Թուրք Այլախոհ Օսման Քաւալան Ձերբակալուած

0 0
Read Time:31 Second

Հոկտեմբեր 19-ին, Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ Թուրքիոյ հայկական եւ այլ փոքրամասնութիւններու պաշտպան Օսման Քաւալան: «Անատոլու Քուլթիւր» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, յառաջդիմական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան, «Պիրիկիր» ամսագիրի սեփականատէր Քաւալան, 2010-էն ի վեր իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնական կազմակերպիչը եղած է:

Նշենք, որ ենթական ազգամիջեան գործարարական, մշակութային, ընկերային, մարդասիրական, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու նախագահութեան կողքին՝ նախագահն է նաեւ Թուրքիոյ պատմական յուշարձաններու —բնականաբար նաե՛ւ հայկականներուն— պաշտպանութեան ընկերակցութեան: Ինք է նաեւ որ նախաձեռնած էր Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երիտասարդներու փոխադարձ այցելութիւններու ծրագրին: Օսման Քաւալա վերջերս երկու անգամ Հայաստան այցելած է:

Օսման Քաւալա ձերբակալուած է Կազիանթէպ քաղաքէն վերադարձին՝ Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles