
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց). – Մարտ 31-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Պրն. Սերժ Սարգսեան եւ իր պատուիրակաթիւնը, այցելեցին Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարան։ Նախագահին ընկերակցող պաշտօնատարներն էին անձնակազմի Ղեկավար՝ Վիգէն Սարգիսեան, Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարար՝ Լեւոն Մկրտիչեան, Ա.Մ.Ն.-ի մօտ Դեսպան՝ Գրիգոր Յովհանէսեան, Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Դեսպան՝ Զոհրապ Մնացականեան, եւ Քալիֆորնիոյ Հիւպատոս Սերկէյ Սարգիսով։ Նախագահին կ՛ըկերացկէին նաեւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Կիլիկեան Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Օշական Չոլոյեան եւ Էջմիածնական թեմի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Խաժակ Պարսամեան։
Նախագահը եւ պատուիրակները ջերմ ընդունելութիւն ստացան դպրոցի տնօրէնութեան, խնամակալութեան եւ աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Հովիւին, Տէր Անդրանիկ Աւագ Քհնյ. Պալճեանին եւ խնամակալութեան կողմէ։ Հայկական տարազով երկու աշակերտներ Նախագահը դիմաւորեցին հացով եւ աղով։ Մնացեալ աշակերտները հայկական դրօշակը բռնած Հայկական քայլերգը երգեցին։
Տնօրէնուհի Տիկին Հուրի Պոյամեան իր Բարի Գալուստի խօսքին մէջ, դպրոցի մասին տեղեկութիւն տուաւ, յայտնելով որ դպրոցի աշակերտութիւնը կուգայ մօտակայ, ինչպէս նաեւ հեռակայ շրջաններէ։ Շատ մը ծնողներ երկար ժամեր կը քշեն, որ իրենց զաւակները հայեցի դաստիարակութիւն ստանան։ Տնօրէնուհին նաեւ յայտնեց, որ դպրոցը կ՛աշխատի իր ուսման մակարդակը միշտ բարձր պահել, մանաւանդ որ շրջապատուած է Ամերիկայի ամենալաւ պետական եւ սեփական վարժարաններու կողմէ։ Հայոց լեզու, Հայ Մշակոյթ եւ Հայոց Պատմութիւն փոխանցելէ զատ, դպրոցը մասնաւոր ջանք կը թափէ աշակերտներուն մէջ զարգացնել ազգային գիտակցութեան ոգի եւ Հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր։ Նոյն այս պատճառով է, որ ամէն տարի դպրոցը կը կազմակերպէ աւարտական դասարանի տարեկան Հայաստան այցելութիւնը։
Ապա, Նախագահը եւ իր պատուիրակութիւնը առիթը ունեցան ունկնդրել երկու երգեր հրամցուած Մանկամսուրի աշակերտներու կողմէ, յետոյ այցելեցին իւրաքանչիւր դասարան եւ խօսակցեցան աշակերտներուն հետ։
Մեկնելէ առաջ Պրն. Նախագահը դպրոցին նուիրեց գեղեցիկ Խաչքար մը, իսկ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան գիրքեր եւ դաստիարակչական աղբիւրներ՝ Սփիւռքի Նախարարութեան կողմէ։
Մարտ 31-ը յիշատակելի օր մըն էր աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին համար։ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը շատ գոհ մնաց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը ժամանակ տրամադրեց դպրոցին մօտէն ծանօթանալու եւ տեսնելու զօրաւոր համայնքը, որ ստեղծուած է այս շրջանին մէջ։