
«Ախալցխա.նեթ» կայքը կը հաղորդէ, որ 25 հոկտեմբերի կէսօրին, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Համշէնի Խոպա քաղաքին մէջ ձերբակալած է ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ սուր քննադատութիւններ կատարող համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուն: Քանի մը օր առաջ նոյն քաղաքին մէջ ձերբակալուած էր անոր կողակից՝ համշէնահայ լրագրող Նուրճան Վայիչը:
Թուրք լրագրող՝ Պիրսեն Քայա տեղեկացուց, որ համշէնահայ գործիչներու երախան՝ փոքրիկ Արեւը, ծնողներու ձերբակալութեան ու բանտարկութեան հետեւանքով մինակ մնացած է:
«Մենք յետագային ինչպէ՞ս Արեւին պիտի պատմենք այս օրերուն մասին, ի՞նչ պատասխան պիտի տանք, այսօրուան պետական պաշտօնեաները վաղը ինչպէ՞ս պիտի նային Արեւի աչքերուն մէջ: Ճեմիլը Հոփայի մէջ բոլորին աչքն ու ականջն է, մտաւորական է, գործիչ, գրող: Նուրճանն ալ բոլորին կողմէ ճանչցուած ու սիրուած, աշխատող, քարէն հաց հանող, նոյն ատեն քաղաքականութեան մէջ ալ դեր խաղացած կին է: Օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ սեռային ոտնձգութեան դէմ ամենահզօր հանրահաւաքներէն մէկը կազմակերպած հոփացի կիներու շարքին էր ան», յայտնեց լրագրողը:
Նշենք, որ Ճեմիլ Աքսու ժամանակին արդէն շուրջ 9 տարի բանտարկուած է քաղաքական իր հայեացքներուն պատճառով:
Երկու ձերբակալեալներն ալ ընդդիմադիր հայեացքներով գրողներ են, որոնք յաճախ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող եւ երկրին մէջ ազգայնամոլ դրսեւորումները դատապարտող արտայայտութիւններ կը կատարեն: