

ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Հոկտեմբեր 19-20-ին, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը գումարեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Փըրամըս (Նիւ Ճըրզի):Գրաւոր եւ բերանացի տեղեկագրութիւններ տրուեցան Խորհուրդի Նախագահին, Գործադիր Տնօրէնին եւ Գանձապահին կողմէ, որմէ ետք Խորհուրդի հինգ եկեղեցական Միութիւններու եւ Աւետարանչականի ներկայացուցիչները անջատաբար տեղեկագրեցին իրենց Միութիւններուն մասին:
Օրակարգի վրայ գտնուող կարգ մը նութերու մասին խորհրդակցութիւններէ ետք, Գործադիր Յանձնախումբը ըրաւ հետեւեալ որոշումները.-
1.- Գումարել համա-հայ Աւետարանական Երիտասարդաց համագումար մը Հայաստանի մէջ Օգոստոս 4-14, 2018 թուականին՝ Ամերիկայի հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հարիւրամեայ տարեդարձի տօնակատարութեանց առթիւ:
2.- Ընտրեց յանձնաժողով մը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի կանոնագիրը վերատեսութեան ենթարկելու առաջադրութեամբ:
3.- Մասնակցիլ ճաշկերոյթ ընդունելութեան մը՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կազմակերպուած Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին եւ գործակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Առաջնորդարանի կեդրոնատեղին:
4.- Մասնակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հարիւրամեայ յոբելինական տօնակատարութեանց 2018 տարեշրջանի ընթացքին: Այս առնչութեամբ Գործադիր Յանձնախումբը ըրաւ հետեւեալ յայտարարութիւնները:
Յայտարարութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Հարիւրամեակի Առիթով
Մայիս 28, 2018-ին հայ ժողովուրդը վերստին տիրացաւ իր անկախութեան որպէս ինքնիշխան պետութիւն, որ կորսնցուցած էր 1375 թուականին: Այսպէս, շուրջ վեց դարեր ետք, առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը կը հիմնէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ տէր դառնալով իր անհատական եւ հաւաքական ճակատագրին: Իբրեւ մասնիկ մը պատմական Հայաստանի, այս փոքր հանրապետութիւնը հիմը դարձաւ արդի Հայաստանի պետութեան:
Մայիս 28, 2018 Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեայ տարեդարձն է: Այս պատմական նշանակալից առիթով, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակը եւ կը յայտարարէ.-
1.- Շարունակել իր հաստատակամ յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու Հայաստանի անկախ պետականութիւնը.
2.- Մատուցանել իր բարոյական, հոգեւոր եւ նիւթական աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան.
3. Շարունակել իր աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքին.
4. Նշել Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակը՝ հրապարակային տօնակատարութիւններով, ինչպէս նաեւ Կիրակի Մայիս 28, 2018ին ՝ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու մէջ տեղի ունեցող առաւօտեան պաշտամունքներու ընթացքին.
5. Ուղարկել պատուիրակութիւն մը Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի կողմէ դէպի Հայաստան, 2018 Մայիս ամսուայ 28ին՝ մասնակցելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեայ տարեդարձի տօնակատարութեանց:
Յայտարարութիւն՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (Աւետարանչականը) Հարիւրամեայ Տարեդարձի Առիթով
Յառաջիկայ տարուան Յունիսին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը պիտի նշէ իր 100րդ տարեդարձը: Հարիւրամեայ տօնակատարութիւնները արդէն սկսած են՝ հանգանակութեան արշաւներով, որոնք տեղի կ՚ունենան տարբեր վայրերու մէջ: Ծրագրուած է նաեւ 2018 տարեշրջանին զանազան տօնակատարումներ տեղի ունենան Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:
Անտարակոյս աստուածային նախախնամութեան ձեռքն էր, որ առաջնորդեց խումբ մը հայ աւետարանականներ հիմնելու Աւետարանչականը Վուսթըր քաղաքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Արեւելեան Նահանգներու Միութեան տարեկան համաժողովի ընթացքին, Յունիս 7-9, 1918 թուականին:
Շուրջ հարիւր տարիներէ ի վեր Աւետարանչականը ի սպաս դրած է իր հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծառայութիւնները հայ ազգին համար: Հազարաւոր մարդիկ, սերունդէ սերունդ օգտուած եւ օրհնուած են Աւետարանչականի ընձեռած բարերարութիւններէն: Ներկայիս ան կը շարունակէ մնալ Սփիւռքահայ ամենէն աշխուժ ու կենսունակ կազմակերպութիւններէն մին:
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը որոշած է տօնել Աւետարանչականի Հարիւրամեայ Յոբելեանը հետեւեալ առաջադրութեամբ.-
1.- ԶԱստուած փառաբանել Աւետարանչականի հարիւր տարուայ վկայութեան եւ ծառայութեան համար.
2.- Յանձնարարել աշխարհատարած բոլոր հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, որ խորհրդակցաբար Աւետարանչականի Հարիւրամեայ Կեդրոնական Յանձնախումբին, տօնեն այս պատմական մղոնաքարը հետեւեալ ձեւով.-
ա.- Կազմակերպել հարիւրամեայ տարեդարձի տօնակատարութիւններ համահայկական մարկարդակի վրայ՝ կրօնական եւ մշակութային յայտագիրներով:
բ.- Ոգեկոչել հարիւրամեակը Կիրակի, Յունիս 10, 2018-ի առաւօտեան պաշտամունքի ընթացքին:
գ.- Մասնակցիլ Աւետարանչականի Հարիւրամեայ Յոբելեանի հանգանակութեան արշաւին:
3.- Աղօթել առ Աստուած որ Աւետարանչականը շարունակէ մատուցանել իր հոգեւոր, կրթական, ընկերային, մշակութային եւ մարդասիրական ծառայութիւնները հայ ազգին աւելի մեծ թափով ու տարողութեամբ: Վեր.
Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Գործադիր Տնօրէն,
Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի