Լրահոս

Էրեբունիի Ոստիկանատան Թնճուկը Աւարտած.- «Սասնայ Ծռեր» Խումբի Անդամները Յանձնուեցան 

s

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտարարէ, որ Յուլիս 31-ին, Հ.Հ. Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի ազատագրման ուղղուած գործողութիւնը աւարտած է: Ձերբակալուած են  զինուած խումբի 20 անդամներ:

Յայտարարութեան մէջ կը տեղեկացուի .- «Հ.Հ. իրաւասու իրաւապահ մարմիններու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումները՝ իրենց հետեւողական եւ համաձայնեցուած գործողութիւններով՝ ստիպած են զինուած խումբի անդամներուն վար դնել զէնքը եւ յանձնուիլ իշխանութիւններուն: Ամբողջութեամբ ազատագրուած է տարածքը»:

 

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button