
35 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ամբողջացնելէ ետք ամիսներու վրայ երկարած իրենց դաստիարակչական ծրագիրը, տուին իրենց երդումը եւ միացան կուսակցութեան շարքերուն:
Նորագիրներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, ընկեր Հրանդ Մարգարեան յատկապէս նշեց, որ Դաշնակցութեան շարքերուն չեն անդամագրուիր, ինչպէս է պարագան շատ մը կազմակերպութիւններու, այլ` կը զինուորագրուին, որովհետեւ խօսքը կը վերաբերի ազգի ծառայութեան, եւ իւրաքանչիւր դաշնակցական ամէն բանէ առաջ ազգին զինուորն է, Հայ Դատի զինուորագրեալ ծառան է, բառին ամէնէն լայն եւ բազմակողմանի առումով:
Ակումբի բացման հանդիսութիւն
Ժողովուրդը խռնուած էր Սարդարապատ Ժողովրդային Տան մուտքին, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը եւ սկաուտները կարգապահ շարքերով կը կատարէին դիմաւորողի ջերմ պարտականութիւն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շուէտի Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Սիմոն Տէր Սահակեան, որ ըսաւ, թէ այս ակումբը, որ առաջինն է շուրջ քառասուն տարուան կեանք ունեցող համայնքին մէջ, տունն է իւրաքանչիւր հայու, հարազատօրէն բաց է բոլորին համար, առանց գաղափարական թէ դաւանական խտրութեան, նոյնիսկ եթէ ունի յստակ պատկանելիութիւն, որուն յարկին ներքեւ միասնաբար պիտի գործեն Հ.Յ.Դ.-ն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Համազգայինը, Հայ Դատը, Շ.Ե.Մ.-ը, պատանեկանը եւ Հ.Օ.Մ.-ը, ի սպաս այս համայնքի կարիքներուն եւ համահայկական մեր նպատակներուն:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, որ շնորհաւորեց այս կեդրոնը` զայն նկատելով յոյժ կենսական համայնքի հայապահպանման համար, ապա նաեւ` Հայ Դատի հետապնդման ի խնդիր, նշելով դեսպանատան հետ արդէն իսկ առողջ համագործակցութեան խիստ անհրաժեշտ տուեալը:
Ապա, իրենց օրհնութիւնը տուին ու առ Աստուած աղօթք հայցեցին Հայ Առաքելական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները:
Գեղարուեստական բացառիկ յայտագիրով հանդէս եկան Գոհար Յակոբեան ( երգ ), Քնար Քահրամանեան ( ասմունք ), Փաթիլ Յակոբեան ( երգ ), Սէրլի Մարգէեան ( ասմունք ) եւ Համօ Երէցեան` յեղափոխական երգերու փունջով:
Եզրափակիչ կուռ պատգամով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Դիպուկ էր, երբ ան զուգահեռներ գծեց Հալէպի եւ Սթոքհոլմի միջեւ, Քամիշլիի եւ Սոտերթելիոյ միջեւ, հասարակ յայտարարը նկատելով սուրիահայութիւնը, ուր ծանօթ պատճառներով այնտեղ կը խամրի, հակառակ` տոկալու ու գոյատեւելու իր բացառիկ վճռակամութեան, իսկ այստեղ փաստօրէն կը վերածաղկի, կը վերընձիւղուի, նոր շունչ ու թարմութիւն կը ներարկէ համայնքին, կը ճառագայթէ:
Հրանդ Մարգարեան կոչ ուղղեց լիիրաւ մերուիլ, համարկուիլ արեւմտեան կողմնաշխարհի այս երկրին, անոր լեզուին, կենցաղային պայմաններուն հետ, որ նախապայման է զարգացման, յառաջդիմութեան ու յաջողութեան համար, սակայն միաժամանակ երբեք չձուլուիլ, ընդհակառակն` պահել ու յաջորդական սերունդներուն փոխանցել մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր ազգային ժառանգութիւնը:
Ապա Հրանդ Մարգարեան ընդգծեց մեր ակումբներուն, ընդ որում ա՛յս նորաբաց ակումբին անփոխարինելի դերը ոչ միայն հայապահպանութեան կենսական առաքելութեան մէջ, այլեւ մանաւանդ ազգակերտման գործընթացին մէջ, մեր ազգային-քաղաքական նպատակներուն ու պահանջատիրութեան կենսագործման մէջ:
Ան շեշտեց եւ կրկնեց, որ այս բոլորը, այսինքն` մեր ամբողջ աշխատանքը ինքնանպատակ չէ, այլ ունի հիմնական մէկ հասցէ. Հայաստան: Ան ըսաւ, որ մեր առօրեայ աշխատանքն անգամ պիտի կամրջուի Հայաստանի ու Արցախի հետ, մեր նպատակակէտը պիտի ըլլայ մեր պետականութեան զարգացումը, վերելքը, հզօրացումը: « Եւ այո՛, կարելի է Սփիւռք գտնուելով օժանդակել պետականաշինութեան էական գործընթացին, որուն միջոցները բազմազան են: Կարեւորը այդ գիտակցութիւնն է, որ ունինք մենք իբրեւ կուսակցութիւն եւ որ ունեցած ենք վերանկախութեան առաջին իսկ օրէն»:
Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով սրահը իր ներկայութեամբ ակներեւօրէն «գրաւած» երիտասարդութեան, Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ դաշնակցական երիտասարդը ի տարբերութիւն այլոց` կը յատկանշուի իր յանձնառութեամբ, կարգապահութեամբ եւ գաղափարական աշխարհահեացքով, «ուստի մեր սրբազան Դատին ի խնդիր շարունակեցէք մեր պայքարը եւ մնացէք յանձնառու, մինչեւ հակառակորդին դէմ վերջնական հատու յաղթանակը»: