ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովի ընթացքին, որպէսզի կարելի ըլլայ մերօրեայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել, առաջնահերթ նկատուած հարցերէն մէկը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ Թուրքիոյ մղած ուրացման արշաւին հակադրուիլը։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ու վնասուց հատուցում ապահովելու ջանքերուն կողքին, քննարկուած են հետեւեալ հարցերը՝ Միջին Արեւելքի մէջ յաւելեալ բռնարարքներու կասեցումը, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութեանց զոհերու օգնութեան տրամադրումը, Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան ապահովումը եւ «Իսլամական պետութեան», «Քայիտա»ի ու ցեղասպանութիւն իրականացուցած այլ կազմակերպութիւններ պատժելու կարելիութիւնները։\ Քննարկումներէն մէկը, որ առաջնորդուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի կողմէ, տրամադրուած էր «Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները եւ թշնամիները» նիւթին, որուն շրջանակէն ներս բացայայտուած է յատկապէս Միջին Արեւելքի իրադարձութեանց մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Անգարայի կողմէ հովանաւորուող ուրացման արշաւի մանրամասնութիւնները եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ Էրտողանի թիկնապահներուն ու համակիրներուն վայրագ յարձակումին ծալքերը։
Նշենք, Հայ Դատի յանձնախումբը հովանաւորներէն մէկն էր այս համաժողովին, որուն մասնակցեցան հարիւրաւոր կրօնական առաջնորդներ, կրօնական ազատութեանց եւ մարդկային իրաւանց ջատագով կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնատարներ։