
ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երէկուան պէս կը յիշեմ որ 33 տարի առաջ հարիւրաւոր հայրենասէր ազգակիցներ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին եւ անոր Ժան Կուժոն թաղը՝ յաճախած էին յարգելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը գրաւած հինգ հերոս նահատակներուն յիշատակը։
Ներկաներուն բաժնուած թռուցիկին վրայ դրոշմուած էին Լիզպոնի հերոսներուն նկարներն ու անունները, ֆրանսերէն հետեւեալ պատգամով՝ ՛՛Թող այս դէմքերը քանդակուին ձեր յիշողութեանը մէջ՛՛։
Գուցէ շատերը յիշեն թէ ո՞ւր, եւ ի՞նչ կ՛ընէին այն պահուն որ իմացան Լիզպոնի հերոսական գործողութեան մասին։ Այն ատեն դժուար էր հաւատալ թէ այդ դէմքերն ու անունները պիտի ﬓային հայոց յիշողութեանը մէջ, եւ ամէն տարի աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ տարելիցի հոգեհանգիստ – յուշահանդէսներ տեղի պիտի ունենային։
Կիրակի Օգոստոս 24-ին, Մարսէյի Պուլվար Օտտոյի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կանուխէն լեցուած էր հաւատացեալներով։ Շատեր յատկապէս եկած էին հինգ հերոսներուն անմար յիշատակին ներկայ գտնուելու։
Պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Խաչատուր Ա. Քհնյ. Պօղոսեան։ Բոլորը հաղորդուեցան մատղաշ տարիքին նահատակուած հինգ երիտասարդներուն հայութեան ու նոր սերունդներուն թողած պատգամովը։ Տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ նախագահութեամբ Տ. Վարդավառ Ա. Քհնյ. Գասպարեանի։ Սեղանին առջեւ զետեղուեցան ծաղկապսակ եւ նահատակ ննջեցեալներուն ﬔծադիր պատկերները։ Պատարագէն ետք Մարսէյի Պoմոն թաղամասի Հ. Յ. Դ. կոﬕտէութեան ակումբի շրջաբակին Լիզպոնի հինգ նահատակներուն յուշադամբանին շուրջ տեղի ունեցաւ աղօթքհոգեհանգիստ եւ յուշահանդէս։
Օրուան բանախօս՝ Հրաչ Վարժապետեան կուռ եւ հոգեպնդիչ, տպաւորիչ ճառ մը արտասանեց, յիշելով որ Լիզպոնի հինգ հաւատաւոր երիտասարդները իրենց մատղաշ տարիքին գացին գրաւելու Լիզպոնի թրքական դեսպանատունը եւ աշխարհին յիշեցնելու հայկական մոռացութեան տրուած դատին արդար լուծման անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ թէ ﬕայն Աստուծոյ, Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյն սիրոյն մաքուր եւ օրինակելի կեանք ապրած եւ նահատակուածները չեն սուրբ, ﬔզի համար սուրբ են նաեւ ազգին եւ հայրենիքին նուիրեալ նահատակները։Լիզպոնի հինգ հերոսները հայոց ազգային սուրբերն են, եւ անոնց Պուրճ Համմուտի գերեզմանատան դամբարանը ուխտատեղի եղած է հայութեան համար։
Ան Երեւանի մէջ,Յուլիս 17-ին սկիզբ առած շարունակուող շարժման պատճառած ցնցուﬕն ակնարկելով մաղթեց wր հայրենիքին մէջ նոր զոհեր եւ վիրաւորներ չըլլան, եւ կեցցէ ﬔր անկախ յաւիտենական Հայաստանը։ Ներկայ բազմութիւնը մասնակցեցաւ ազգային արժանապատիւ մթնոլորտի մէջ պատրաստուած եւ հրամցուած հոգեճաշին։