
Read Time:20 Second

ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ, 2010
թեթեւ եմ
բառերը բերնէս
ծորակներէն հոսող
սահուն ջուրերու նման
հեզասահ կը հոսին
այս իրիկուն
մտածելէ աւելի պէտք է որ զգանք
զգանք ամէն ինչ
կերակուրի համը տեսքը
գինիի բուրմունքը զգլխանքը
նոր լուացուած հագուստներու
փափկութիւնն ու մաքրութիւնը
նորոգուած սաւաններն ու
անկողինը
անկողինը որ աւելի տաք
աւելի հարազատ
եւ աւելի երազային պիտի ըլլայ
այս գիշեր
որովհետեւ
վաղը առտու Կիրակի է