
ԼԻԶՊՈՆ.- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը շաբաթ մը տեւողութեամբ աշխատանոց մը կազմակերպեց, արեւմտահայերէնի իւրացման հարցերուն շուրջ։ Այս աշխատանոցը Բաժանմունքի հեռանկարային առաջնահերթութիւնը հանդիսացող արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրի ծիրին մէջ կ՚արձանագրուի։ Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացուի թէ, հաւաքին նպատակն էր շօշափելի արդիւնքներ սահմանել եւ զանոնք իրագործելու պարտականութիւնն ունեցող խմբակներ ստեղծել։ Աշխատանոցի պատասխանատուն էր՝ Անի Կարմիրեան, օժանդակութեամբ Անի Գուլեանի:
Նախաձեռնութիւնը ծագում առաւ «Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21-րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները» գիտաժողովէն, որ կայացաւ 2015-ին Փարիզի մէջ, «Ինալքօ»-ի հետ համագործակցութեամբ։
Հայկական Բաժանմունքին յանձնառութիւնն է՝ իր ծրագրերը զարգացնելու եւ կիրարկելու ուղղութեամբ աշխատող մասնագէտներու հետ գործակցիլ։ Առ այդ՝ Բաժանմունքը 41 հոգի հրաւիրած էր, մեծամասնութեամբ դաստիա-րակչական մարզին մէջ արեւմտահայերէնով զբաղողներ, որոցմէ 15-ը Փարիզի գիտաժողովին ներկայ էին։ Ամէն մէկը իր ուրոյն փորձառութիւնը բերելու հրաւիրուած էր եւ բոլորը պատրաստ էին միասին աշխատելու, զարգացնելու համար լեզուի դասաւանդման նորարար ձեւեր։
Արեւմտահայերէնի փոխանցումը այսօր իրօք լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Հայախօս Սփիւռքը իր տրամադրութեան տակ եղող դպրոցներու եւ ուսուցիչներու կողքին՝ պէտք ունի լեզուի իւրացման նորարար մեթոտներու, ժամանակակից չափանիշերով պատրաստուած հրատարակութիւններու, ինչպէս երախաներուն եւ պատանիներուն ուղղուած իւրայատուկ թարգմանական գրականութեան մը։ Պէտք ունի նաեւ դաստիարակչական նոր գործիքներու եւ դպրոցական այժմէացած ծրագրերու, որոնց մէջ ընդգրկուած ըլլան գեղարուեստը, երաժշտութիւնը եւ թատրոնը։ Ու վերջապէս՝ կայքէջ մը պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, հնարաւոր դարձնելու համար Սփիւռքի մէկ համայնքէն միւսը՝ ցանցի մը ստեղծումը եւ յաջող մօտեցումներու շուրջ փոխանակութիւնը։
Աշխատանոցին մասնակիցները սկսան աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Շեշտը դրուեցաւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ արդէն իսկ փաստուած նոր մօտեցումներուն վրայ։ Աշխատանոցը նպատակ չունէր ուսուցիչ պատրաստող ծրագրերը փոխարինելու։ Կ՚ուզէր յաւելեալ մօտեցումներ զարգացնել։ Չգոհացաւ հարցերը վերլուծելով։ Շօշափելի լուծումներ առաջարկուեցան արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ի նպաստ։
Աշխատանոցը առիթ մը եղաւ նաեւ որպէսզի մասնակիցները իրարու միջեւ ուժեղ հաղորդակցական կապ մը պահպանեն ապագային, որուն հիման վրայ պիտի կարենան նաեւ իրենց տարբեր համայնքներուն մէջ շարունակել հոս սկսուած գործը։
Աշխատանոցը տեղի ունեցաւ Փորթուկալի մէջ, Յուլիս 9-էն 17։
Բաժանմունքը կ՚ուզէր մասնակիցներու բազմատարրութիւնը ապահովել, ու վստահ ըլլալ որ Սփիւռքի տարբեր համայնքները հաւասարակշիռ կերպով ներկայացուած են։ Մասնակիցներու 74 առ հարիւրը իգական սեռէ էին, ինչ որ կը ցոլացնէր մանկավարժական մարզէն ներս սեռերու համեմատութիւնը։ 26%-ը 30 տարեկանէն վար էին, 41%-ը՝ 30-ի եւ 40-ի միջեւ, 33%-ը՝ 40-էն վեր։ Մասնակիցներէն շատերը տարբեր հանգամանքներով ծանօթ են։
12%-ը համալսարաններու մէջ կ՚աշխատի (Փարիզի «Ինալքօ»ն, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը, Լոս Անճըլըսի Եու.Սի.Էլ.Էյ.-ը)։ 67%-ը ուղղակի կամ անուղղակի դաստիարակչական մարզին հետ կապ ունի։ 38%-ը ղեկավար դիրքեր կը գրաւէ։ 36%-ը գիրի, երաժշտութեան, թատրոնի, ինչպէս նաեւ մասնայատուկ խնամքի եւ թուային արհեստագիտութեան մասնագէտներ են։
Աշխատանոցի մասնակիցներն էին. Ֆրանսայէն՝ Յասմիկ Շահինեան, Անահիտ Տօնապետեան, Մելինէ Ղազարեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Շուշան Քերովբեան, Մարալ Քերովբեան, Սօսէ Մնակեան, Անոյշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Անահիտ Սարգիսեան. Պելճիքայէն՝ Ժանէթ Յովհաննիսեան, Շողեր Մարկոսեան. Յունաստանէն՝ Մարալ Քիւրքճեան. Փորթուկալէն՝ Վահան Քերովբեան. Լիբանանէն՝ Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տէմիրճեան, Նելլի Գոմոլեան, Թալին Օրտողլեան, Յակոբ Եագուպեան. Թուրքիայէն՝ Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիմենճեան, Գայեանէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հերկել-Էօզտաղ, Արուսեակ Գօչ-Մոնէ, Նարօտ Գուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Միացեալ Նահանգներէն՝ Քրիս Պետեան, Վահէ Պէրպէրեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Շուշան Կարապետեան, Սիլվա Մեսրոպեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Սանան Շիրինեան, Գանատայէն՝ Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան, Հայաստանէն՝ Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Գէորգ Փալանջեան, Սեւանա Չագրեան: