ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑ` ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԻՄԱՑ

0 0
Read Time:33 Second

greece1

Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ լիակատար զօրակցութիւն ցուցաբերելու եւ Արցախի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու նպատակով, Ապրիլ 3-ին, Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց համախմբուեցաւ Աթէնքի հայութիւնը:
Բազմամարդ ցոյցը կազմակերպուեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ:
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեան անդամները, իրենց պարզած պահանջատիրական պաստառներով եւ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեան դրօշներով` գլխաւորեցին խաղաղ, բայց եռանդուն ցոյցը:
Համախմբուած ժողովուրդը իր կարգախօսներով խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները:
Ցոյցէն կարճ ժամանակ ետք Ազրպէյճանի դեսպանատան մէկ պաշտօնատարը ստանձնեց Ատրպէյճանի պետութեան ուղղուած բողոքի յուշագիրը, մինչ դեսպանատան դիմաց գտնուող հայութիւնը բարձրաձայն կը կրկնէր. «Արցախը մերն է»:
Հայութեան կողքին գտնուեցաւ նաեւ Պոնտական միութեան երիտասարդական խումբը` իր զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախահայութեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles