
Մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Մ.Ը.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Դեկտեմբեր 2-էն 4, կատարեց իր լիագումարը, որ կեդրոնացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն վրայ: Ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Յուլիս 19էն 29, 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան։ Միութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Սոյն ձեռնարկներուն համար արդէն իսկ յառաջացած են անհրաժեշտ յանձնախումբեր, որոնք իւրաքանչիւրը իրենց ծիրին մէջ արդէն իսկ աշխատանքի լծուած են ու ծրագիրները կազմած` օժանդակելու 100-ամեակի աշխատանքներու կազմակերպման ու գործադրութեան։
Միութեան 100-ամեակի ծրագիրներն են.-
Երեք յիշարժան վայրերէ փոխադրուած ջահերով ջահավառում Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ապա` ծառատնկում։
Դրօշակի բացման արարողութիւն Ծիծեռնակաբերդի մէջ։
Միութեան 100ամեակին նուիրուած՝ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակում։
Եռաբլուր այցելութիւն եւ ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու հոգեհանգիստ։
Միութեան հիմնադիրներու քանդակներու բացում։
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ պաշտօնական տողանցք «Հանրապետութեան» հրապարակը։
Գիտաժողով։
Ցուցահանդէս։
«Վահան Չերազ»ի արձանի բացում Գիւմրիի մէջ։
Նախկին խմբապետներու համախմբում։
Պաշտօնական հանդիսութիւն Օփերայի մէջ։
Միութեան թանգարանի յուշամատեանի հրատարակութիւն։
Յաղթանակի ճաշկերոյթ։
Միութեան 100-ամեակի զանազան բնոյթով տօնակատարութիւններ պիտի կատարուին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն մէջ, 2018 տարուան ընթացքին, իսկ գլխաւոր ձեռնարկները՝ Նոյեմբեր 2018ին։ Որոշ շրջաններ արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակել։
Լիագումարը քննարկեց ու արծարծեց Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումի մանրամասնութիւնները։ Բանակումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 19էն 28, 2018-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան։ Բանակումը նուիրուած է միութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակներուն ու կը նախատեսուի 1000 եւ աւելի տարազաւորներու մասնակցութիւն։ Կեդրոնական Վարչութիւնը քննարկեց նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ իրագործելի շինարարութիւններու պարագան` աննախընթաց մեծ թիւով մասնակիցներու հիւրընկալութեան համար։
Լիագումարը անդրադարձաւ նաեւ շրջաններուն առնչուող մանրամասնութիւններուն ու անհրաժեշտ որոշումներ կայացուց այդ ուղղութեամբ։ Ուրախութեամբ անդրադարձաւ կարելիութիւններուն` հիմնադրելու նոր մասնաճիւղեր ու միաւորներ, որոնք պիտի իրագործուին 2018 տարուան ընթացքին։
Լիագումարը մանրամասնօրէն քննարկեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած՝ Յուլիս 2017ին կայացած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 10-րդ մարզախաղերը, որոնց մասնակցեցան 1250 մարզիկներ ու պատասխանատուներ։ Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատեց, որ հայկական իրականութեան ու պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով արձանագրելի է կատարուած իրագործումը` թէ՛ կազմակերպական, եւ թէ մասնակցութեան իմաստով։ Քննարկուեցաւ մարզական պատասխանատուներու յատուկ համագումարի կայացման առաջարկը, որ` իբրեւ անհրաժեշտութիւն, պիտի փոխանցուի յառաջիկայ Կեդրոնական Վարչութեան։
Լիագումարը քննարկեց ու վաւերացուց միութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով գումարուելիք «Երիտասարդական համագումար»ը, որ ծրագրուած է կայացնել Մարտ 2019ին։ Սոյն համագումարը կը միտի ունկնդրել միութեան շարքերուն մէջ գործած ու գործող երիտասարդներուն, քննարկել ապագային նոր ծրագիրներ ու առիթ տալ, որ ոչ տարազաւոր ու ոչ մարզիկ երիտասարդները իրենց ներդրումը ունենան միութեան ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն մէջ։
Լիագումարը ծանրացաւ անձեռնմխելի հիմնադրամ մը ստեղծելու կարելիութիւններուն վրայ։ Առաջարկը խորապէս քննարկելէ ու անոր զանազան կարելիութիւնները ստուգելէ ետք, որոշուեցաւ միութեան 100ամեակին առիթով ստեղծել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անձեռնմխելի հիմնադրամը (Endowment fund), Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Լիագումարը ուրախութեամբ անդրադարձաւ միութեան նոր կայքին (www.homenetmen.org) աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանական բաժիններուն։ Արհեստագիտական Տեղեկատուութեանց նորութիւններուն հետ քայլ պահելու առաջարկներ ու ծրագիրներ վաւերացնելով, Կեդրոնական Վարչութիւնը նոր թափ պիտի տայ խիստ անհրաժեշտ յառաջխաղացքներուն։ Շեշտը դրուեցաւ ընկերային ցանցերու միջոցով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը ծանօթացնելու աշխատանքի արդիւնաւէտութեան ու զայն շարունակելու կարեւորութեան վրայ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով անդրադարձաւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր առցանց տեղադրած լուրերուն ստեղծած հետաքրքրութեան։ Քննարկուեցան պաշտօնաթերթին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ արդիականացման կարելիութիւնները։
Լիագումարը քննարկեց մօտիկ ապագային իրագործելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իրերու առցանց վաճառքի (online shop) մանրամասնութիւնները ու վաւերացուց զանոնք։
Իր լիագումարին ժամանակ, Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.¬Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարչութեան կազմակերպած 300 նորագիրներու երդման արարողութեան, որ կու գայ աւելի եւս հարստացնելու եւ ամրապնդելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքները Հայաստանի մէջ։
Աւարտին, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց կոչ ուղղել միութեան շարքերուն ու համակիրներուն, որ կուռ շարքերով Յուլիս 19էն 29, 2018ին ներկայ գտնուին Հայաստան, արժանավայել կերպով տօնակատարելու մէկ դարեայ միութեան ամեակը։
«ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ՝ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»