Քոնկրէսական Ճիմ Քոսթա Այցելեց Հայաստան

0 0
Read Time:49 Second

jim-costa

ԵՐԵՒԱՆ.- Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճիմ Քոսթա, պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց: Ան այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:
Քոսթա, նաեւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:
Ճիմ Քոսթա տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի հետ։
Սահակեան նշեց, որ ուրախ է Հայաստանի խորհրդարանին մէջ հիւրընկալելու երկրի լաւագոյն բարեկամը, որ Ֆրեզնօ քաղաքէն է, ուր ծնած եւ ստեղծագործած է ամերիկահայ մեծանուն գրող Ուիլիըմ Սարոյեանը: Խորհրդարանի ղեկավարը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է եւ առանցքային դիրք կը գրաւէ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ:
Խօսելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան մասին՝ Գալուստ Սահակեան ընդգծեց, որ անիկա կարեւոր հարթակ է միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման համար եւ այս պարունակին մէջ է, որ Հայաստան մեծ նշանակութիւն կու տայ հայ-ամերիկեան միջխորհրդարանական կապերու զարգացման: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Արցախի տագնապին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնն ու ջանքերը՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով կարգ մը քոնկրեսականներու տարած մեծ աշխատանքին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles