ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿՈՂՄԷ

0 0
Read Time:3 Minute, 35 Second

garo h1

ՊԷՅՐՈՒԹ («Ազդակ»).- Մարտ 1-ին, Մեշի Տանն Կիլիկիոյ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, մեծարուեցաւ ազգային գործիչ, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեան: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ:
Բացման խօսքը արտասանեց Նորա Թաշճեան, ան կարեւոր նկատեց ընկերային կեանքի կազմաւորման ու զարգացման մէջ հաւաքականութեան առաջնորդներուն վարքն ու բարքը, ազգային տեսլականով տոգորուած ըլլալը եւ բարոյական արժէքներ կրելու հանգամանքը: Ապա ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան կարեւոր նկատած ու ստանձնած է դժուարագոյն ասպարէզներէն` կրթական մշակի ասպարէզը: Թաշճեան, ներկայացնելով Կարօ Յովհաննէսեանի կենսագրական տուեալները, հաստատեց, որ ան տակաւին կը շարունակէ սնուցանել նոր սերունդներու մտքերն ու հոգիները, զանոնք կը մղէ հմտանալու, փնտռելու ճշմարիտն ու ազնուագոյնը: Ան եզրափակեց խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեանի հաւասարակշռուած ու արդարադատ մարդկային եւ գերազանցապէս սկզբունքային նկարագիրը պիտի շարունակէ մնալ չափանիշ ու ներշնչարան:garo h3garo h2garo h5

Առաջին խօսք առնողն էր Քրիստափոր Միքայէլեան, որ` անդրադառնալով Կարօ Յովհաննէսեանի կենսագրական գիծերուն, ըսաւ, թէ ան 44-ամեայ ծառայութեան հոլովոյթով եղած է ու կը մնայ կենարար աղբիւր եւ կենսատու ջուր գիտութեան ու լուսաւորութեան անմահական ատրուշանի լուսապսակ պատուանդանին: Ապա ան ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեանը իբրեւ ուսուցիչ, դաստիարակ ու մանկավարժ: Ան նկատել տուաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեանը իր բովանդակ գիտութիւնը, անսպառ ծով փորձառութիւնը ի սպաս դրած է ու կը դնէ ուսանողութեան եւ կը մնայ ուսուցիչ` միաժամանակ խմբագիր, ուսումնասիրող ու գիտաշխատող: Միքայէլեան, խօսելով Կարօ Յովհաննէսեանի առանձնայատկութիւններուն մասին, յայտնեց, թէ ան պահապանն է արեւմտահայերէնին, որուն ծով շռայլութեան մէջ խորասուզուած, բծախնդրութեամբ կը վերաբերի անոր ճիշդ ու պատշաճ գործածութեան նկատմամբ: Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Նազարէթ Պէրպէրեան, որ իր սրտի խօսքն ու վկայութիւնը փոխանցեց ներկաներուն` կեդրոնանալով Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականին եւ խմբագիրին վաստակին եւ արժանաւորութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Կարօ Յովհաննէսեան մտաւորականի այն կերպարն է, որ ծառայութեան ամբողջ կեանք մը ու մտաւորական վաստակ մը կապած է իր անուան` համապատասխան յարգանք պարտադրելով հայ իրականութեան մէջ:

garo h6garo h4garo h7Պէրպէրեան յայտնեց ներկաներուն, թէ Յովհաննէսեան կը պատկանի լիբանանահայ եւ սփիւռքածին այն սերունդին, որ կազմաւորուած է ու ազգային նկարագիր եւ գաղափարական ինքնութիւն արմատաւորած Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին` պահանջատիրական զարթօնքի յաղթ ալիքին մակընթացութեան հետ: Ան ըսաւ, թէ մտաւորական-խմբագիրի եւ ազգային կուսակցական գործիչի իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին, Կ. Յովհաննէսեան առաջնորդուած է մէկ ու միակ դաւանանքով, որ կը բխի սեփական ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու կոչումէն: Ան իր ամբողջ էութեամբ ապրած է ժողովուրդին լայն խաւերուն ազգային թէ ընկերային առօրեան, հայ ընտանիք կազմելու եւ պահելու հայ մարդոց ազգապահպանման պայքարին տարողութիւնն ու ծանրութիւնը: Պէրպէրեան ըսաւ, թէ Կարօ Յովհաննէսեան յաջողած էր խօսակիցը ըլլալ երիտասարդներուն` իր գաղափարներն ու կեցուածքները հասցնելով անոնց, ապա նկատել տուաւ, թէ Կ. Յովհաննէսեանի մօտ տիրական եղած է ինքնազարգացման եւ վերանորոգման մղումը, ինչ որ ժամանակին հետ քայլ պահելու եւ լճացման չմատնուելու երաշխիք դարձաւ: Ն. Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով, թէ Կարօ Յովհաննէսեան արժանաւոր վկան է ո՛չ միայն աշխատանքի շնորհիւ ազնուացած մարդու հոգիին, այլեւ ազնուականի պատուանդանին յաղթահասակ կանգնած հայ մտաւորականին:garo h9garo h12garo h11
Այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ ըսաւ, թէ 40 տարի Կարօ Յովհաննէսեան Սփիւռքի հայութեան եւ յատկապէս լիբանանահայութեան կեանքին մէջ դարձաւ ու մնաց հաւատարմօրէն մնայուն ծառայական ներկայութիւն: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ 40 տարիներու վրայ տարածուած Կ. Յովհաննէսեանի կեանքի փորձառութեան ծառայութեան ընդմէջէն ճանչցած ըլլալով զայն կրնայ արդարօրէն վկայել, որ Կարօ Յովհաննէսեան արժանի է Լիբանանի, Սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան յարգանքին:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Քառասուն տարի շարունակ Կարօ Յովհաննէսեանի մատուցած ծառայութիւնը` մեր մշակոյթին, հայ դպրոցին ու Լիբանանի հայութեան մենք այսօր կը տեսնենք անոր անձին մէջէն»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ այն իրականութեան, թէ պատերազմի ամէնէն դաժան հանգրուաններուն Յովհաննէսեան լծուած էր Լիբանանի հայութեան վերականգնումի այնքան հրամայական առաքելութեան: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Յովհաննէսեան Մեսրոպ Մաշտոցի զէնքը ձեռին իրերայաջորդ սերունդներ դաստիարակած է, եւ մինչեւ այսօր իր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն են գրասեղանը, բեմը, գիրքը, մատիտը, հայ մշակոյթը եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի նուիրական օճախը` հայ դպրոցը: Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց, որ մեծարանքը խորքին մէջ ո՛չ թէ անձին, այլ անոր տարած նուիրական աշխատանքին կը վերաբերի, որովհետեւ աշխատանքն է, որ մարդը կ’արժեւորէ:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ուրախութեամբ ու բոլորին ներկայութեան Կարօ Յովհաննէսեանը պարգեւատրեց` անոր շնորհելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: Ապա ընթերցուեցաւ Հայրապետական կոնդակը, եւ Վեհափառ Հայրապետը «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով մեծարեց Կարօ Յովհաննէսեանը:garo h10
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Կարօ Յովհաննէսեան: Ան ըսաւ, թէ հպարտ կը զգայ արժանանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պարգեւատրումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ անոր մաղթեց արեւշատութիւն ու ներուժ` գլուխ հանելու Կաթողիկոսարանին ծրագիրները: Յովհաննէսեան, խօսելով նկարագիրի եւ համբաւի մասին, հաստատեց, որ համբաւը կրնայ սոսկ արձանագրուիլ գերեզմանի մը տապանաքարին, մինչ նկարագիրը կ’երթայ գերեզմանէն անդին, անժամանակ եւ մնայուն է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կաթողիկոսութեան, Դպրեվանքի Տեսչութեան, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք ելոյթ ունեցան եւ մասնակցութիւն բերին գեղարուեստական յայտագիրին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles