
Աւստրիոյ Հայ դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ թէ, Վիեննայի մէջ ապրող բազմահարիւր հայորդիներ, ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին դիմաց, իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի զօրակցութեան նուիրուած հաւաքին, որ կազմակերպուեցաւ այն ժամերուն, երբ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդն ու Մինսքի խմբակը Արցախին նուիրուած յատուկ ժողով մը կը գումարէին: Ցուցարարները, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները բարձր պահած, դատապարտեցին վերջին օրերուն Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումներն ու գործուած ոճրագործութիւնները, զօրակցութիւն յայտնեցին Արցախին ու հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ իրենց ձայնը լսելի դարձուցին ԵԱՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հաւաքուած միջազգային դիւանագէտներուն:
Աւստրիոյ Հայ դատի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` յարգելու յիշատակը վերջին օրերուն Արցախի մէջ նահատակուած զինուորներուն ու զոհուած անմեղ քաղաքացիներուն: Բողոքի ցոյցը շարունակուեցաւ կոչերով, Ատրպէյճանը դատապարտող պաստառներ բարձրացնելով եւ հայրենասիրական երգերու կատարումով: Ցոյցին ընթացքին կարդացուեցաւ այս առիթով պատրաստուած ու Մինսքի խմբակին յանձնուելիք բողոքի նամակը` հայերէնով, անգլերէնով եւ գերմաներէնով: Նամակին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակէն յստակօրէն կը պահանջուէր Ազրպէյճանը միջազգային պատասխանատուութեան կանչել անոր կողմէ միջազգային օրէնքի ու միջազգային մարդասիրական օրէնքի բացայայտ խախտումներուն համար, վերջ տալ զինուորական գործողութիւններուն եւ բանակցութիւններու ճամբով արցախեան տագնապին արդար լուծումի հասնիլ: Ցոյցի աւարտին, Աւստրիոյ Հայ դատի գրասենեակէն անդամներ, Վիեննայի հոգեւոր հովիւին ընկերակցութեամբ, նշեալ նամակը փոխանցեցին Մինսքի խմբակի համանախագահ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ուորլիքին եւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը, որ Մինսքի խմբակը իր կարելին ընէ վերջին ժամերուն յայտարարուած զինադադարը պահպանելու եւ Ատրպէյճանը մղելու իր վարած յարձակողական քաղաքականութենէն հրաժարելու: Բողոքի ցոյցը վերջ գտաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով: