
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Քթաըմբանը (nasopharynx) կը գտնուի քիթին յետսամասը: Ան կը նմանի տուփի մը, որուն առաստաղը կը կազմէ գանկի ստորոտը: Անոր երկու պատերուն վրայ կը տեսնուին երկու լսափողերու-Եւստաքեան (Eustachian tubes) խողովակներու բերանները: Ըմբանը կ՚ըլլայ քթաըմբանին շարունակութիւնը:
Քթաըմբխանը շարունակ հաղորդակցութեան մէջ է Եւստաքեան խողովակներու միջոցաւ միջին ականջին հետ: Որեւէ մէկ անբնական երեւոյթ քթաըմբանին մէջ իր անդրադառձը կ՚ունենայ միջին ականջին եւ ներքին ականջին վրայ եւ մասնաւորապէս՝ լսողութեան վրայ:

Քթաըմբանային ուռերը սկիզբ կ՚առնեն քթաըմբանին մէջ եւ կամ քթաըմբանէն դուրս, այսինքն՝ քիթէն եւ կամ ուղեղէն:
Անչափահասներու մօտ անոնք կրնան ըլլալ ընդոծին (congenital), այսինքն կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս ուռերը ընդհանրապէս կը ծագին ուղեղէն եւ կը կոչուին ուղեղային ճողուածք-տոպրակ (encephalocele) եւ կամ մակուղեղէն (pituitary gland) եւ կը կոչուին մակուղեղային ուռ:
Քթաըմբանի ուռերը կը պատահին ամէն տարիքի մարդոց՝ առանց սեռի խտրութեան: Սակայն անոնք առաւելաբար կը պատահին 50 տարիքէն վեր անձերու:
Քթաըմբանին ուռերը երկու տեսակ են՝ լաւորակ (benign) եւ վատորակ-չարաղէտ (malignant): Լաւորակ ռւռերն են՝ ցցօններ (polyps), գեղձուռուցք (adenoids), անօթաթելային (angiofibroma), թելային (fibroma), լորձնային, աճառային, ոսկրային եւ աւշագեղձային ուռեր: Իսկ վատորակ ռւռերուն մեծամասնութիւնը կը կազմէ քաղցկեղը, որ կը պատահի առաւելաբար տղամարդոց, ծխողներու, ալքոլ գործածողներու եւ տարեցներու մօտ:
Լաւորակ ուռերուն ախտանշաններն են՝ քիթի խցում եւ բերանային շնչառութիւն: Իսկ վատորակ ուռերուն ախտանշաններն են՝ տեղայնական ցաւ, քիթի արիւնահոսութիւն, ծամելու դժուարութիւն, ծնօտային ցաւ, լսողութեան տկարացում եւ վիզի աւշագեղձերու ուռեցք:
Քթաըմբանային ուռերու ախտաճանաչումին համար կ՚օգտագործուին՝ հիւանդին պատմականը, բժշկական քննութիւնը, քթաըմբանի զանազան տեսակի նկարումները, ինչպէս՝
Ք- ճառագայթային սովորական նկարում, համակարգչային շերտագրական նկարում, (CT scan)եւ մագնիսարձագանգային նկարում (MRI): Անշուշտ որ կենսահերձումը խիստ կարեւոր է ունենալու համար ուռին ճշգրիտ ախտաճանաչումը:
Չարաղէտ ուռերու պարագային ենթական բժիշկին կը ներկայանայ ընդհանրապէս շատ ուշ, երբ արդէն ուռը որոշ չափով ծաւալած կ՚ըլլայ: Յառաջացած պարագային, ենթական կը ներկայանայ գլխացաւով, քիթի խցումով եւ արիւնահոսութեամբ, լսողութեան տկարութեամբ, ականջաբզզիւնով, վիզի կարծր աւշագեղձերով եւ երկտեսողութեամբ (diplpia):
Չարաղէտ ուռերուն դարմանումը կը կատարուի ընդհանրապէս Ք-ճառագայթային դարմանումով եւ քիմիադարմանումով (chemotherapy): Որոշ պարագաներուն ուռին վիրահատումը, այլ դարմանամիջոցներու կողքին, պարտաւորիչ է:
Վատորակ ռւռերու պարագային Ք-ճառագայթաին եւ կամ քիմիադարմանումի հետեւանքով կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ, ինչպէս՝ լորձնագեղձերու եւ դէմքի մկաններու հիւծում, ինչպէս նաեւ ուղեղային զանազան աստիճաններու վնասներ:
Լաւորակ ուռերը կը դարմանուին վիրաբուժութեամբ, այսինքն ուռը ամբողջութեամբ կը վիրահատուի:
Լաւորակ ուռերէն է նաեւ շատ հազուադէպ օսլայակերպ (amyloid) կոչուած ուռը: Ան առաւելաբար կը տեսնուի 60-70 տարիքի տղամարդոց մօտ: Ան ընդհանրապէս կ՚ըլլայ մեծ եւ կը գրաւէ ամբողջ քթաըմբանը: Ան կը ճնշէ լսափողին-Եւստաքեան խողովակի սկզբնաւորութեան վրայ եւ կը յառաջացնէ լսողութեան տկարացում, քթաըմբանի ամբողջական խցում, մնայուն բերանայի՛ն շնչառութիւն: Անոր ախտաճանաչումը եւ դարմանումը կը կատարուի քթաըմբանի լաւորակ ուռերուն նման:
Այս գրութիւնը պատրաստելու ընթացքին վերյիշեցի, որ տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ ունեցած էի 55 տարեկան հայ հիւանդ մը՝ Պ.Պ. անունով, որ այցելած էր ինծի երեք տարուան վրայ երկարող բերանային շնչառութեան, քիթի խցումի, ռնգային ձայնի, կոկորդին եւ քթաըմբանին մէջ խոշոր մարմինի մը զգացումի գանգատներով: Ան ունէր նաեւ կլլելու թեթեւ դժուարութիւն, բայց ոչ կշիռքի կորուստ եւ ոչ ալ քիթի կամ բերանի արիւնահոսութիւն:
Պ.Պ. ունէր 4-5 սմ մեծութեամբ կարծր, սահուն եւ վարդագոյն ուռ մը քթաըմբանին մէջ, որ կը տեսնուէր նաեւ կոկորդին վերի բաժնին մէջ: Ան ունէր ռնգային ձայն եւ բերանային շնչառութիւն, բայց չունէր վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Քթաըմբանի համակարգչային շերտագրական նկարումը յայտնաբերած էր 4 սմ մեծութեամբ հաւկթաձեւ մարմին մը քթաըմբանին մէջ: Կենսահերձումի (biopsy) ախտաբանական քննութիւնը յայտնաբերած էր օսլայակերպ (amyloid) ուռի գոյութիւնը եւ քաղցկեղի բացակայութիւնը: Բացատրելէ ետք որ այս ուռը պէտք էր հատել ամբողջութեամբ, Պ.Պ. տուած էր վիրահատումի իր հաւանութիւնը: Այս խոշոր ուռը վիրահատած էի ընդհանուր զգայազրկումի (general anesthesia) կիրարկումով Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Պ.Պ.-ի բոլոր ախտանշանները անհատացած էին վիրահատումէն անմիջասպէս ետք: Վիրահատումէն 5 տարի ետք ան այցելած էր դարմանատունս եւ ի յայտ եկած էր, որ իր քթաըմբանը զերծ էր որեւէ մէկ հիւանդագին երեւոյթէ եւ ենթական չունէր որեւէ մէկ ախտանշան: