
Մարտ 20-ին, Ծաղկազարդը պատշաճօրէն նշուեցաւ Սուրիոյ զանազան գաղութներէն ներս:
Ծաղկազարդի Տօնին թելադրած աւանդութեանց համաձայն՝ եկեղեցիներու մուտքերը զարդարուած էին արմաւենիի ճիւղերով, իսկ հաւատացեալները իրենց ձեռքերուն ունէին ձիթենիի ճիւղեր ու մոմեր:
Հալէպի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագի մատուցմամբ, մանուկներու թափօրով եւ Դռնբացէքի արարողութեամբ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանը օրուան Խուրհուրդն ու պատգամը փոխանցեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Քարոզի ընթացքին խաղաղութեան մաղթանքներ խնդրուեցան սուրիական հայրենիքին, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին:
Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ։ Պատարագիչն էր Տ. Տրդատ Քհնյ. Քիրէճեանը։ Յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները աղօթքի, ըսելով.- «Քառասնօրեայ պահեցողութեան, խոկման եւ աղօթքի շրջանէն ետք, մենք եւս պատրաստուած եւ հոգեպէս ամրապնդուած միանանք Երուսաղէմի բնակիչներուն, որոնք ձիթենեաց ոստերով եւ արմաւենիներով ընդունեցին Քրիստոսի արքայավայել մուտքը Երուսաղէմ, մենք ալ աղօթքով գoտեպնդուինք եւ զարդարենք մեր սիրտերը առաքինութեամբ եւ ընդունինք երկնաւոր թագաւորը մեր սիրտերուն մէջ եւ ըսենք. օրհնեալ է ան, որ կու գայ Տիրոջ անունով, օրհնութիւն ի բարձունս…»։
Ծաղկազարդի օրը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ հռչակուած է որպէս մանուկներու օրհնութեան օր:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգը, որուն կը մասնակցէին բազմահոծ հաւատացեալներ։ Դամասկոսի Թեմի Առջանորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը ներկայ բազմաթիւ երեխաներուն ու մանուկներուն տուաւ իր օրհնութիւնը, մաղթելով բոլորին առողջ եւ յաջողութեամբ ու հաւատքով առլեցուն ապագայ։ Մանուկներու օրհնութիւնը ճոխացուց Դամասկոսի Հ. Մ. Մ.-ի փողերախումբը, որ կատարեց հայրենասիրական եւ ազգային երգեր։
Գամիշլիի մէջ, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ նշուեցաւ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։