝ մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս՝ չար ու արթուն, ասում եմ ես մնաք բարով:
Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով:
Այո՛ պիտի յիշենք քեզ շարունակ սիրելի Յակոբ: Յիշատակդ անխախտ պիտի մնայ հոգիիս եւ սրտիս մէջ: Առ յաւէտ պիտի յիշեմ մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ: Բացակայութիւնդ կեանքիս մէջ պիտի դառնայ մորմոք ու ցաւ: Այո՛ բացակայութիւնդ կեանքէս ներս պիտի ըլլայ շատ զգալի ու նկատելի, սակայն բազմատեսակ եւ անմոռանալի յիշատակներդ յիշողութեանս մէջ պիտի մնան անջնջելի:
Դիտէ զիս հոնկէ ուր որ կը գտնուիս: Հետեւիր քայլերուս եւ յաճախ խօսիր հետս, որպէսզի վերակենդանանայ մէջս շատ յաճելի անցեալի ներկայութիւնդ::
Հողը թեթեւ կշռէ մարմնիդ եւ հոգիիդ վրայ:
Թող աղօթքներս գուլայ-գուլայ բարձրանան եւ բալասան դառնան բիւրեղ հոգիիդ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles