
Ապրիլ 6-ին, Փարիզի մէջ բազմամարդ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ: Արդարեւ, Հ.Յ. Դաշնակցութեան «Նոր սերունդ» Երիտասարդական միութեան հարիւրաւոր անդամներ ուղղուեցան Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` բողոքելու Ալիեւի որդեգրած քաղաքականութիւնը:
Կազմակերպիչները, ցոյցի մասնակից երիտասարդներուն անունով, յայտարարեցին, որ Ֆրանսայի մէջ բնակող երիտասարդները պատրաստակամ են վերադառնալու հայրենիք եւ առաջին գիծին վրայ պաշտպանելու մեր պատմական հողերը:
«Սթոփ Ալիեւ» ընդհանուր կարգախօսին տակ` երիտասարդները Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշներով, Պաքուի քաղաքականութիւնը դատապարտող պաստառներով, վանկարկումներով, կոչ ուղղեցին համահայկական միասնութեան եւ Արցախին զօրակցելու մասին: