«Խոճան Գիտցածը Կը Կարդայ»… Էրտողանի Կարդացածը Ի՞նչ Է

0 0
Read Time:3 Minute, 51 Second

erdogan_ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թրքերէնով ըսուած է եւ մեր ծնողներուն կողմէ մեզի՝ մեր մանկութեան կամ պատանեկութեան շրջանին, փոխանցուած իմաստութեան թեւաւոր խօսք է, որ «Խոճան գիտցածը կը կարդայ»…
Այսինքն՝ ինչ որ ալ գրուած ըլլայ ճշմարտութիւնը արձանագրող բնագրին կամ փաստաթուղթին մէջ, տարբերութիւն չ՛ըներ եւ կարեւոր ալ չէ. ուսուցիչը կամ առաջնորդը կրնայ, աչքերը յառած պահելով հանդերձ բնագիրին վրայ, ,կարդալե ոչ թէ գրուածը, այլ մտքին մէջ եղածը եւ իր քարոզած ,ճշմարտութիւնեը։
Ոչ միայն թրքերէնով ,լաւե կը հնչէ, այլ նաեւ թուրք ցեղասպան մտածողութիւնը առաւելագոյնս կը խտացնէ ու հարազատ հնչեղութեամբ կ՛արտայայտէ… խորագրի ասացուածքը։
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան ծրագրած եւ 1915ին պետականօրէն կազմակերպած ու գործադրած Ցեղասպանութենէն ասդին, վերապրող հայութեան իրերայաջորդ սերունդներս, ո՛ւր ալ ապրելու ճակատագրուեցանք, շարունակ դէմ յանդիման գտնուեցանք Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւողական ՈՒՐԱՑՈՒՄին՝ ցեղասպաններու ժառանգորդներուն կողմէ։
Թուրք պետական մտածողութիւնը, ընդհանրապէս Հայկական Հարցին եւ որոշապէս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, գրեթէ ամբողջ դար մը սնանեցաւ… մերկապարանոց ՈՒՐԱՑՈՒՄով։
Թուրք հասարակութեան ազգային յիշողութեան մէջ թրքական պետութիւնը սերմանեց միայն սուտն ու հերքումը։
Թուրքիոյ դպրոցական դասագիրքերէն ամբողջապէս հանուեցան նուազագոյն յղումներն ու յիշատակումներն անգամ գործուած ահաւոր ողբերգութեան մասին։
Օրէնքով արգիլուեցաւ եւ քրէականօրէն պատժելի հռչակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւն բառեզրին գործածութիւնն անգամ՝ հրապարակային ելոյթներու կամ մամլոյ արտայայտութեանց մէջ, մինչեւ իսկ Ազգային Մեծ Ժողովի ամպիոնէն կամ խորհրդարանական քննարկումներու ընթացքին։
Բայց որքան ալ հակասական հնչէ, երանի՜ այդ ժամանակներուն եւ թուրք պետական մտածողութեան ընտրած ՈՒՐԱՑՈՒՄԻ քաղաքականութեան։
Այսօր կը դիմագրաւենք ՈՒՐԱՑՈՒՄէն շատ աւելի վտանգաւորը։
Թուրք պետական մտածողութիւնը այլեւս… չ՛ուրանար, թէ հայեր զոհ գացին Առաջին Աշխարհամարտին ընթացքին։
Ընդհակառակն՝ ոչ միայն կ՛ընդունի հայերու կոտորածին ճշմարտութիւնը, այլեւ Ապրիլ 24ին ցաւակցական գրութիւն ալ կը ղրկէ Հայոց պատրիարքական փոխանորդին, որպէսզի Արամ Արք. Աթէշեան մեր եկեղեցիներուն մէջ կարդալ տայ Թուրքիոյ նախագահին նամակը՝ թրքական պետութեան վշտակցութիւնները փոխանցելու համար թրքահայ համայնքին…
Փաստօրէն Էրտողանի Թուրքիան շուքի մէջ ձգած է իր նախորդները՝ Հայկական Հարցը թաղելու իր ցեղասպանական «ճկուն» եւ «արդիական» վարքագիծով։
Ինչպէս Թուրքիոյ առնչուած բոլոր մարզերէն ներս, այնպէս ալ Հայկական Հարցի ու Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային եւս, Էրտողանի ղեկավարած թուրք պետական մտածողութիւնը կը փորձէ իր ուրոյն, իր շահերէն բխող «տրամաբանութիւն»ն ու ,ճշմարտութիւնեը պատշաճեցնել ձեւաւորման փուլի մէջ գտնուող… 21րդ դարու նոր աշխարհակարգին։
Էրտողան շատ լաւ կը գիտակցի, որ մեծապետական աշխարհը ինչպիսի՜ մեքենայութիւններով, բռնութիւններով եւ ի հարկին կոտորածներով ամրապնդած է իր բիրտ հակակշիռն ու տիրակալութիւնը մնացեալ ազգերուն եւ ժողովուրդներուն վրայ։
Առ այդ, իսլամական աշխարհի համեմատաբար ամէնէն ժողովրդավարական եւ արեւմտամէտ երկիրը նկատուելու իր ,վարկանիշեը առաւելագոյն չափով արդիւնաւորել փորձելով՝ Էրտողանի Թուրքիան Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ ու կայուն ուժի իր դիրքը կը շահագործէ, որպէսզի կարենայ քաւել Թուրքիոյ «անցեալի սեւ կէտը» հանդիսացող յանցագործութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զայն իբրեւ ,պատմական դժբախտ ողբերգութիւնե ընդունելի դարձնելով մեծապետական աշխարհի իր գործընկերներուն։
Էրտողանի հաշուարկով՝ կարեւոր չէ, թէ Թուրքիա պիտի կարենա՞յ յաջողիլ իր այս նոր խաղին մէջ։ Կարեւորը՝ Թուրքիոյ հաշւոյն մեծ գրաւն է, զոր Էրտողան դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը բանավէճի առանցք դարձնելու իր ռազմավարութեան վրայ։
Էրտողան նոյնպէս շատ լաւ կը գիտակցի, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կամակոր ՈՒՐԱՑՈՒՄը փոխարինելու կոչուած իր այս ,ողջմիտե ռազմավարութիւնը ի վերջոյ կը վայելէ Նոր Աշխարհակարգի գլխաւոր դրօշակիրին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեանց հետեւողական ,զօրակցութիւնեը, եթէ ոչ, հայաստանեան սիրուած եզրով, «համահեղինակ» ըլլալու դիրքէն բխող հաւանութիւնը։
Եթէ պատասխանատուութեան ոգիով հետեւինք Էրտողանի Թուրքիոյ հակահայկական վերջին գալարումներուն, յատկապէս Գերմանիոյ Պունտըսթակի որոշումին դէմ դրսեւորուած ջղագար հակադարձութեան, անկասկած պիտի անդրադառնանք, թէ ճիշդ ի՛նչ խաղ է պահանջատէր հայութեան գլխուն խաղցուածը…
Հայերս բաւարարուած ենք մեզի բաժին հանուած այն «յաղթանակով», որուն համաձայն՝ Թուրքիա չկրցաւ Գերմանիոյ կառավարութեան ստիպել, որ իր խորհրդարանականները ետ մղէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն։
Գերմանիա բաւարարուած է իր այն յաղթաթուղթով, որ նախ՝ սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու բարոյական նուաճումը ապահոված է, ապա՝ Թուրքիոյ նախագահին դրած է Ցիւրիխեան Արձանագրութիւնը խորհրդարանական վաւերացման ենթարկելու ճնշումին տակ, առանց որ տէր կանգնի Հայկական Հարցին քաղաքական լուծում մը գտնելու Եւրոխորհրդարանի 30ամեայ բանաձեւով ճշդուած ճամբու քարտէսին։
Իսկ Թուրքիա ի՞նչ կորսնցուց։
Կորսնցո՞ւց արդեօք։
Քաղաքական պարզագոյն հաշուարկով անգամ՝ Թուրքիա ոչինչ կորսնցուց։
Պարզապէս Գերմանիան ալ աւելցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած խորհրդարաններու ցանկին վրայ։
Փոխարէնը, սակայն, Թուրքիա ապահովեց ճանաչումին դիմաց հաշտութիւն ստանալու… հնարաւորութիւնը։
Ամէն պարագայի, Էրտողան իր խաղը լաւ կը խաղայ։
Եօթը տարի առաջ արար-աշխարհին կը յայտարարէր, թէ թուրք ժողովուրդին ազգային յիշողութիւնը չի կրնար ընդունիլ, որ ինք կրնայ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալ…
Էրտողանի տրամաբանութեամբ՝ չէ՞ որ իսլամական կրօնքը անքաւելի մեղք հռչակած է մարդ էակին սպանութիւնը։
Էրտողան կը կարծէ, որ աշխարհ չի տեսներ Սուրիոյ մէջ իր թափած անմեղներու արիւնը։
Աւելի՛ն. Էրտողան յառաջ կը մղէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդի աթոռին իր պարտադրած Արամ Աթէշեան Արքեպիսկոպոսը, որպէսզի անոր պաշտօնական նամակով աշխարհին ազդարարէ, թէ իբր մի՛ շահագործէք Մեծ Եղեռնի ողբերգութիւնը՝ մեծապետական ձեր հաշուեյարդարներուն համար…
Այո՛, «Խոճան գիտցածը կը կարդայ»։
Էրտողան՝ Թուրքեւհայ Հաշտութեան Յանձնաժողովի օրերէն իր գիտցածը կը կարդայ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ աշխարհի տարբեր ծագերէն թուրք ժողովուրդին ուղղուած հաշտութեան եւ խաղաղութեան կոչերուն բնագիրը։
Էրտողան տակաւին կ՛օգտուի այն իրողութենէն, որ Հայաստանն ու հայութիւնը դեռ չունին իրենց գիտցածը կարդալու ազգային ռազմավարութիւն…
Գիտե՞նք, թէ ի՛նչ պիտի ընենք, եթէ Թուրքիան ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը եւ հաշտութեան ձեռք երկարէ մեզի՝ առանց մեր հողերը վերադարձնելու։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles