ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս

Տոքթ. Զարեհ Սողոմոնեանի Դասախօսութիւնը «Համաստեղ» Վարժարանի Աշակերտներուն

Կիրակի Մարտ 26-ին, Ուաշինկթընի Կիրակնօրեայ «Համաստեղ» վարժարանի աշակերտները հետեւեցան հետաքրքրական դասախօսութեան մը, որուն նիւթն էր ելեկտրական, էլեկտրոնային եւ մագնիսական համակարգերու ճարտարագիտութեան մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ:
Օրուան դասախօսն էր Տոքթ. Զարեհ Սողոմոնեան, որ մասնագիտացած է այս բնագաւառէն ներս եւ պատասխանատու պաշտօն ստանձնած՝ Ամերիկեան ծովուժէն ներս:
Սողոմոնեան ժապաւէններու ցուցադրութեամբ ներկայացուց այս գիտական նիւթը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ: Այս դասախօսութեան նպատակն էր, աշակերտներուն բացատրել թէ, անոնք կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել նմանօրինակ բնագաւառներէ ներս, հետեւելով ծրագրուած յատուկ դասընթացքի:
Նշենք թէ, նախքան դոկտ. Զարեհ Սողոմոնեանի այս խիստ հետաքրքրական դասախօսութիւնը, խօսք առին «Համաստեղ» վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Աւագեան եւ Կալին Թանաշեան:
Այս դասախօսական ձեռնարկը նաեւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ Ուաշինկթընի «Համազգային»ի մասնաճիւղին:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button