Լիբանան.- Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» Նոր Մարզադաշտերու Բացում

0 0
Read Time:5 Minute, 15 Second


ՊԷՅՐՈՒԹ («Ազդակ»).- Ապրիլ 7-ին «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» նոր մարզադաշտերուն, որոնց վերանորոգումը, անհրաժեշտ տուեալներով օժտելու աշխատանքը, թեթեւ առաստաղով մը փակելն ու զանոնք իբրեւ մարզադաշտ յարդարելը սիրայօժար կերպով ստանձնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքի հաւատաւոր անդամներ` Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանները: Ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ջանքերով եւ հետեւողական աշխատանքով «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդին եւ բարոյական ու նիւթական աջակցութեամբ եւ ներդրումով Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երեք միաբանները` Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Լեւոն աբղյ. Եղիայեան եւ Արտաւազդ աբղյ. Շարոյեան` օրհնեցին մարզադաշտը: Ձեռնարկը սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն տողանցքով` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի շեփորախումբին, որմէ ետք կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Ապա խօսք առաւ «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն Րաֆֆի Թիւթէլեան, որ անդրադարձաւ բացումին նախորդած վեց ամիսներու հետեւողական աշխատանքին, որուն մղիչ ուժը նման մարզադաշտ մը ունենալու կարեւորութիւնն էր:
«Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի տնօրէն խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Մեսրոպեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հաւաքական կեանքին մէջ կատարուած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն` նորահաս սերունդներու առողջ ու հայեցի դաստիարակութեան ծառայող, կը մնայ վաւերական արժէք, իսկ անոր բարերարութիւն կատարողները կը վայելեն իրերայաջորդ սերունդներու յարգանքն ու երախտագիտութիւնը եւ օրինակ կը դառնան նոր սերունդներուն` հաւաքական նպատակներու իրականացման նեցուկ ըլլալու:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին անունով, երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլին:
Ատոմ Թնճուկեան խօսք առնեկով, ըսաւ, որ մեծ երջանկութիւն կը նկատէ երազի մը իրականացումը տեսնելը` աւելցնելով, որ մանաւանդ եթէ մտաբերուի, թէ հին սերունդներ ի՛նչ պայմաններու մէջ տարած են իրենց աշխատանքները, այն ատեն այսօրուան մարզադաշտերուն առկայութիւնը նախանձելի պիտի նկատուի: Ան անդրադարձաւ կեդրոնի պատմականին, հայութեան` Ծաղկաձորի շրջան փոխադրուելուն, որուն լոյսին տակ ուզած են օգտակար ըլլալ գաղութին եւ նոր շէնցող շրջանը օժտել ակումբով ու դաշտով: Բարերարը վերյիշեց հիմնարկէքի արարողութիւնը` շեշտելով, որ օրին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւս խանդավառուեցաւ եւ փափաքեցաւ այդ կառոյցին մէջ ունենալ իր միաւորները, եւ այսպիսով բոլորը միացան եւ իրականութիւն դարձուցին նման կարեւոր ու իւրայատուկ համալիրի մը կառուցումը:
Ատոմ Թնճուկեան շնորհաւորեց տարուած յաղթանակներն ու արձանագրուած պատուաբեր նուաճումները, որոնք երիտասարդութեան մօտ խանդավառութիւն կը ստեղծեն եւ կը մղեն զանոնք միանալու այս միութեան: Ան ըսաւ, թէ իրենց երիտասարդութեան այլ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ բարձրացուցին զիրենք, իսկ այսօր իրենց կարգն է բարձրացնելու ուրիշները: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց միանալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ Դաշնակցութեան ու անոնց ճամբով ծառայելու ազգին:
Ապա խօսք առաւ Սելլա Թնճուկեան, որ շնորհաւորեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յանձնած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որովհետեւ այս միութիւնը դպրոց է, որմէ զրկուողը շատ բան կը կորսնցնէ: Անոր համաձայն, թերեւս անմիջական կերպով Հ.Մ.Ը.Մ.-ին մէջ ըլլալու արժէքին գիտակցիլը երբեմն դժուար կ’ըլլայ, բայց կեանքի ընթացքը ցոյց կու տայ, որ նման միութեան մէկ անդամը ըլլալը, մարզական եւ սկաուտական կեանքէն ժառանգուած ոգին ու դաստիարակութիւնը հարստութեամբ չի գնուիր կամ այլ դպրոցներու մէջ չի փոխանցուիր: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը այն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի իւրաքանչիւր կառոյց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին համար հարազատ տուն է, իսկ իւրաքանչիւր միութենական` քոյր ու եղբայր:
Նշենք թէ, այս առթիւ, պատրաստուած թերթիկին մէջ, Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան լոյս ընծայած էին իրենց խօսքը.-
16 նոյեմբեր 1918։
Երեք տեսանողներու նախաձեռնութեամբ՝
Պոլսոյ մէջ կը հիմնադրուի ՀՄԸՄ-ը։
Հայութեան դիմագրաւած այն դաժան օրերուն Քրիստեաններու, Յակոբեաններու եւ Հինդլեաններու գլխաւոր նպատակը եղաւ Հայ երտասարդի բարոյական եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան առջնահերթութիւն ընծայել։
100 տարի ետք, նոյն ոգիով ու նոյն նպատակին հաւատարիմ՝ մղոններ կտրած է ՀՄԸՄ-ը ՝ աշխարհի 24 տարբեր շրջաններու մէջ տարածելով իր 110 մասնաճիւղերը, ուր կը գործեն սկաուտական եւ մարզական աշխուժ խումբեր։
Որքա՜ն զոհողութիւն, որքա՜ն հաւատք, որքա՜ն միութենական ոգի եւ յարատեւութիւն ցոյց կ՚ուտայ այս պատկերը։
Այսօր, 7 Ապրիլ 2018-ին, Լիբանանի այս հայաշատ շրջանին մէջ ահաւասիկ նոր նուաճում մը եւս, ուր հայ սկաուտը պիտի կարենայ իր
հաւաքները կատարել գեղեցիկ պայմաններու մէջ, ուր հայ պատանին պիտի ունենայ ապահով ու արդի խաղավայր մը։
Սիրելի ծնողներ, ձեր զաւակներուն առողջ մտքի, առողջ մարմնի եւ գլխաւորաբար ԱՊԱՀՈՎ մթնոլորտի մէջ մարզուելու, կերտուելու գրաւականն է որ տարեցներուս կը մղէ անոնց տրամադրութեան տակ դնել գրաւիչ ակումբ, դաշտ ու խաղավայր։
Ձեզի՛ կ՚ուղղենք մեր խօսքը, այս կարոյցը ձեր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան, պատկանէլիութեան ու կազմաւորման բանալին է, ուր հայը կը հանդիպի հայու, ուր մանկութեան ընկերներու կապը կը մնայ անքակտելի, ուր անոնք կը դառնան իսկական քոյրեր եւ եղբայրներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի չի դադրի բարգաւաճելէ, այնքան ատէն որ կակուղ թաթիկէն մինչեւ տարեցներ զիրար կը կոչեն «քոյր» կամ «եղբայր» եւ այնքան ատէն որ անոնց ականչներուն մէջ կը հնչէ «բարձրացի՜ր բարցրացո՜ւր» վսեմ նշանաբանը։
Ահաւասիկ, ձեզի կը նուիրենք դաշտ մը, խաղավայր մը եւս։
Վարձքը կատար այս շինարարական աշխատանքը արագ ու կատարեալ գլուխ հանող եղբայրներուն։
Բարի վայելում նոր սերունդ, երա՜նի ձեզի։

Աւարտին խօսք առաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ հպարտութիւն յայտնեց ի տես բանախօսներուն ետեւի աստիճաններուն վրայ նստած սկաուտներուն ու մարզիկներուն` ըսելով. «Հաւատացէ՛ք սիրելիներ, երբ այսպիսի սերունդ կանգնած է մեր կռնակին, կը նշանակէ մեր ապագան շատ փայլուն է»: Ան անդրադարձաւ նախորդ ժամանակներու պատասխանատուներուն տարած աշխատանքին, նպատակին ու հաւատքին` կերտել հպարտ, ազատ եւ ինքնուրոյն հաւաքականութիւն: «Ութսունական թուականներուն կարգ մը լուսամիտ հայրենակիցներ, պատասխանատու կուսակցականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ թէ Համազգայինի անդամներ, անհատ, պարզ, համեստ հայրենակիցներ մտածեցին այս ժայռոտ շրջանը, որ հետագային բոլորին սիրելի Հրաչ Տասնապետեանին կողմէ կոչուեցաւ Ծաղկաձոր, վերածել հայկական նոր կեդրոնի մը, որ կարենար ունենալ հայօրէն շնչելու ամէն պայման, տուեալ, հայօրէն ապրելու ամէն միջոց: Եւ հայը ո՛ւր ալ երթայ, առաջին գործը կ’ըլլայ դպրոց եւ ակումբ կառուցել եկեղեցիէն ետք: Եկեղեցին կար, քիչ մը վար, անհրաժեշտ էր դպրոցը, որ կառուցուեցաւ, սակայն անհրաժեշտ էր սրտին երկրորդ կէսը` մարզամշակութային կեդրոնը, եւ ահա այսօր, իր հիմնարկէքէն ուղիղ 25 տարի ետք, մէկ օրուան տարբերութեամբ, մենք դարձեալ հաւաքուած ենք նոր յաւելում կատարելու` քայլ պահելու համար այն կարիքներուն հետ, զորս այս շրջանը ունի», յայտնեց Բագրատունի:
Ան եզրակացուց, որ այսօրուան սերունդները պիտի ըլլան վաղուան ղեկավարները, որովհետեւ մեր կեանքը մեզի սորվեցուցած է պատասխանատուութեան, ջահի փոխանցում, ուս-ուսի, ձեռք-ձեռքի դէպի յառաջ երթալ:
Աւարտին ան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Լիբանանի կազմակերպութեան մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններուն, որոնք պատահական բարերարներ չեն մեր կեանքին մէջ: «Դուք բարերարներ էք, որ կ’ապրիք ձեր բարերարութեամբ, կ’ապրեցնէք ձեզի հետ մեր կեանքը, առօրեան, կը նայիք այս երեխաներուն, կը յիշէք ձեր պատանեկան տարիները եւ դէպի ապագայ նայելով այս գաղութը` լիբանանահայութիւնը կ’ուզէք ոտքի պահել: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի լաւագոյն նուէրը, առաջին նուէրը, Լիբանանէն, այս դաշտն է` «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտն է», հաստատեց Բագրատունի, եւ շքանշաններով պատուեց Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ»-ով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles