ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 45 Second

«Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյ­տի Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն շնոր­հիւ նա­ւապ­տոյ­տը բա­ձա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն մըն էր: Բո­լորս ալ հի­ա­նա­լի ժա­մա­նակ ու­նե­ցանք Քոս­թա Աթ­լան­թի­քա­յէն ներս:  Մենք բո­լորս ալ՝ եկած Փա­րի­զէն, վա­յե­լե­ցինք այս տա­քուկ եւ զուար­ճա­լի մթնո­լոր­տը, պա­րով, երաժշ­տու­թեամբ, եւ ձեռ­նարկ­նե­րով լի:  Մենք ու­րա­խու­թեամբ պի­տի վե­րա­դառ­նանք այս փոր­ձա­ռու­թիւնը վերս­տին վա­յե­լե­լու:  Մենք ան­կաս­կած պի­տի քա­ջա­լե­րենք նա­ւապ­տոյ­տին աշ­խա­տանք­նե­րը, մեր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ըն­տա­նիք­նե­րուն պատ­մե­լով նա­ւապ­տոյ­տին մա­սին, եւ յոյ­սով ենք որ ապա­գա­յին Ֆրան­սա­հա­յե­րուն թիւը մագլ­ցում ստա­նայ»:

-Մի­շել Թո­քաթլ­եան

Փա­րիզ, Ֆրան­սա

«Այս իմ երկ­րորդ ան­գամն է որ նա­ւապ­տոյ­տին կը մաս­նակ­ցիմ, բայս վստահ եղէք թէ վեր­ջինը չէՀայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյտերեք բա­ռեր որոնք մե­ղե­դի են ականջ­նե­րուսՀա­մեղ ճա­շե­րու, գե­ղեց­կա­գոյն տե­սա­րան­նե­րու, եւ հրա­շա­լի զուար­ճու­թիւն­նե­րու կող­քին, կարթնց­նեն այդ թա­քուն բայց եւ շատ հա­րա­զատ այդ զգա­ցու­մը որ կը մա­կե­րե­սէ երբ հա­յը ազ­գա­կից­նե­րով շրջա­պատ­ուիԻմ մի­ակ սրտա­բուխ մաղ­թանքս իմ շատ սի­րե­լի ազ­գա­կից­նե­րուս, առող­ջու­թե­նէ ան­դին, այս հի­ա­նա­լի նա­ւապ­տոյ­տին մաս­նակ­ցիլն էԱստ­ուած օրհ­նէ կազ­մա­կեր­պող­նե­րը»:

-Գա­րե­գին Կիւ­րիւմլ­եան

Մոն­րէ­ալ, Գա­նա­տա

«Ես Ար­ժան­թի­նա­յէն եկայ մաս­նակ­ցե­լու ԱՀ­ՄԸ-ի Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյ­տին, գե­ղե­ցիկ Աթ­լան­թի­քա­յէն ներս:  Այս հսկայ նա­ւը դար­ձած է “հայ­կա­կան գիւղ” մը:  Ծրա­գի­րը սպա­սա­ծէս շատ աւե­լի լաւ էր , հայ­կա­կան հե­ռա­տե­սի­լով, պա­րե­րով, մշա­կու­թա­յին յայ­տա­գիր­նե­րով, տե­սա­նե­րիզ­նե­րով, եւ շատ ու­րիշ ելոյթ­նե­րով:  Այս տա­րի 30-էն աւե­լի հա­յեր եկած էին Ար­ժան­թի­նա­յէն մաս­նակ­ցե­լու նա­ւապ­տոյ­տին, եւ վստահ եմ որ գալ տա­րի այս թիւը երեք ան­գա­մով պի­տի բազ­մա­պատկ­ուի:  Շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս կ’ու­զեմ յայտ­նել նա­ւապ­տոյ­տի յանձ­նա­խում­բին, իրենց կազ­մա­կեր­պած այս բա­ձա­ռիկ յայ­տագ­րին հա­մար»:

-Մատ­լէն Չրեան

Պուէ­նոս Այ­րէս, Ար­ժան­թի­ն

«Ի¯նչ սքան­չե­լի փոր­ձա­ռու­թիւն էրԻմ առա­ջին Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյտս էրԶա­ւակ­ներս ար­դէն այս մթնո­լոր­տը վա­յե­լած էին անց­եա­լինՈր­քա¯ն սքան­չե­լի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ու ըն­կե­րա­յին մթնո­լորտ մըն էր այսՄանչս իր կեան­քի ըն­կե­րը գտաւ այս նա­ւուն շնոր­հիւ, սքան­չե­լի բան մըն է»:

-Հայ­կա­զուն Չալ­եան

Նիւ Ճըր­զի

«Այս նա­ւապ­տոյ­տը լու­սա­ւո­րեց իմ հաս­կա­ցո­ղու­թիւնս հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն կեց­ուած­քին առն­չու­թեամբ, եւ զգա­ցի թէ որ­քան յա­ռա­ջա­ցած ենք մենք:  Այս ծրա­գի­րը հա­ւա­սա­րակշռ­ուած էր‘ ըն­կե­րա­յին, կրթա­կան, քա­ղա­քա­կան, եւ զուար­ճա­լիք­նե­րու լաւ խառ­նուրդ մը:  Ինձ կը յի­շեց­նէ անց­եա­լի “Աթ­լան­թիք Սի­թի Ըֆէր”ին որ տե­ղի ու­նե­ցած էր Ֆի­լա­տելֆ­իոյ մէջ:  Ձեզ կը մաղ­թեմ շա­րու­նակ յա­ջո­ղու­թիւն: Շա­րու­նա­կե­ցէք այս լաւ աշ­խա­տան­քը»:

-Տի­ա­նա Փա­փազ­եան

Սան Տի­է­կօ, Քա­լի­ֆորն­իա

«Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյ­տը գլուխգոր­ծոց մըն էԱնոր կող­քին, առի­թը ու­նե­ցայ հան­դի­պե­լու հին ըն­կեր­նե­րու, որոնց չէի տե­սած յի­սուն եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քինՇատ գոհ մնա­ցի բո­լոր ելոյթ­նե­րէն, որոնք հի­ա­նալի­օ­րէն կազ­մա­կերպ­ուած էինԿը հրա­ւի­րեմ ամէն հա­յուչփախց­նէք գալ տար­ուայ նա­ւապ­տոյ­տըՑոյց պի­տի տանք աշ­խար­հին որ սփիւռ­քա­հա­յե­րըմի­աց­եալեն»:

-Ալէ­քօ Պէ­զիք­եան

Պէր­կա­մօ, Իտալ­իա 

«Շա­բաթ մը ան­ցաւ եւ ժա­մա­նակն է որ մեր տու­նե­րը վե­րա­դառ­նանք, բայց մեր յի­շա­տակ­նե­րը պի­տի տե­ւեն յա­ւիտ­եան:  Պա­յու­սակ­ներս հա­ւա­քե­լու ատեն կը յի­շեմ այդ բո­լոր հրա­շա­լի ժա­մա­նակ­նե­րը Քոս­թա Աթ­լան­թի­քա­յէն ներս:  Ես կը ձգեմ այս նա­ւը այն տպա­ւո­րու­թեամբ թէ սփիւռ­քա­հա­յե­րը մի­աց­եալ են, եւ այդ­պի­սով պի­տի օգ­նեն Հա­յաս­տա­նին»:

-Լու­սի­նէ Գաս­պար­եան –

Երե­ւան, Հա­յաս­տան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles