
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, Մ.Ա.Կ.-ի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին իրականացուցած երկշաբաթեայ գիտաժողովի ծիրէն ներս, Մարտ 12-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ կանանց իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ եղած են Մ.Ա.Կ.-ի շարք մը բաժանմունքներէ, ինչպէս նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ անհատներ։ Ներկաներուն մէջ կային Հ.Օ.Մ.-ի առնուազն 55 անդամներ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն, Գանատայէն, Յունաստանէն եւ Հայաստանէն։
Քննարկումին բացումը Հ.Օ.Մ.-ի անունով կատարեց Նայիրի Տէրտէրան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ բեմ հրաւիրեց Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը։
Դեսպանը շեշտեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն կիները, յատկապէս գիւղական շրջաններէն, ներգրաւելու երկրի տնտեսութեան զանազան մարզերուն մէջ՝ յաւելեալ կարելիութիւններ ընձեռելով անոնց։
Ապա, Հայաստանի գիւղերուն մէջ ձեռային աշխատանքներու արտադրութիւնը խթանող եւ անոնց առեւտուրը դիւրացնող «Հայրենիքի զարգացման» նախաձեռնութենէն՝ Արազ Չիլոյեան, մանրամասնութիւններ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։
Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Նայիրի Տէրտէրան ներկայացուց Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ Հ.Օ.Մ.-ի շարք մը ծրագիրները՝ լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս Հ.Օ.Մ.-ի «Մօր եւ Մանկան» առողջապահական կեդրոնի իրագործումները, որոնցմէ օգտուած են աւելի քան 150 հազար քաղաքացիներ՝ 1998-էն ի վեր։ Ան ներկայացուց նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի ջերմոցներու եւ ոռոգման ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին Մ.Ա.Կ.-ի հետ գործակցաբար։