
Ն. Պէրպէրեան
Դեկտեմբեր 28ի այս օրը կ՚ոգեկոչենք մահուան առաջին տարելիցը մեր ժողովուրդի ճառագայթող դէմքերէն Վահան Յովհաննիսեանի, որ Հայաստանի ազատագրութեան դատն ու հայ ժողովուրդի մարտունակութեան վերականգնումը պաշտամունքի կիզակէտ ունեցող իր կեանքով, գործով ու գաղափարական աշ խարհով՝ նորօրեայ շունչ եւ թռիչք տուաւ ՎԱՀԱԳՆԱՏԻՊ Մարտունակ Հայու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ տեսակին հայրենական վերընձիւղման։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ Վահագնի առասպելական մարտունակութեան եւ Դաշնակցականի անվեհեր յանդգնութեան նորօրեայ մարմնաւորումի անմահացաւ Վահան Յովհաննիսեան մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Նոր Ժամանակներու համատարած արժեզրկման պայմաններուն մէջ մաշած յանկերգի ճակատագրին դատապարտուած բառերուն, իմաստներուն, աւանդներուն, հաւատարմութիւններուն, զոհաբերութեան եւ արութեան աւանդներուն նորարա՜ր կենդանութիւն եւ իրաւութիւն, այլեւ վարակիչ ու առաջնորդող օրինակ հաղորդեց Վահան Յովհաննիսեան՝ պայծառամիտ, յայտնագործող, խոհապաշտ եւ պայքարունակ այս պատմաբանն ու հնագէտը, որ Արցախի ազատագրութեան եւ վերանկախացեալ Հայաստանի քաղաքական ու պետական վերականգնման երթին յառաջապահ դրօշակիրներէն դարձաւ ե՛ւ բանիւ, ե՛ւ գործով։
Տակաւին կու գայ ժամանակը, երբ մեր դարաշրջանի հայոց պատմութիւնը վերծանող ու արժեւորող գիտական միտքը արժանին կը մատուցանէ այն ներդրումին ու աւանդին, որոնք Վահան Յովհաննիսեան անունով դրոշմեցին վերջին քառորդ դարու հայ ժողովուրդի քաղաքական-պետական ինքնահաստատման դժուարին երթին որոշակի պահերը, ձեռքբերումները։
Հռետոր չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց շնորհքն ունէր ինչպէս բազմահազարանոց զանգուածային հաւաքներու բեմահարթակէն, այնպէս եւ միջազգային ատեաններուն մէջ կամ դաշնակցական բազմամարդ ժողովներու կամ հանդիպումներու ընթացքին միտք եւ ուղղութիւն հունաւորելու, բուռն տարակարծութիւններ ու կրքոտ հակադրութիւններ հաշտեցնելու, այլեւ ու մանաւանդ՝ ոսկեայ միջիններու ուղղութեամբ տեղաշարժ առաջացնելու։
Գաղափարախօս չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց անպայման եւ շեշտակի չափով ունէր աշխարհին ու դարաշրջանին բացուած խուզարկու, ընկալունակ միտք եւ տեսակէտ հունաւորելու բացառիկ ընդունակութիւն։
Ռազմագէտ չէր Վահան Յովհաննիսեան, բայց Արցախեան Ազատամարտը եւ դաշնակցականի յանդգնութիւնը անոր մէջ թրծեցին ու թեւաւորեցին այն Ռազմավարը, որ գիտցաւ Հայաստանի ու հայութեան համաշխարհային նաւը փոթորկոտ ծովու մէջ յառաջ մղել դէպի ինչպէս ռազմական յաղթանակներ, նոյնպէս եւ ապահով քարափ։
Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած էր 16 Օգոստոս 1956ին, Երեւան։
1973ին, Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով Բրիւսովի Ինստիտուտի մէջ իր ուսումը՝ ան մեկնած է Մոսկուա մասնագիտացման համար։ 1978ին աւարտած է Մոսկուայի Մանկավարժական Համալսարանը՝ գիտական կոչումներով պատմութեան եւ հնագիտութեան մէջ։ Աւարտելէ յետոյ նշանակուած է աշխատանքի, Հարաւային Սիբիրի մէջ: 1978էն 1980 ան ծառայած է խորհրդային բանակին։
Բանակային ծառայութեան աւարտէն ետք, Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք։ Աշխատանքի կոչուեցաւ «Էրեբունի» թանգարանին մէջ, սկիզբը՝ որպէս գիտաշխատող, հետագային՝ իբրեւ գիտահետազօտական բաժնի վարիչ։ Իսկ 1989 թուականէն ետք ան աշխատանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան Ինստիտուտի մէջ:
Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմին մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է ամբողջ Հայաստանի տարածքին. այդ պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած են Բրոնզի եւ Վաղ Երկաթի Դարերու շատ արժէքաւոր հնութիւններ: Հետագային ալ, մինչեւ իր ապաժամ մահը՝ քաղցկեղով, քաղաքական, պետական թէ կուսակցական առաքելութեամբ իր ճանապարհորդութեանց ընթացքին, ան միշտ ժամանակը ստեղծած է հնագիտական իր մասնագիտութեան յագուրդ տուող տեղեկահաւաքման եւ փնտռտուքներու համար՝ յաճախ իր իմացութեամբ զարմացնելով եւ տպաւորելով արտասահմանեան իր խօսակից-պաշտօնակիցները։
Արցախեան Շարժման պոռթկումի առաջին իսկ պահերէն, Վահան Յովհաննիսեան նետուեցաւ պայքարի ասպարէզ։ 1989ին անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Իբրեւ նորագիր դաշնակցականի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Պատասխանատու Մարմնի անդամի, 1990էն սկսեալ ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Արցախի ազատագրական պայքարի դաշնակցական կազմակերպման, ծաւալումին եւ ղեկավարումին։ Իսկ երբ Օգոստոս 1990ին Հ.Յ.Դ. պաշտօնապէս բացայայտեց կազմակերպական իր ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ եւ Նոյեմբեր 1990ին գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի կազմակերպութեան անդրանիկ Շրջանային Ժողովը, ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ Կեդրոնական Կոմիտէին։
1991ին Հոկտեմբերին, Հայաստանի անդրանիկ նախագահական ընտրութեանց շրջանին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Վահան Յովհաննիսեանին թեկնածու առաջադրեց փոխ-նախագահի պաշտօնին՝ նախագահական թեկնածու Սօս Սարգսեանի կողքին։ Թէեւ Դաշնակցութեան թեկնածուները քուէներու միայն չորս տոկոսը ստացան, այդուհանդերձ՝ ան արժանացաւ հանրային կարծիքի ընդգծուած համակրանքին եւ ունեցաւ փայլուն մուտք՝ հայրենի քաղաքական բեմահարթակ։ Վահան Յովհաննիսեան նոյնպէս արժանացաւ Դաշնակցութեան արտերկրի կազմակերպական շրջաններու ջերմ ընդունելութեան, երբ Հ.Հ. նախագահական անդրանիկ ընտրութեանց աւարտէն ետք գործուղուեցաւ Սփիւռք՝ Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ համակիր բազմութեանց զեկուցելու համար հայրենիքի մէջ ընթացող քաղաքական բախտորոշ խմորումներուն մասին։
1992ի Հոկտեմբերին, երբ Հ.Յ.Դ. 25րդ Ընդհանուր Ժողովին Երեւանի մէջ գումարումը Յունիսին խափանուեցաւ Հ.Հ. անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ, նոյն Ընդհանուր Ժողովը իր աշխատանքը շարունակեց Փարիզի մէջ, ուր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նորընտիր կազմին անդամ ընտրուելով՝ Վահան Յովհաննիսեան ստանձնեց Հ.Յ.Դ. մարտական-ապահովական գործին պատասխանատուութիւնը։ Իսկ 1994ի Յուլիսին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի օրուան ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի ուղեղի կաթուածով անշարժացումէն ետք, Վահան Յովհաննիսեանի ուսերուն դրուեցաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. հայրենական կազմակերպութեան մօտ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը։
1995ի Յուլիսին, Վահան Յովհաննիսեան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Հ.Հ. իշխանութեանց կողմէ՝ հակապետական յեղաշրջման փորձ կատարած ըլլալու քաղաքական ամբաստանութեամբ, որ սակայն բնաւ չհաստատուած մեղադրանք մնաց մինչեւ վերջ։ Ան կալանքի տակ պահուեցաւ մինչեւ Յունուար 1998ի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարեցումը նախագահական պաշտօնէն։ Իր բանտարկութեան շուրջ երեք տարիներու շրջանին, կալանքի տակ գտնուելով հանդերձ՝ ան 1997ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ: Նոյնպէս, իր բանտարկութեան եւ դատավարութեան ամբողջ տեւողութեան, ան շարունակեց քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Դատարանէն ներս անոր ունեցած ելոյթները եւ մամուլով հրապարակումները քաղաքական կարեւոր դեր ունեցան, այդ օրերուն, հայրենիքի մէջ տիրող ներ-քաղաքական ծանր տագնապը յաղթահարելու առումով:
Հ.Հ. իշխանափոխութեան հետեւող քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ, իր ազատութիւնը վերագտած Վահան Յովհաննիսեան գլխաւորեց 1999ի Հ.Հ. Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւորական թեկնածուներու համամասնական ցուցակը, թէեւ միաժամանակ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 17րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն, ուրկէ եւ ընտրական յաղթանակ արձանագրեց։ Նորակազմ Ազգային Ժողովին մէջ ան ստանձնեց Պաշտպանութեան, Ազգային Անվտանգութեան եւ Ներքին Գործերի մշտական յանձնաժողովի նախագահութիւնը: Նոյն շրջանին ան ղեկավարեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի առաջին պատուիրակութիւնը ՆԱՏՕի խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ:
2003ին եւ 2007ին Վահան Յովհաննիսեան դարձեալ ընտրուեցաւ Հ.Հ. խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամուն ալ ստանձնեց Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահի պատասխանատուութիւնը: Այդ պաշտօնը վարեց մինչեւ 2008 թուականը: Այդ ժամանակահատուածին, ան ղեկավարեց Հայաստանի Ա.ժ. պատուիրակութիւնը Ե.Ա.Հ.Կ. խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ, նոյնպէս ընտրուեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան եւ Հայաստան-Բելառուս միջ-խորհրդարանական յանձնաժողովների համանախագահ:
2008ին Վահան Յովհաննիսեան մասնակցեցաւ Հ.Հ. նախագահական ընտրութիւններուն՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. նախագահական թեկնածու: 2012ի Մայիս 6ին դարձեալ Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուեցաւ համամասնական ընտրակարգով՝ Հ.Յ.Դ. համամասնական ցուցակով: Ղեկավարեց Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովին՝ հանդիսանալով Եւրանեսթի Բիւրոյի անդամ:
2013ի Դեկտեմբեր 28ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով՝ Վահան Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութեան մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Վահան Յովհաննիսեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ վերընտրուեցաւ 2000 թուականի Յունուարին եւ մինչեւ իր Հ.Հ. դեսպան նշանակումը, 2013ի Դեկտեմբերին, շարունակեց գործել իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ վերընտրուելով 2004ի, 2008ի եւ 2011ի Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներուն կողմէ:
Վահան Յովհաննիսեանի առողջական վիճակը արագ անկումի մատնուեցաւ վերջին տարիներուն՝ շագանակագեղձի քաղցկեղի բարդութեանց հետեւանքով։ Ան վախճանեցաւ Պերլին՝ 2014 թուականի Դեկտեմբերի 28ին։
Իր մահէն տարի մը առաջ, Վահան Յովհաննիսեան զարմացուց եւ հմայեց հանրային կարծիքը նաեւ իր գրական տաղանդով, երբ 2013ին ռուսերէնով լոյս ընծայեց «Մանդիլիոն» վէպը, որ շուտով արժանացաւ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց եւ հրատարակութեան։
Հայ ժողովուրդի ճառագայթող դէմքերէն է Վահան Յովհաննիսեան, որուն մահուան տարելիցին յարգանքի եւ մեծարանքի խունկ մատուցանելու թող ծառայէ անոր մտքերէն հետագայ քաղուածքը, որ առնուած է «Մետիա-Մաքս»ի կողմէ Մարտ 2012ին Վահան Յովհաննիսեանի հետ կատարուած հարցազրոյցէն.
– Եթէ չլինէր Ղարաբաղեան Շարժումը, ես չէի պատրաստւում խառնուել քաղաքականութեանը եւ կուսակցական կեանքին: Իմ գործը գիտութիւնն էր: Սակայն, 1988 թ. հայ ժողովուրդը որոշեց, որ բարձր ատեաններ դիմելու միջոցով կարող է հասնել պատմական արդարութեան: Ես հասկանում էի, որ դա հարցի լուծում չէ, եւ սկսեցի միջոցներ փնտռել անխուսափելին՝այսինքն պատերազմը, դիմաւորելու համար: Այդ որոնումների մէջ հանդիպեցի մի կուսակցութեան, որը կազմակերպչական առումով աւելի լաւ էր պատրաստ այն իրողութիւններին, որոնք սպասում էին մեզ, եւ ինչն այն ժամանակ շատերի կողմից չէր գիտակցւում: Իսկ ցեղական գաղափարական ժառանգութիւնը պարզապէս օգնեց գտնելու Հայրենիքին ծառայելու ճշգրիտ ճանապարհը՝ Հ.Յ.Դ. միջոցով:
– Ես երբեք չեմ երազել լինել ինչ-որ կուսակցութեան անդամ, բայց եթէ լինել՝ ապա միայն Հ.Յ.Դ.ի անդամ:
– [Ի՞նչ պէտք է հասկանալ «դաշնակցական» ասելով՝ կուսակցութի՞ւն, պատմութի՞ւն, գուցէ՞ արժեհամակարգ]։ Այն հիմնականում մարդկային տեսակ է: Սա չի նշանակում, որ մարդկանց այդ տեսակը կենտրոնացուած է միայն Դաշնակցութիւնում, կամ՝ բոլոր այն մարդիկ, ովքեր մեր կուսակցութեան մէջ են, պատկանում են այդ տեսակին: Բայց մեր կուսակցութիւնը չի ձեւաւորուել կամ համախմբուել առաջնորդների կամ փողի շուրջ, դա բացառւում է, ոչ էլ միմիայն ծրագրերի շուրջ, այլ նաեւ՝ օրինակելի քաղաքացու մասին մեր պատկերացումների շուրջ:
– Բանտից յետոյ դարձայ շատ աւելի հանդուրժող մարդկանց թուլութիւնների նկատմամբ։ Դա ինձ իմաստութիւն տուեց: Եւ փոքր մանրուքներ, օրինակ՝ թողեցի ծխելը, սովորեցի անգլերէն: Բայց, իհարկէ, վնասն աւելի մեծ էր: Կար մի նպատակ՝ միասնական, անկախ եւ ազատ Հայաստան տեսնել, եւ այդ պատճառով մեզ համար չկային յստակ սահմաններ Ղարաբաղեան պայքարի եւ բանտում պայքարելու միջեւ: Մէկը կարելի է համարել միւսի շարունակութիւնը: Իհարկէ, շատ աւելի լաւ կը լինէր, եթէ երկրորդը տեղի չունենար, եւ կարող էր տեղի չունենալ, բայց, հոգ չէ, ամէն ինչ էլ պատահում է: Դրանից ողբերգութիւն չեմ սարքում:
– Բոլոր այն տեսութիւնները, որոնց համաձայն մարդկութիւնը կը միաւորուի մեկ ընդհանուր ընտանիքում՝ բաց շագանակագոյն մաշկով, գանգուր մազերով, թեթեւակի շեղ աչքերով եւ անգլիալեզու, յիմարութիւն են եւ ամբողջութեամբ անիրատեսական: Մարդկութիւնը, եւ ոչ միայն մարդկութիւնը, այլ ցանկացած օրգանիզմ գոյատեւում եւ զարգանում է հիմնուելով ներքին հակասութիւնների վրայ (այս մասին Հեգելն է ասել, ոչ թէ ես): Մարդկութիւնն էլ կարող է գոյատեւել եւ զարգանալ, միայն երբ ունի ներքին հակասութիւն, այդ հակասութիւնը ազգերի միջեւ ընթացող մրցակցութիւնն է: Ֆրանսիացի փիլիսոփաների խօսքերով՝ ազգերը Աստծոյ մտքերն են: Մարդկութիւնը ազգերից դուրս, ուղղակի որպէս մարդկանց համախմբութիւն, չի կարող գոյութիւն ունենալ: Ազգերը միշտ են լինելու: Որոշ ազգեր այլեւս գոյութիւն չունեն, ինչը ազգերի միջեւ ընթացող շարունակական պայքարի եւ մրցակցութեան հետեւանքն է: Ես ցանկանում եմ, որ իմ ազգը այս մրցակցութեան մէջ յաղթող դուրս գայ եւ շարունակի զարգանալ, եւ միշտ կազմի մարդկութեան մի մասը: Այդ նպատակի համար ոչինչ ափսոսալ պէտք չէ:
– [Մենք ունենք գաղափարների եւ գաղափարախօսութիւնների բաւականին լուրջ ճգնաժամ]: Ներկայ պահին այն կարելի է լրացնել միայն արդարութեամբ: Գաղափարների պակաս իսկապէս կայ: Հայկական միտքը փիլիսոփայական թռիչքներ չի ապահովում, մնում է բացը լրացնել պարզ եւ տարրական ձեւով՝` արդարութիւն հաստատելով:
– Մեզ մօտ չկայ հասարակական վերահսկողութիւն գործադիր իշխանութեան նկատմամբ: Մեզ մօտ ոչ թէ խորհրդարանն է նշանակում գործադիր իշխանութիւններին, այլ հակառակը` գործադիրն է որոշում, թէ ո՞վ պիտի ներկայացնի ժողովրդին խորհրդարանում: Այդ իսկ պատճառով, իմ վերաբերմունքը իշխանութեանը՝ սկեպտիկ է: Բայց ես ընդհանրապէս չեմ հաւատում, որ իշխանութիւնը կարող է լաւը լինել: Նա կարող է լինել տանելի, հանդուրժելի, բայց դժուար թէ լաւ: